Վերլուծում Համիտեան կոտորածներու մասին

26 Օգոստոս 1896-ին ՀՅԴ-ի խումբ մը կամաւորներ աղմկայարոյց գործողութիւն մը իրականացնելու հեռանկարով գրաւեցին Ղալաթիոյ մէջ գտնուող Պանք Օթթոմանի շէնը։ Կարելի է ըսել որ գոր­ծո­ղու­թեան յա­ջողած միակ փու­լը այդ գրաւ­ման ըն­թացքն էր։ Ապա այս գոր­ծո­ղու­թիւնը Պոլ­սոյ հա­յու­թեան հա­մար վե­րածուեցաւ վրի­ժառութեան բնոյ­թով զան­գուածա­յին սպա­նու­թիւննե­րու հո­սան­քի մը։ Դրա­մատու­նը գրա­ւող խումբէն Գա­րեգին Փաս­թը­րմաճեան եղե­լու­թիւնը կը բնու­թագրէ հե­տեւեալ կեր­պով՝ «Թէ սպա­ռած էր զի­նամ­թերքը եւ թէ լսած էինք Պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րուն մէջ պա­տահած­նե­րու մա­սին։ Կո­տորած­նե­րը դադ­րեցնե­լու հա­մար որո­շեցինք գրա­ւու­մին վերջ տալ»։ Այդ հանգրուանին արեւմտեան եր­կիրնե­րու դես­պաններ ար­դէն բա­նակ­ցութիւննե­րու մէջ են կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն հետ եւ զա­նոնք կը հա­մոզեն 17 գոր­ծիչնե­րու առանց ձեր­բա­կալուելու երկրէն հե­ռանա­լուն մա­սին։ Դաշ­նակցա­կան գոր­ծիչնե­րը ֆրան­սա­կան նա­ւով մը փո­խադ­րուեցան Մար­սէլ, սա­կայն սպանդնե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան բազ­մա­հազար հա­յոց կեան­քե­րը խլե­լով։

Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի Պատ­մութեան Բաժ­նի դա­սախօս­նե­րէն Էթ­հեմ Էլ­տեմ կա­տարուած գոր­ծո­ղու­թեան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը լա­ւագոյնս նկա­րագ­րող գիտ­նա­կան մըն է, որու հետ խօ­սեցանք դէպքի ծալ­քե­րու եւ անոր հե­ղինակ­նե­րուն մա­սին։

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ

misakmanusyan@gmail.com

Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու- Կ՚երեւի տեղին պի­տի ըլ­լայ նախ քննար­կել այս գոր­ծո­ղութեան տե­ղի տուող ընդհա­նուր տե­սարա­նը։ Որով­հե­տեւ դէպ­քը մին­չեւ այ­սօր, այդ տե­սարա­նը առանց նկա­տի ու­նե­նալու կամ հե­րոսա­պատում մը ըլ­լա­լով նկա­րագ­րուեցաւ, կամ ալ դա­ւադ­րութիւն մը։ Ու­րեմն ին­չո՞ւ հա­մար նման գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տարուեցաւ։

Էթ­հեմ Էլ­տեմ- Իրա­կանու­թեան մէջ պէտք է խօ­սինք իրա­րու զօ­դուած քա­նի մը ազ­դակնե­րու մա­սին։ Անոնցմէ առա­ջինը եւ գլխա­ւորը «հայ­կա­կան խնդիր» անուանու­մով ծա­նօթ երե­ւոյթն է, որ օրա­կար­գի եկած է 1878-ի Պեռ­լի­նի վե­հաժո­ղովէն ետք, յատ­կա­պէս նիւթ ու­նե­նալով հա­յաբ­նակ վեց նա­հանգնե­րու պայ­մաննե­րը։ Հա­յոց կող­մէ հետզհե­տէ ծա­ւալող հա­ւասա­րու­թեան, ինքնա­վարու­թեան նոյ­նիսկ ան­կա­խու­թեան պա­հանջնե­րը եւ յոյ­սե­րը, իսկ փո­խադար­ձա­բար անոնց դէմ գո­յացած հա­կազ­դե­ցու­թիւնը եւ որո­նումնե­րը։ Այս բո­լորին վրայ աւելցնենք ժա­մանա­կի գեր­պե­տու­թիւննե­րու երկչոտ նա­խաձեռ­նութիւննե­րը։ Այդ գեր­տէ­րու­թիւններն են՝ Անգլիա, Ֆրան­սա, Գեր­մա­նիա եւ Ռու­սիա։ Այդ երկչո­տու­թիւնը կար­ծես թէ ամե­նամեծ փոր­ձանքնե­րու տե­ղի տուող ազ­դակն եղած է։ Երկրորդ գոր­ծօ­նը այս ըն­թացքին 1890-ական թի­ւերէն սկսեալ հետզհե­տէ աւե­լի սրուած երե­ւոյթ մը պար­զելն է։ 1889-ին Մու­սա Պե­կի դէպ­քը, 1894-ին Սա­սու­նի կո­տորած­նե­րը, կ՚ապա­ցու­ցեն թէ եր­կու կողմն ալ այ­լեւս պատ­րաստ են աւե­լի վճռա­կամ քայ­լե­րու։ Հայ­կա­կան կող­մը յե­ղափո­խական կո­միտէ­ներու մի­ջոցաւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւ­նը կը բարձրաց­նէր, իսկ միւս կող­մը՝ պե­տու­թիւնը Հա­միտ Բ.-ի որո­շումնե­րուն հի­ման վրայ կը որ­դեգրէր աւե­լի կարծր ու ան­զի­ջող զի­նուո­րական եւ ժո­ղովուրդին ալ մաս­նակցու­թեամբ ապա­հովուած բռնու­թեան մի­ջոց­ներ։ Վեր­ջա­պէս որ­պէս վեր­ջին գոր­ծօն նշենք 1895 եւ 96-ին Իս­թանպու­լին մէջ ծա­գած ապստամ­բութեան ու բռնու­թեան հո­լովոյ­թը։ Այս կը նշա­նակէ որ հայ ՀՅԴ-նե­րը պե­տու­թեան կեդ­րո­նին մէջ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու դի­մելով պի­տի փոր­ձեն Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու ու­շադրու­թիւնը հրահ­րել եւ Օս­մա­նեան կա­ռավա­րու­թեան խոս­տա­ցած բա­րեկար­գումնե­րուն հա­մար ճնշում բա­նեց­նել։ 1896-ի գրա­ւու­մը այս զար­գա­ցումնե­րու լոյ­սին տակ դի­տելը իրա­ւացի պի­տի ըլ­լայ։ Այստեղ կա­րեւոր է նաեւ Օս­մա­նեան Դրա­մատան դիր­քը։ Ան թէ պե­տու­թեան մէկ հաս­տա­տու­թիւնն է եւ թէ միւս կող­մէն հիմ­նուած է Անգլիական եւ Ֆրան­սա­կան դրա­մագ­լուխով։ Իս­թանպու­լի մէջ զու­գա­հեռ ժա­մանակ­նե­րու մէջ քա­նի մը գոր­ծո­ղու­թիւններ նա­խատե­սուած, բայց անոնցմէ միայն Պանք Օթ­թո­մանի օրի­նակը իրա­կանա­ցած է։ Այս առու­մով ալ պէտք է դի­տել հա­մաշ­խարհա­յին պատ­մութեան մէջ քա­ղաքա­կան սա­կար­կութեան ուղղեալ ահա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րու առա­ջին օրի­նակը։

Է.Ճ.Տ.-Իսկ ի՞նչ եղած է անգլիացի, ֆրան­սա­ցի կամ ռուս դի­ւանա­գէտ­նե­րու այս դէպ­քին մէջ ու­նե­ցած դե­րակա­տարու­թիւնը։

Է.Է.-Մեր մօտ աւան­դա­կան մեր­ձե­ցում մըն է ամէն դէպ­քի ետին Եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րու մաս­նակցու­թիւնը տես­նել։ Թէեւ բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րու հա­մար այս երեւոյ­թը իրո­ղու­թիւն մըն է նաեւ։ Այս ալ կը դժուարաց­նէ խնդրին յստա­կացու­մը։ Ճիշդ է որ 1896-ին Եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րը իրենց դես­պաննե­րու մի­ջոցաւ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն մը ու­նե­ցած են։ Բայց իրա­ւացի չէ դէպ­քի գոր­ծադրու­մը անոնց վե­րագ­րել։ Եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րը այդ տա­րինե­րուն ահա­բեկ­չութեան դէմ շատ զգոյշ էին եւ կը մնա­յին պաշտպա­նու­թեան դիր­քին մէջ։ Մնաց որ Պանք Օթ­թո­մանը իրենց շա­հերը ներ­կա­յաց­նող հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լով դէպ­քը քիչ մըն ալ իրենց դէմ բնոյթ կը կրէր։ Հե­տեւա­բար գեր­պե­տու­թիւննե­րը փոր­ձե­ցին պա­տահա­ծը նուազա­գոյն վնա­սով աւար­տին բե­րել եւ այդ մի­տու­մով ալ միջ­նորդ դար­ձան գոր­ծիչնե­րու ու պե­տու­թեան մի­ջեւ։ Իրա­կանու­թեան մէջ պէտք չէ մոռ­նանք որ Եւ­րո­պայի պե­տու­թիւննե­րը հայ­կա­կան խնդրի մէջ միշտ վի­ճելի դիրք մը ու­նե­ցան։ ԺԹ. դա­րուն Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան իշ­խա­նու­թեան դէմ գո­յացած Յու­նաստա­նի, Լի­բանա­նի, Պուլկա­րիոյ օրի­նակ­նե­րուն հետ բաղ­դա­տելով հա­յերուն տրուած խոս­տումնե­րը ընդհան­րա­պէս չի­րակա­նացան եւ մնա­ցին չոր խոս­տումի մը սահ­մաննե­րուն մէջ։ Իբր հե­տեւանք այս ժո­ղովրդին դէմ գոր­ծադրուած բռնու­թեան դէմ դի­­տողի դե­­րին մէջ մնա­­ցին։ Ան­­շուշտ այս երե­­ւոյ­­թը եր­­բեք չի նուազաց­­ներ Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնը։

Է.Ճ.Տ.-Գրաւ­­ման ըն­­թացքին եւ յա­­ջոր­­դող շրջա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ բռնու­­թեան ալիք մը գո­­յացաւ։ Պե­­տական աղ­­բիւրնե­­րը այդ ալի­­քը կը նկա­­րագ­­րեն «փո­­խադարձ բա­­խումներ» կամ ալ «հա­­յոց գրգռու­­թիւննե­­րու դէմ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը»։ Բայց իրա­­կանու­­թեան մէջ ի՞նչ է այդ երե­­սուն ժա­­մերու ըն­­թացքին պա­­տահա­­ծը։

Է.Է.-Այս շատ կա­­րեւոր կէտ մըն է։ Եթէ խնդի­­րը դի­­տենք որ­­պէս ճգնա­­ժամ, այդ ճգնա­­ժամը աւար­­տած է դես­­պա­­­նատու­­նե­­­րու միջ­­նորդու­­թեամբ։ Պե­­տու­­թիւնը իր դէմ գոր­­ծադրուած այս յար­­ձա­­­կու­­մի դե­­րակա­­տար­­նե­­­րէն ոմանք սպան­­նած, այդ մի­­ջոցին ինք ալ զո­­հեր տուած եւ վեր­­ջա­­­պէս բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու աւար­­տին եր­­կի­­­րը լքե­­լու պայ­­մա­­­նաւ անոնց ազա­­տու­­թիւն շնոր­­հած է։ Կրնաք այս ար­­դիւնքին հա­­մակեր­­պիլ կամ մեր­­ժել, բայց գո­­յացած յստակ պատ­­կե­­­րը այս է։ Սա­­կայն կայ զու­­գա­­­հեռ զար­­գա­­­ցում մը եւս՝ որն է դէպ­­քի պա­­հուն ու դէպ­­քէ ետք մօ­­տաւո­­րապէս եր­­կու օր պոլ­­սո­­­հայոց սար­­սա­­­փելի սպա­­նու­­թեան մը զոհ եր­­թա­­­լու երե­­ւոյթը է։ Օս­­մա­­­նեան եւ թրքա­­կան աղ­­բիւրնե­­րը դէպ­­քե­­­րու մեկ­­նարկու­­մը կը վե­­րագ­­րեն կա­­տարուած­­նե­­­րու դէմ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը ըլ­­լա­­­լով։ Մինչդեռ խնդի­­րը բո­­լորո­­վին տար­­բեր է։ Նոյ­­նիսկ եթէ բա­­խումներ պա­­տահած են պե­­տու­­թիւնը դիւ­­րաւ յա­­ջողած է այդ բա­­խումնե­­րը կա­­սեց­­նե­­­լու։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ կա­­տարուածը բնու­­թագրե­­լու հա­­մար աւե­­լի տե­­ղին պի­­տի ըլ­­լայ հա­­յոց դէմ որս կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու վար­­կա­­­ծը։ Թա­­ղերու մէջ, փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ ան­­զէն հա­­յեր դա­­ժան ծե­­ծի կը մատ­­նուին ու կը սպան­­նուին։ Դէպ­­քե­­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կեն մօ­­տաւո­­րապէս 30 ժամ եւ յան­­կարծա­­կիօրէն կը դադ­­րին։ Ան­­շուշտ այստեղ ու­­նինք իրա­­րու հա­­կասող տուեալ­­ներ։ Հայ­­կա­­­կան եւ Եւ­­րո­­­պական աղ­­բիւրնե­­րը կը խօ­­սին շուրջ 8 հա­­զար ան­­մեղ զո­­հերու մա­­սին։ Մինչ թրքա­­կան աղ­­բիւրնե­­րը առանց թուան­­շան յի­­շելու կը պատ­­մեն բազ­­մա­­­թիւ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու հա­­յոց կող­­մէ սպան­­նուելու երե­­ւոյ­­թը։ Գիտ­­նա­­­լով որ կող­­մե­­­րը դէպ­­քը խե­­ղաթիւ­­րե­­­լու հա­­մար բա­­ւական պատ­­ճառներ ու­­նին եւ այդ հա­­կասու­­թիւննե­­րու մէջ դիւ­­րին չէ իրո­­ղու­­թեան հաս­­նիլ ես որո­­շեցի լոկ օս­­մա­­­նեան աղ­­բիւրնե­­րէ օգ­­տուելով կա­­տարուածին կո­­տորած մը ըլ­­լա­­­լը ապա­­ցու­­ցե­­­լու։ Ժա­­մանա­­կի Ապա­­հովու­­թեան Նա­­խարար Հիւ­­սէ­­­յին Նա­­զըմ Փա­­շայի հրա­­տարա­­կուած փաս­­տա­­­թուղթե­­րու հա­­մաձայն մօտ 1,000 հա­­յեր եւ 30-ի շուրջ ալ մահ­­մե­­­տական­­ներ մա­­հացած էին, իսկ 116 հա­­յեր եւ 72 մահ­­մե­­­տական­­ներ ալ վի­­րաւո­­րուած։ Լոկ թուան­­շաննե­­րը ան­­գամ կա­­տարուածին կո­­տորած մը ըլ­­լա­­­լը կ՚ապա­­ցու­­ցէին։ Նա­­զըմ Փա­­շայի վկա­­յու­­թիւնը հիւ­­սուած է հա­­յերը մե­­ղադ­­րե­­­լու եւ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րը ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լու հի­­ման վրայ։

Է.Ճ.Տ.- Բա­­ւական վի­­ճելի նիւթ մըն է Հա­­միտ Բ.-ի այս կո­­տորած­­նե­­­րու մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ Այս մա­­սին ի՞նչ կը խոր­­հիք։

Է.Է.- Դէպ­­քին կո­­տորած մը ըլ­­լա­­­լը ու­­րա­­­ցած չըլ­­լանք իսկ, պա­­տահա­­ծը պի­­տի դի­­տենք ժո­­ղովուրդի անզսպե­­լիօրէն այս դէպ­­քե­­­րը կա­­տարե­­լը։ Այ­­սինքն ըն­­դունե­­լի կամ ար­­դար չգտնենք խնդի­­րը պի­­տի դի­­տենք որ­­պէս դժբախտ պա­­տահար, փոր­­ձանք մը որ ան­­կա­­­րելի է կան­­խել։ Հայ ժո­­ղովուրդին դէմ պա­­տահած բազ­­մա­­­թիւ խնդիր­­նե­­­րը այս կա­­ղապա­­րով նկա­­րագ­­րուած են եւ մին­­չեւ օրս ալ այդպէս կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ Ան­­շուշտ այս վար­­կա­­­ծը կա­­րելի չէ ամ­­բողջու­­թեամբ մեր­­ժել։ Եթէ հա­­սարակ ժո­­ղովուրդը նման դէպ­­քի մը մի­­ջամուխ կ՚ըլ­­լայ, կրնանք են­­թադրել որ իրա­­կանութեան կամ ար­­դա­­­րու­­թեան բա­­ժին մը ու­­նի։ Խնդի­­րը միայն զան­­գուածա­­յին ոճ­­րա­­­գոր­­ծութեամբ կամ թա­­լանով բա­­ցատ­­րե­­­լը ան­­բա­­­ւարար պի­­տի մնայ։ Սա­­կայն այս հաս­­տա­­­տու­­մը ու­­նի կա­­ղացող կող­­մեր։ Նախ կ՚ան­­տե­­­սուի ժո­­ղովուրդի այս ատե­­լու­­թեան եւ բռնու­­թեան ետին պե­­տու­­թեան կամ այլ շրջա­­նակ­­նե­­­րուն գրգռիչ դե­­րը։ Երկրորդ, այս տե­­սակ հաս­­տա­­­տում մը կրնայ վայ­­րա­­­գու­­թիւնը ար­­դա­­­րաց­­նող եւ օրի­­նակա­­նաց­­նող տպա­­ւորու­­թիւն մը գո­­յաց­­նել որ, բա­­րոյա­­կան առու­­մով անըն­­դունե­­լի է։ Եր­­րորդ, զան­­գուած­­նե­­­րուն նման խե­­լագա­­րու­­թեան դէմ պե­­տու­­թեան մի­­ջամ­­տե­­­լու դժկա­­մու­­թիւնը ըն­­դունիլ։ Պանք Օթ­­թո­­­մանի դէպ­­քի շրջագ­­ծով միայն եր­­րորդին հպիլ կ՚ու­­զեմ։ 1896-ին, այ­­սինքն Հա­­միտեան բռնա­­տիրու­­թեան ամե­­նահ­­զօր շրջա­­նին, մայ­­րա­­­քաղա­­քի մէջ նուազա­­գոյն 1,000 մարդկանց լախ­­տե­­­րով կամ այլ մի­­ջոց­­նե­­­րով սպա­­նու­­թիւնը կան­­խել կա­­րելի չէ՞ր։ Կրնա՞նք հա­­ւատալ թէ Վե­­հափառ Ար­­քա­­­յի լրտես­­նե­­­րու, ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու, զի­­նուոր­­նե­­­րու բա­­նակը ան­­զօր մնա­­ցած ըլ­­լայ Պե­­շիկ­­թա­­­շի, Փե­­րայի, Սկիւ­­տա­­­րի, Խաս­­գիւղի, Ղա­­լաթիոյ մէջ օր ցե­­րեկով գոր­­ծադրուած այս մար­­դասպա­­նու­­թիւննե­­րու դի­­մաց։ Այս պայ­­մաննե­­րու տակ յայտնուող իրո­­ղու­­թիւնը բա­­ւակա­­նին մտա­­հոգիչ է։ Եթէ այս բռնու­­թիւննե­­րը չեն կան­­խուած, պատ­­ճա­­­ռը ան­­ճա­­­րակու­­թիւն չէ այլ դժկա­­մու­­թիւն։ Եւ­­րո­­­պական աղ­­բիւրնե­­րու վկա­­յու­­թիւնը աւե­­լի սար­­սա­­­փելի է։ Ամ­­բո­­­խի ձեռ­­քի լախ­­տե­­­րը բաժ­­նուած էին ոս­­տի­­­կանա­­տու­­նե­­­րէն։ Նոյ­­նիսկ տեղ առ տեղ ոս­­տի­­­կան­­ներն ալ մաս­­նակցած են յար­­ձա­­­կումնե­­րուն։ Ան­­շուշտ այս բո­­լորը Հիւ­­սէ­­­յին Նա­­զըմ Փա­­շայի կամ պե­­տական ար­­խիւնե­­րու փաս­­տա­­­թուղթե­­րով ստու­­գել կա­­րելի չէ։ Հե­­տեւա­­բար դէպ­­քե­­­րը Հա­­միտի կող­­մէ հա­­յերու ճնշե­­լու նպա­­տակով գոր­­ծադրուած պե­­տական ահա­­բեկ­­չութիւն մը ըլ­­լա­­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը կը ներ­­կա­­­յացնէ։ Ինչպէս գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ Պո­­լիս ալ Հա­­միտեան բռնա­­տիրու­­թիւնը հա­­յոց ինքնա­­վարու­­թեան պա­­հանջնե­­րը այս մի­­ջոց­­նե­­­րով կան­­խել ու­­զած է։ Յայտնի է թէ նման ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մը ի վեր­­ջոյ պի­­տի հան­­գէր «կամ մենք, կամ անոնք» պնդու­­մին։ Ան­­շուշտ ասի­­կա վար­­կած մըն է։ Անի­­մաստ է Հա­­միտի այս քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը յստա­­կօրէն ապա­­ցու­­ցող փաս­­տա­­­թուղթ մը գտնե­­լու յոյ­­սը։ Բայց դէպ­­քե­­­րու զար­­գա­­­ցու­­մը եւ շրջա­­նի առ­­կայ փաս­­տա­­­թուղթե­­րը քննե­­լով նման եզ­­րա­­­կացու­­թեան մը հաս­­նի­­­լը բա­­ւական տրա­­մաբա­­նական կը թուի։

Է.Ճ.Տ.- Վեր­­ջին շրջան­­նե­­­րու պատ­­մագրու­­թիւնը յատ­­կա­­­պէս ալ Ար­­մէն Կա­­րօի վե­­րագ­­րուած «կեան­­քի կո­­րուստը որ­­քան շատ ըլ­­լայ այնքան կը նպաս­­տէ մեր դա­­տին» խօս­­քե­­­րէն մեկ­­նե­­­լով աւե­­լի յա­­ճախ կը կրկնէ հայ յե­­ղափո­­խական­­նե­­­րու ար­­տերկրի մի­­ջամ­­տութիւ­­նը ապա­­հովե­­լու հա­­մար արիւ­­նոտ ծրա­­գիր­­ներ մշա­­կելու վար­­կա­­­ծին։ Դուք այս մա­­սին ի՞նչ կը խոր­­հիք։

Է.Է.-Խնդիր­­նե­­­րը սեւ ու սպի­­տակ նկա­­րագ­­րե­­­լը միայն թրքա­­կան պատ­­մագրու­­թեան յա­­տուկ երե­­ւոյթ մը չէ։ Մա­­նաւանդ ալ հա­­սարա­­կած եզ­­րի մը վրայ հա­­մաձայ­­նութեան մը չե­­կած խնդիր­­նե­­­րու մէջ ծայ­­րա­­­յեղու­­թիւննե­­րը ան­­խուսա­­փելի են։ Այս առու­­մով ալ հայ յե­­ղափո­­խական­­նե­­­րու իրենց գոր­­ծունէու­­թեան հե­­տեւան­­քով արիւն հո­­սեց­­նե­­­լը կամ գո­­նէ հո­­սած արիւ­­նէն ակնկա­­լու­­թիւններ ու­­նե­­­նալու պնդու­­մը այս տե­­սակի պատ­­մագրու­­թեան մը վառ օրի­­նակը պէտք է հա­­մարել։ Մինչդեռ պատ­­­մա­­­­­­­կան ճշմար­­­տութիւ­­­նը շատ աւե­­­լի բարդ ու պղտոր է։ Խիստ հա­­­ւանա­­­կան է որ հայ կա­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րը կար­­­ծուածէն աւե­­­լի շա­­­հու­­­թա­­­­­­­բեր մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մով մը մօ­­­տեցած են իրենց գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան։ Շէնք մը գրա­­­ւելով, եթէ պա­­­հան­­­ջուածը չի­­­րակա­­­նանայ այդ շէն­­­քը պայ­­­թեցնե­­­լու սպառ­­­նա­­­­­­­լիքին աւե­­­լի ետք ապա­­­հովու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րու մէջ եր­­­կի­­­­­­­րը լքե­­­լու յօ­­­ժարի­­­լը որոշ ճկնու­­­թեան մը ապա­­­ցոյցն է։ Բայց միւս կող­­­մէ եթէ կո­­­տորած մը ապ­­­րուեցաւ այդ պա­­­տահա­­­ծին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուու­­­թիւնը դէպ­­­քը իրա­­­կանաց­­­նողնե­­­րէն հա­­­նել եւ իրենց արար­­­քով տե­­­ղի տուող­­­նե­­­­­­­րուն բեռցնե­­­լը ո՞րքան ար­­­դար է։ Խնդի­­­րը վերջ ի վեր­­­ջոյ կու գայ պատ­­­մութեան քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թե­­­­­­­նէն ան­­­կախ ըլ­­­լա­­­­­­­լու կամ չըլ­­­լա­­­­­­­լու եր­­­կընտարնքին կը փաթ­­­թուի։ Ան­­­կողմնա­­­կալ եւ իրա­­­ւացի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով գո­­­յացած ար­­­դիւնքը կրնայ այս կամ, այն կող­­­մի կամ նոյ­­­նիսկ եր­­­բեմն եր­­­կու կող­­­մին ալ ձեռնտու չըլ­­­լալ։ Հե­­­տեւա­­­բար որ­­­քան ատեն որ քա­­ղաքա­­կան քաշքշու­­քը կը շա­­րու­­նա­­­կուի այսպէս կարծր, սուր, սեւ ու սպի­­տակ, եղաւ կամ չե­­ղաւ ի նման ար­­դիւնքնե­­րը ան­­խուսա­­փելի պի­­տի ըլ­­լան։ Բայց ըսեմ որ այս առու­­մով ալ շատ կա­­րեւոր զար­­գա­­­ցու­­մի մը ազ­­դանշան­­նե­­­րը երե­­ւիլ սկսած են։ Նման կա­­ղապա­­րուած տրա­­մաբա­­նու­­թե­­­նէն ձեր­­բա­­­զատուելով պատ­­մութիւ­­նը գի­­տական շրջա­­նակի մը մէջ ու­­սումնա­­սիրել ու­­զող նոր սե­­րունդի մը պատ­­րաստուած գա­­լուստը ու­­րա­­­խու­­թեամբ կը տես­­նեմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ