ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Քրիստոս ներկարարի մօտ կ՚երթայ աշակերտութիւն ընելու։ Օր մը ներկարարը Քրիստոսին կ՚ըսէ թէ ինքը ժամ պիտի երթայ, այդ ընթացքին Քրիստոս թող ներկէ մնացեալ թելերը։ Ներկարարը Քրիստոսին մանրամասն կը բացատրէ թէ ինչպէս պիտի ներկէ թելերը՝ իւրաքանչիւրը իր գոյնով, առանձին-առանձին, եւ ճամբայ կ՚ընկնէ։
Ներկարարի գնալէն ետքը Քրիստոս կը լուանայ թելերը, եւ ամբողջը միասին կը նետէ կարասի մէջ, ուր եւ կը լցնէ բոլոր գոյները։
Ներկարարը երբ երեկոյեան կու գայ, կը հարցնէ Քրիստոսէն թէ ան ինչ արեց թելերը, Քրիստոս ալ կը պատմէ թէ ամբողջը խառնելով նետած է կարասի մը մէջ։
Ներկարարը աս որ կը լսէ, շատ կը բարկանայ, կատաղութենէն կ՚ընկնէ Քրիստոսի ետեւէն՝ անոր ծեծելու ու պատժելու համար։
Քրիստոս այդ միջոցին կը խաչակնքէ կարասը եւ ան կը կանաչէ։ Ներկարարը ապշած կը նայէ կարասի մէջ, կը հանէ թելերը, կը տեսնէ, որ ամէն մէկն իր ուզած գոյնով ներկուած է՝ կարմիրը՝ կարմիր, դեղինը՝ դեղին, կանաչը՝ կանաչ։
Այդ ժամ ներկարարը կը հասկնայ թէ իր աշակերտը Քրիստոս եղած է։ Բայց երբ գլուխը վեր կը բարձրացնէ, կը տեսնէ թէ ինչպէս Քրիստոս անմիջապէս կ՚անհետանայ։
Շատ կը նեղսրտէ, գլուխ կը ծեծէ, որ Քրիստոսի հետ այդպէս վարուած է, բայց արդէն ուշ կ՚ըլլայ, ալ Քրիստոս ե՞տ կու գայ որ։
Այդուետք Քրիստոս կ՚երթայ հիւսնի մը մօտ աշակերտութիւն ընելու։
Որոշ ժամանակ հիւսնի մօտ կը ծառայէ։ Օր մը երեկոյեան, երբ նրանք սրահ մը կը կառուցէին, հիւսնը Քրիստոսին կը տայ փայտ մը, կը բացատրէ թէ ինչ երկարութեան այն կտրէ, ու ինքը կ՚երթայ ժամ՝ երեկոյեան պատարագի։
Երբ վարպետը պատարագէն սրահ կու գայ, կը տեսնէ, որ փայտը պէտք եղածից անհամեմատ աւելի կարճ կտրած է։ Ան շատ կը զայրանայ Քրիստոսի վրայ։
Սակայն Քրիստոս կ՚ըսէ թէ՝ վարպե՛տ, դուն ինչքան որ պէտք է ձեռքով ցոյց տուր, ես փայտը կը երկարացնեմ այդքան։
Վարպետը կը կարծէ թէ իր աշակերտը կա՛մ խենթ է, կա՛մ յիմար՝ փայտի երկարացնելը ո՞րն է։ Եւ որպէսզի ցոյց տայ իր աշակերտին թէ որքան սխալ է նա, կ՚որոշէ անոր «խաղը խաղալ» եւ ձեռքերը մեկնելով ցոյց կու տայ թէ որքան պէտք է երկարացնել փայտը։
Քրիստոս կը խաչակնքէ փայտը, ձեռքով կը բռնէ այն եւ ձգելով կ՚երկարացնէ այն։ Բայց ինքը՝ Քրիստոս նոյն վայրկեանին կ՚անհետանայ։
Վարպետը այս հրաշքը որ կը տեսնէ, կը հասկնայ, որ իր աշակերտը Քրիստոսն էր։ Բայց այլեւս ուշ էր, Քրիստոս ալ ե՞տ կու գար որ։