«Մարդս ինչ որ սերմանէ՝ նոյնն ալ կը հնձէ»
(Գաղատացիս, 6:7)
Նոր տարին նոր յոյսերով կը լեցնէ մեր սրտերը: Բարի օրերու եւ յաջողութեան երազանքը կը տիրէ ամենուրէք:
Նոր տարին դիմաւորելը պճնազարդ կաղանդի ծառերով, խրախճանքի սեղաններով եւ լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով, զմայլելի արարողութիւններով ու գոյնզգոյն նուէրներով արտայայտութիւնն է այս լաւատես ակնկալութեանց: Մենք կը փափաքինք մեր կեանքը աւելի երազային ու հէքեաթային որակ մը ունենայ: Բախտը մեր նկատմամբ աւելի առատաձեռն վարուի, հանգստաւէտ պայմաններ շնորհէ մեզի ե՛ւ անստուեր օրեր՝ ընդմիշտ կատարեալ առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ խաղաղութեամբ. Փափաքնե՜ր որոնք ամփոփումը կը կազմեն ամանորի մեր բոլոր բարեմաղթանքներուն իրարու ուղղեալ: Բայց ինչպէս պիտի իրականանան այս բոլորը: Պէտք չէ միամտաբար կարծենք որ մոգական ձեռք մը պիտի շնորհէ բաներ, զորս չենք ցանած եւ անցեալ տարիներուն անհրաժեշտ աշխատանքը չենք տարած: Կաղանդին միայն մանուկներն են որ կը գտնեն իրենց փափաքը իրենց գիրկին մէջ կաղանդի առաւօտ քունէ արթննալէ վերջ դրուած կաղանդի ծառին տակը որպէս նուէր Կաղանդ Հայրիկէն:
«Մարդս ինչ որ կը ցանէ՝ ա՛յդ կը հնձէ» ժողովրդային առածը նաեւ Աստուածադիր տիեզերական օրէնք մըն է որ Աւետարանին մէջ եւս կ'արձագանգէ: Սիրելիներ, եկէք նոր բաներ ուզելէ առաջ մենք մեզի հարց տանք թէ որքան օգտագործած ենք մինչեւ այժմ մեզի տրուած պարգեւները: Ցանելու եւ հնձելու օրէնքը թէեւ ցուրտ իրապաշտութիւն մը կը թուի՝ ունի սակայն իր օրհնաբեր լաւատեսութիւնը: Ապագայի նկատմամբ մեր յոյսի հաստատագոյն խարիսխն է ան, ամէն ինչ փոխելու, նոր սկիզբ դնելու, նորոգելու եւ նորոգուելու, սխալներ սրբագրելու: Մեր ազատութեան անկիւնաքարն է այս օրէնքը անցեալի շղթաներէն փրկուելու եւ թարմ սկիզբներ ունենալու համար:
Մեր կեանքի հպարտանալիք ամէն երեւոյթ հունձքն է անցեալ տարիներուն ցանուած եւ մշակուած բարի սերմերուն: Որովհետեւ ընտրած ենք կատարել ոչ թէ դիւրինը, այլ օգտակարը նոյնիսկ ան ըլլար դժուար ու ոչ հաճելի: Քրտնիլը ընտրած ենք քան տաքուկ անկողնի հանգիստը: Բարեկամներ շատցուցած ենք նոյնիսկ տուժելով շատ յաճախ բայց համբերելով: Հաւաքեր ենք երբ կրնայինք մսխել: Հաւատալը ընտրած ենք եւ սորվիլ եկեղեցւոյ ճամբան հակառակ խստաշունչ փոթորիկներու՝ անհաւատութեան ու անտարբերութեան: Հունձքի ամէն երեւոյթ ուրախութիւն կը պատճառէ, քանի որ արդար հետեւանքն է անհուն անհամար զոհողութիւններու, նուիրումի ու աշխատանքի: Այսօրուան մեր բոլոր որոշումներու եւ կիրարկումներու անխուսափելի արդիւնքը ուրիշ օր մը պիտի գտնենք մեր առջեւ, այս աշխարհի վրայ կամ հանդերձեալին: Մե՛ծ, շատ մե՜ծ մխիթարութիւն մը:
«Անոնք որոնք արցունքով կը ցանեն՝ ցնծութիւնով պիտի հնձեն: Ան որ լալով կ'երթայ, ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, իր ցորենի խուրձերը բերելով:» (Սաղմոսք, 126:5-6)
Նոր Տարին, 2025ը առիթ մըն է փորձելու, քննելու եւ հաշուեյարդարի ենթարկելու մեր անցեալը՝ ներկային համար, ե՛ւ բաղձալի ապագային: Ժամանակն է ցուցադրելու այն բոլորը, որոնք նախորդ տարիներուն մենք չենք կրցած կատարել: Վերամշակել պէտք է անխնամ թողուած մեր երազները, ջրել ու յօտել մեր ազգային եկեղեցական դաշտերն ու իտէալները անխոնջ ջանադրութեամբ կրկին ու կրկին:
Միայն չարիք չգործել չի բաւեր այս կեանքին մէջ. Պէտք է նաեւ աւելցնենք մեր շնորհքները յարմար առիթներով բարիք գործելով, բարին մշակելով եւ բարին ամբարելով մեր անձերուն եւ ուրիշներուն համար: Մեր նախնիները յաջողած են կատարել այս Աստուածահաճոյ սկզբունքը եւ ժառանգներ թողած են իրենց ետին: Ժամանակն է շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ եւ մարդոց, որոնք մեր հոգիին ու սրտին մէջ իրենց մաքուր ձեռքերով սերմեր ցանեցին եւ հարստացուցին մեր կեանքը:
Սակայն սերմանելու այս իրականութիւնը պէտք չէ որ խաբանէ այլ ճշմարտութիւնները: Օրինակ՝ մեր կեանքի բոլոր օրերը Աստուծոյ նուէրն է մեզի եւ առանց իրազեկ դառնալու այս ճշմարտութեան եւ շնորհակալ ըլլալու շատ բան կը կորսնցնենք: Պէտք է անդրադառնանք որ մեր սերմանելու կողքին Աստուածն ալ իր օրհնութեան անձրեւները ուղարկած է, իր արեւը շնորհած եւ մեզի անծանօթ ճամբաներով մեր ջանքերուն յաջողութիւնը պարգեւած:
«Զհաց մեր հանապազորդ տու՛ր մեզ այսօր»:
Աստուած եւ հաւատք ունենանք սերմանելու եւ հնձելու ժամանակ: Սիրելի հաւատացեալներ, չըլլանք անոնցմէ որոնք իրենց ամբողջ ունեցածը կը ցանեն մարմնին եւ հաճոյքներու դաշտին մէջ: Գերեզմանը պէտք չէ ըլլայ մեր բոլոր աշխատանքներուն ու ներդրումներուն վերջնական հասցէն: Մեր օրերու եւ տարիներու աւարտին յաւերժական հունձք վերցնենք նաեւ:
Այս նոր Տարին նաեւ պիտի ջանանք իրագործել մեր մարդկութիւնը իր բոլոր երեսակներով: Յոյս ունինք եւ յոյսը չամչցներ երբեք: Արդէն մեր լաւատես հայեացքով 2025-ի հորիզոնը շատոնց ներկեցինք վարդագոյն տեսիլքներով եւ երկնքի օրհնաբեր կապոյտով:
Տէրը հեռու թո՛ղ պահէ մեզ ամէն տեսակ վտանգէ եւ աղէտէ. յատկապէս երկրաշարժի եւ պատերազմի փորձանքներէն անվնաս պահպանուին մեր երկիրը եւ քաղաքները:
Ուստի մենք Քրիստոնեաներս կ'ողջունենք տարեմուտը նախ եւ առաջ Աստուծոյ փառք տալով անցեալ տարիին համար եւ կը խնդրենք իրմէ որպէսզի նոր տարուայ 365 օրերը վայելելու արժանի դարձնէ մեզ առողջութեան, յաջողութեան, երջանկութեան եւ արեւշատութեան վերաբերեալ մեր փափաքները շնորհելով:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Ձեր բոլորին երջանկութիւն եւ առողջութիւն երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ:
Աղօթարար
ՍԱՀԱԿ Բ.ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
30 Դեկտեմբեր 2024