ԱՄՆ պետքարտուղարութիւն՝ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՚ընդմիջէ պատրիարքի ընտրութեան»

    ԱՄՄ-ի պետքարտուղարութիւնը 19 տարիէ ի վեր աւանդութիւն դարձուցած է կրօնքի ազատութիւններու վերաբերեալ համաշխարհային տեղեկագրի մը հրատարակութիւնը։ Այս տարուայ տեղեկագիրը լոյս տեսաւ 15 Օգոստոս Երեքշաբթի օր, ուր կը քննարկուէր զանազան լուրերու կողքին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական ընտրութեան կառավարութեան միջամտութիւնը։

 

   199 երկիրներու քննարկման նիւթ դարձած օրակարգի մէջ գլխաւոր դժուարութիւնները կը ներկայանար Սուրիոյ եւ Իրաքի օրինակներով, քանի որ այս երկիրներու մէջ կրօնական խտրականութեան պատճառաւ զանգուածային մարդասպանութիւններ կը կատարուին։ 2016 թուականին վերաբերող տեղեկագրին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Թուրքիոյ մէջ 15 Յուլիսին տեղի ունեցած զինուորական յեղափոխութեան ու ապա տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին։ Կը նշուի Տիյարպէքիրի Սուր թաղամասի եկեղեցիներուն վիճակը եւ յունաց հոգեւոր ճեմարանի փակ մնալու երեւոյթը։ Տեղեկագիրը կ՚ակնարկէ նաեւ ալեւիներուն եւ հրեաներուն ուղղեալ ատելութեան պատգամներուն, կրօնքի պարտադիր ուսուցման ծրագիրներուն։ Կը շեշտուի Սուրբ Սոֆիայի տաճարի իբրեւ համակեցութեան խորհրդանշան անձերուն մխելութեան անհրաժեշտութիւնը։ Տեղեկագրին մէջ հայ փոքրամասնութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ 90 հազար, որոնցմէ 60-ը երկրի քաղաքացիներն են իսկ 30 հազարը ապօրէն պայմաններով Թուրքիա եկած գաղթականներ։ Թուրքիոյ մէջ հրեաներուն թիւը կը հաշուուի 17 հազար, 25 հազար ասորի, 15 հազար ուղղաբար ռուսեր, 10 հազար պահային, 22 հազար եզտի, 5 հազար եհովայի վկաներ, 2 հազար ուղղաբար յոյն եւ մօտաւորապէս մորմոններ։ Տեղեկագրի տեղ կու տայ նաեւ կալուածներուն գրաւման կամ վերադարձման նիւթերուն։ Կը նշուի թէ պետութեան կողմէ փոխանցուած տուեալներով 2003-2014 թուականներու միջեւ իրենց տէրերուն վերադարձուած է զանազան կալուածներ, որոնց նիւթական արժէքը կը գնահատուի 3,5 միլիառ ԹԼ։ Հոն անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայկական Քամփ Արմէնի տարածքին վերադարձը։ 2015-ի տուեալներով պահանջուած 1560 դիմումներու փոխարէն ետ յանձուած կալուածները 33 են։ Իսկ 21-ին համար հատուցման փոխանակում կատարուած է։

 

    Կը նշուի թէ համայնքները դժգոհութիւն կը յայտնեն ճշդուած հատուցման քանակութիւններէն եւ հատուցումներու ուշացումով։ Նիւթ կը դառնայ Ուղղաբարաց Տիեզերական Պատրիարքութեան Հոգեւոր Խորհուրդին ժողովներու մասնակցութեան համար միայն Թուրքիոյ քաղաքացի հայերու իրաւունք ճանչնողի մասին որոշումի դէմ։ 2010-էն այս կողմ 30 եպիսկոպոսներուն քաղաքացիութեան իրաւունք տրուեցաւ։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ մերժել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու իրենց կրօնական անձնակազմը պատրաստելու իրաւունքը։ Կը քննարկուի նաեւ նոր անձնագիրներու մէջ կրօնական պատկանելիութիւնը ապացուցելու։ 2010-ին ԵՄԻԱ պնդած էր թէ անձնագիրներու մէջ կրօնքի նշումը անպատեհ է։ Այսպէսով նոր պատրաստուած անձնագիրներու մէջ թէեւ չէ նշուած անհատի կրօնքը, բայց գաղտնագիրով մը պարզուող միքրոչիփը կը բացայայտէ ենթակային կրօնքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ