ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կրթական՝ թէ՞ բարոյական տագնապ

«Ակօս»ի նախ­կին տա­րինե­րու Սեպ­տեմբեր ամիս­նե­րուն «Մենք ու մե­րոնք» սիւ­նա­կի մէջ յա­ճախ խորհրդակ­ցած ենք մեր դպրոց­նե­րու հո­գերուն շուրջ։

Դպրո­ցը կամ աւե­լի ըն­դարձակ իմաս­տով ուսման հա­մակար­գը մեզ՝ հա­յերուս հա­մար միշտ եղած է հա­մազ­գա­յին խնդիր։ Մին­չեւ 1915 թուական, ազ­գի վե­րել­քը, նոյ­նիսկ կազ­մութիւ­նը կա­պուած էր ժո­ղովուրդի ուսման մա­կար­դա­կի բարձրաց­ման։ Հո­գեւոր, քա­ղաքա­կան ու մտա­ւորա­կան խա­ւի այս նա­խասի­րու­թիւնը իր ար­ժա­նի անդրա­դար­ձը գտաւ նաեւ հայ շի­նակա­նի մօտ։ Գա­ւառի հայ գեղ­ջուկը ամէն զո­հողու­թիւն յանձն արաւ իր որդւոյն ու­սումը ապա­հովե­լու հա­մար։ Երբ երկրի մահ­մե­տական հա­սարա­կու­թիւնը որոշ ու հասկնա­լի վե­րապա­հու­թեանբ հե­ռու կը մնար, հա­յեր լա­ւագոյնս կ՚օգ­տուէին օտար եր­կիրնե­րէ եկած մի­սիոնար­նե­րու հիմ­նած դպրոց­նե­րէն։ Մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ ԺԷ դա­րուն սկսած եկե­ղեցա­շինու­թեան ար­շա­ւը ԺԹ դա­րուն երկրորդ կէ­սէն վերջ վե­րածուեցաւ դպրո­ցաշի­նու­թեան։ Այս մա­սին իբ­րեւ վառ օրի­նակ կ՚ար­ժէ յի­շել Պո­լիս պանդխտու­թեան եկած սե­բաս­տա­ցի բեռ­նա­կիր­նե­րու «Սե­նեքե­րիմ» ըն­կե­րու­թիւնը։ Ան ձեռ­նարկած ու ապա յա­ջողած էր բեռ­նա­կիր­նե­րու լու­մա­ներով Սե­բաս­տիոյ մէջ դպրոց կա­ռու­ցել։

Դպրո­ցաշի­նու­թիւնը եւ հա­յեցի դաս­տիարա­կու­թիւնը յետ եղեռ­նեան տա­րինե­րուն ալ աշ­խարհի երե­սին ցրուած հա­յու­թեան նա­խապա­տուու­թիւնը ըլ­լալ շա­րու­նա­կեց։ Գա­ղութնե­րու մէջ եկե­ղեց­ւոյ կող­քին, նոյ­նիսկ եր­բեմն եկե­ղեցիէն ալ առաջ, իբ­րեւ հա­յապահ­պանման հզօր ամ­րոց՝ դպրոց կա­ռու­ցուեցաւ։

Ինչպէս վե­րեւ նշած ենք այս բո­լորը կա­տարուեցան ուսման կա­րեւո­րու­թեան մեծ ար­ժէք վե­րագ­րող մտքի մը գոր­ծադրու­թիւնով։ Սա­կայն այս նոյն միտ­քը հաս­նե­լով մեր օրե­րուն բա­ւական սնան­կա­ցած կ՚երե­ւի։ Այդ սնան­կացման հե­տեւանքն է, որ կա­մայա­կան որո­շու­մով մը փա­կուե­ցաւ մեր դպրո­ցական աւան­դութիւննե­րէն կա­րեւոր օրի­նակ մը՝ Կիպ­րո­սի Մել­քո­նեան Վար­ժա­րանը։ Նոյն ծի­րէն ներս պէտք է դի­տել գո­յացած ամէն տնտե­սական ճգնա­ժամի դի­մաց, իբ­րեւ առա­ջին մի­ջոց դպրոց փա­կելը առա­ջար­կող մտայ­նութիւ­նը։ Այստեղ խնդի­րը ո՛չ թէ նիւ­թա­կան պայ­մաննե­րու բա­ցակա­յումն է, այլ շատ աւե­լի մտա­հոգիչ կեր­պով ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան բա­ցակա­յու­մը։ Վեր­ջա­պէս այս կամ այն դպրո­ցին գո­յու­թեան վերջ տա­լը ինքնին շատ ծանր պա­տաս­խա­նատուու­թիւն մը կը պա­հէ իր մէջ, որուն գի­տակ­ցե­լու հա­մար են­թա­կան պար­տի աւե­լի քաջ իմա­նալ այդ դպրո­ցին ներ­կա­յացու­ցած նշա­նակու­թիւնը։ Այն ատեն պի­տի տես­նենք որ դպրոց ըսուածը որե­ւէ շէն­քի մը մա­տակա­րարու­մէն շատ աւե­լի բարձր նշա­նակու­թիւն ու­նի, եւ այժմու վա­րիչ­նե­րը այդ պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը գոր­ծադրե­լու հա­մար է որ պաշ­տօ­նի կո­չուած են, այլ ո՛չ թէ յայտնուած առա­ջին խո­չըն­դո­տին դի­մաց դպրոց փա­կելու հե­ռան­կա­րով։

Եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր հայ դպրո­ցին դէմ դիրք բռնող­նե­րը, հայ դպրո­ցը իրենց զա­ւակ­նե­րուն ար­ժա­նի չտես­նողնե­րը, երբ ստանձնեն հայ դպրո­ցը խնա­մելու պար­տա­կանու­թիւնը ան­շուշտ որ բնա­կան հե­տեւանքն ալ այսպէս պի­տի ներ­կա­յանայ։ Տե­ղի ան­տե­ղի օրա­կար­գի եկած «դպրոց­նե­րը միաց­նենք եւ ծախ­սե­րը կրճա­տենք» առա­ջար­կի ետին դժբախ­տա­բար հայ դպրո­ցին հետ խնդիր ու­նե­ցող­ներ կան։ Գո­նէ մէ­կը գտնուէր այս հա­սարա­կու­թեան մէջ, որ քա­ջու­թիւնը ու­նե­նար ազ­գին հարստու­թե­նէն ազ­գո­վին օգ­տուելէ զրկուելու առ­ջեւ ծա­ռացած խնդի­րը օրակարգի բերելու։ Կար­ծես իրո­ղու­թիւն մը ըլ­լա­լու է այս թե­րու­թիւնը, որուն հա­մար ոմանք պար­տին խոս­տո­վանիլ իրենց ան­կա­րողու­թիւնը։ Ի վեր­ջոյ ՎԱ­ՏԻՓ հար­թա­կը ճիշդ ալ այդ միաս­նութիւ­նը ապա­հովե­լու հե­ռան­կա­րով չէ՞ր հիմ­նուած։ Ու­րեմն չար­ժէ՞ր որ այ­սօր ազ­գո­վին պա­խարա­կենք այդ կամ­քին գո­յանա­լուն ար­գելք եղող­նե­րը։ Բո­լորս գի­տենք թէ ով­քեր են անոնք։ Բայց մխրճուած ենք այնպի­սի կաշ­կանդու­մի մը մէջ, որ ոչ ոք կրնայ բո­ղոքել միաս­նութիւ­նը խա­փանող­նե­րու դէմ։ Ընդ հա­կառա­կը կեղծ ժպիտ­նե­րով իրա­րու առ­ջեւ կը խո­նար­հին իրար «աղա» յոր­ջորջե­լով։

Եզ­րա­կաց­նենք այն հաս­տա­տու­մով, թէ մեր դպրոց­նե­րուն մատ­նուած տագ­նա­պը ո՛չ թէ տնտե­սական է, այլ կա­պուած է հա­մայնքի վար­չա­կան խա­ւի ան­բա­րոյ ընթացքին հետ։