Անցած են թէ իրաւասութեան եւ թէ լիազօրութեան սահմանները


   ՀՏՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր  Կարօ Փայլան իր հետ ունենալով նոյն կուսակցութեան Վանի պատգամաւոր Պէտիա Էօզկէօքչէ Էրթանը այցելեց Վան տեղւոյն վրայ ստուգելու համար նշանակուած քաղաքապետին հայոց գերեզմանատան վրայ հասարակապատկան զուգարան կառուցելու պնդումը։ Իր ստուգումները կատարելէ ետք վերադարձի ճամբուն Կարօ Փայլանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան ինքնաշարժը հանդիպեցաւ անընդունելի բռնութեան։ Քաղաքացիական համարներով ինքնաշարժ մը միջամտեց իրենց երթին եւ ինքնաշարժէն իջնող զինեալ անձերը ուզեցին ինքնութեան ստուգում կատարել։ Պատգամաւորները եւ իրենց ընկերակցող խորհրդականները անմիջապէս փորձեցին բջիջային հեռախօսի միջոցաւ նկարահանել պատահարը։ Այդ պահուն ճամբան ընդատող անձը զինք ներկայացուց որպէս տարածքաշրջանի ոստիկան զօրաց հրամանատար։ Կուսակցութեան փոխնախագահներ Ֆիլիզ Քէրէսթէճիօղլու եւ Ահմէտ Եըլտըրըմ շաբթու մէջ մամլոյ յայտարարութիւն մը կատարելով բողոքեցին կատարուածներուն դէմ։ Դիտել տուին թէ դէպքի վայրը ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան լիազօրութեան շրջանէն դուրս է։ «Ինքզինք Վան Արտամէտի ոստիկան զօրաց հրամանատար ըլլալով ծանօթացնող անձը թէ հատած է իր լիազօրութեան սահմանները եւ թէ երեսփոխանի մը դէմ վարուելակերպով ծանր սխալ գործած»։ Մամլոյ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ որ խորհրդարանի նախագահութիւնը պարտաւոր է այս ոտնձգութեան դէմ իր անդամներուն իրաւունքը պաշտպանելու։ Կուսակցութիւնը իր կարգին պիտի դիմէ օրինական միջոցներու։

 

    Այս վերջին ոտնձգութենէ անկախաբար երեսփոխան Կարօ Փայլան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ գերեզմանատան տարածքին վրայ իր կատարած ուսումնասիրութիւններու մասին։ Ինչպէս պիտի յիշենք ՀՏՓ կուսակցութիւնը միջոցէ մը ի վեր որոշած է իր ընդդիմադիր աշխատութիւնները ծաւալել խորհրդարանէ դուրս ալ։ Այսպէսով կուսակցութիւնը արդարութեան եւ խղճի հերթապահութիւններ կազմակերպեց նախ Տիյարպէքիրի ապա Վանի, Իսթանպուլի եւ Իզմիրի մէջ։ Ոստիկանութեան պաշարման տակ կայացող այդ հերթապահութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Կարօ Փայլան։ Այս օրերուն էր եւ մամուլը արձագանգեց Վանի Արտամէտ քաղաքին մէջ անցեալի հայապատկան գերեզմանատան տարածքի վրայ նշանակուած քաղաքապետի որոշումով զուգարան կառուցելու լուրը։ Կարօ Փայլան այս լսելով իսկոյն փութաց Արտամէտ տեղւոյն վրայ հաստատելու համար հասած պնդումները։ Այս նիւթի «Տիհապէր» լրատու գործակալութեան կողմէ հաղորդուելէն ետք քաղաքապետարանը նշեալ տարածքը փակած է փշաթելերով։ Կարօ Փայլան Ակօսին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները. «Տուեալ տարածքը ուրարտական պատմական բնակավայր մըն է, ուր աւելի ետք բնակած են նաեւ հայերը։ Տեղացիները այս մասին բազմաթիւ վկայութիւններ ունին։ Կը յիշեր կարգ մը եկեղեցիներ։ Սակայն այդ շինութիւններէ հետք մը իսկ չէ մնացած այսօրրուան։ Ես յստակօրէն տեսայ որ այդ տարածքը գերեզման եղած է։ Ուր որ ձեռքս դպաւ հողէն մարդու ոսկորներ դուրս եկան։ Ըստ երեւոյթի գերեզմանատան տարածքին վրայ պէտքարան կառուցեր են»։

 

    Փայլան նաեւ հաստատեց թէ աւերուած է 2015-ին վերանորոգուած եւ այս գիւղի բնակիչ մեծանուն նկարիչ Արշիլ Կորքիի ձօնուած աղբիւրը։ «Այդ աղբիւրին վրայ Կորքիի կեանքը բնութագրող քրտերէն, անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն ծանօթագրութիւն մը փորագրուած էր, սակայն նշանակուած քաղաքապետը յդ ալ վերցուցած է»։

 

   Տեղեկացիները կը վկայեն թէ միջոց մը առաջ գիւղ եկող քաղաքապետութեան պաշտօնեաները աղբիւրի ջուրն ալ ցամքեցուցած են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ