Թռչէի մտքով տուն եւ այլ հնարաւորութիւններ
Նորայր Տատուրեան
- Համակարգիչդ բերա՞ծ ես։
- Այս, պարոն։ Այսօր, ի՞նչ բառ։
- Միտք։
- Նկա՞ր։
- Թռչուն մը։ Զայն կը պատկերացնեմ որպէս թեւատարած, ճախրող սպիտակ թռչուն- անսահմանափակելի,
ազատատենչ...
- Բաղադրեալ բառեր կան, չ՞է։
- Հարուստ բառապաշար, թէ՛ «միտք»ով սկսող, եւ թէ՝ վերջացող։
«Միտք» բառի հետ մեր մտազբաղուածութիւնը կը հասնի իր վերջին հանգրուանին. Փաթիլին,
դասարանի համար դաստիարակչական պաստառներ պատրաստող այդ առատամիտ աշակերտուհիին հետ
միտքերու փոխանակում կ՛ունենանք «ՄԻՏՔ» վերնագիրով պաստառի համար, թիւ 17 իր տեսակին
մէջ, միեւնոյն ժամանակ կը խօսինք այդ ազնուամիտ բառի մասին ու քիչ մըն ալ մտքի թռիչք
կ՛ունենանք եւ կ՛որոնենք անոր զարգացման հնարաւորութիւնները։
- Պարոն, երկու սիւնակ կը մտածեմ։ Ձախ կողմը «-միտէ բառերը, 15 հատ կրնամ տեղաւորել,
ազատամիտ, արթնամիտ, ստեղծամիտ եւ այլն։
- Կան նաեւ անասունի անունով շինուածները. շնամիտ, աղուեսամիտ, օձամիտ, աղաւնամիտ։
Հետաքրքրական են, գործածէ։
- Իսկ, աջ կողմը կը դնեմ «մտա-է բառերը, մտաւորական, մտահարուստ, մտապատկեր...
Երբ կը շարունակենք մտայղացումներ ունենալ այդ պաստառի շուրջ, կը մտաբերենք նաեւ
հայկական «միտք»-ի հին ու նոր ձեռքբերումները։
- Գիտե՞ս Փաթիլ, Հայաստանը ունեցեր է յայտնի հրատարակչատուն, անունը՝ «Միտք»։
- Ի՞նչ տեսակ գիրքերու։
- Մի՛տքդ աշխատցուր։
- Գիտցայ, իմաստասիրական, գիտական... Պաստառին գոյնը, մանիշակագո՞յն։
- Նախորդներուն պէս, բոլորը շարք մը կը կազմեն... Այո, իմաստասիրական եւ լեզուագիտական
գիրքեր։ Լսէ քանի մը վերնագիր. «Գրիգոր Տաթեւացու սոցիալ-տնտեսագիտական հայեացքը»,
«Լեզուաբանութեան ներածութիւն», «Պահլաւերէն Պարսկերէն Հայերէն Ռուսերէն Անգլերէն բառարան»։
Իսկ «միտքե-ը այժմ դարձած է, կը հաւատա՞ս, ակումբ, Երեւանի մէջ, երկու հատ, «Ազատ Միտքե,
«Հայի միտք», քաղաքական, վերլուծական ակումբներ։ Անոնց շուրջ հաւաքուած է ազգայինը
փնտռող, ազգայինով ապրող մեր ժամանակակից մտաւորականութիւնը։ Թռչունը Փաթիլ, աւելի
մեծ պէտք է, որ ըլլայ... Քիչ մը եւս մեծ։ Լաւ, այսպէս պահէ եւ տեղադրէ խորագրին տակ։
- Երկու գոյն պիտի գործածեմ. արմատները սեւ, մասնիկները ճերմակ։
- Լաւ միտք... Դուն գիտե՞ս, թէ Հայաստանի մանկավա՛րժ լաւագոյն միտքերը ուր հաւաքուած
են. «Մանկավարժական միտք», կիսամեայ հանդէս։
- Միտքէս պիտի չանցնէր...
- Թռչունին շուք մը կրնա՞ս տալ, եռաչափ նկարի տպաւորութիւն թող տայ, ձերբազատուի
թուղթէն։
- Դժուար չէ... Սիրուն եղաւ, կարծես կը թռչի։
- Ըսի՛նք, չէ՞, մեր «միտք»ը կաշկանդում չի սիրեր։ Տես, այսօր, յարմարելով ժամանակի
պայմաններուն, բառացիօրէն ձերբազատուած է թուղթէն, -խելամիտ որոշում- ու դարձած է...
կայքէջ։ ... Տառաչափը, աւելի մեծ... ահա, այդպէս։ Հայաստանի մէջ լրատուական եւ վերլուծական
կայքէջ կայ՝ «Միտք», բայց, ո՛չ «շահամիտ» հաստատութիւններու նման «.չոեէ մականունով,
այլ՝ զուտ հայկական «.ք»է կոչումով։
- Պարոն, երբ մտածեմ «միտքէ բառի մասին, ինչո՞ւ միտքս միշտ լուրջ մտածումներ կու
գան։
- Պատասխանը Յովհաննէս Թումանեանի մօտ կը գտնես։ «Աղաւնու Վանքըէ աւանդազրոյցը
կը յիշե՞ս։
- Մանրամասնութիւնները չէ, բայց միտքը՝ այո։
- Սեւանա լիճի մօտ, իր վանքի մէջ, պարզունակ խորանի առջեւ աղօթքի նստած էր ծերուկ
Հայր Օհանը՝ «աչքերն երկընքին, միրուքն արցունքոտ»։
- Երբ, երկրի հարստութիւններէ շլացած, Հայաստան թալանի եկած էր «մեծ աւազակապետը»,
Թիմուրը։
- Թումանեանը, այդ բանաստեղծութեան մէջ, իր միտքը կը խօսի հոգեմիտ վանականի օրինակով։
Հայր Օհանը «...ուշքը ու միտքն Աստըծուն՝ Անհունն է խորհում»։ Վե՛ր, անհունութեան յառած,
անոր հետ մտերիմ, տիեզերականը եւ անհասանելին ըմբռնելու փորձով մտազբաղ։ ...Վերջացուցեր
ես արդէն։ Բայց բառի պատմութիւնը հոս պիտի չվերջանայ։
- Գիտեմ, թուղթի վրայ արձանանալ չի սիրեր։
- Կան զարգացման հնարաւորութիւններ, նոր բառեր եւ միտքեր՝ «միտքե-ով։ «Ցամաքամիտէ
երեւակայութենէ զուրկ, «բարդամիտէ շփոթամիտ եւ խառնամիտ ածականներու հոմանիշ, «ոխամիտ»
միտքը վրէժխնդրութեամբ լեցուն, «ախտամիտ» հիւանդ մտածումներ պարունակող անձ կամ երեւոյթ, «քնամիտ» արթնամիտ բառին հականիշը, «շնորհամիտ»
շնորհներով զարդարուած, «տղմամիտ» անմաքուր, անյստակ կամ ստորին մտածումներ բովանդակող,
«կայծակնամիտ» արագամիտ բառի հոմանիշը, դանդաղամիտ, բթամիտ, ծանծաղամիտ բառերուն հականիշը,
«որկրամիտ»...
- Ո՞վ չի հասկնար ասիկա... Մէկը, որ ուտելու մասին կը մտածէ միշտ, բայց որկրամոլութեան
դեռ չէ հասած։ Դարձուածքներ պիտի չդնե՞նք պաստառի վրայ։
- Ո՛չ։ Բայց ինչպէ՞ս չմտաբերել ամենէն գեղեցիկները. «մտքի թռիչքե, «մտքէն անցնիլ»,
«մտքի թել», «միտքը ջուր առնելէ եւ ակնցիներուն ամենէն սիրածը, «միտքէդ անցածը ամպավարի
լեռները անցնի», այսինքն՝ կը մաղթեմ, որ միտքդ դրած չար մտածումդ չկատարուի։ Ո՞ւր կը
նայիս... միտքդ ո՞ւր թռաւ։
- Ստեփանակերտ։
Փաթիլին միտքը, ինքնաբեր թափով մը, թռեր, գացեր է Ստեփանակերտ, Նուէր ճաշարանը,
ուր մեծ սեղանի շուրջ ամբողջ դասարանով, գինովցած հայրենիքի օդէն ու ջուրէն, ամէն մէկը
իր միտքերու մէջ տարուած, տարի մը առաջ երգած էին «Մարտիկի երգը»։
- Պարոն, «միտք»ը ի՛նչ զօրաւոր բառ է։ Իր միայնակ վանկի մէջ ամփոփած է մեր ազգի
բոլոր երազներն ու ցանկութիւնները։ Այսօր, յարգել սորվեցայ այս բառը։
- Կը յիշե՞ս երգին բառերը։
- Ինչպէ՞ս մոռնամ.
«Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն
է արթուն,»
«Տեսնէի այն առուն, կարօտով ես անհուն,»
«Որ ամէն մի գարուն, ջրերով վարարուն»
«Կարկաչում էր սարերում»։