Պաթմանի Հասանքէյֆ հնագիտական աւանը 12 հազար տարուայ անցեալ ունեցող բնակավայր մըն է։ Այս բնակավայրի կարեւորագոյն յատկութիւնը ժայռափոր քարայրներն են, որոնց մէջ մինչեւ մօտ անցեալ բնակողներ կային։ Վերջին տարիներուն կառուցելի ջրամբարի հետեւանքով այս հնագիտական արժէք ներկայացնող վայրը այժմ կրկնակի վտանգի մը դէմ կը գտնուի։ «Հասանքէյֆ պատմական քաղաքի երկրաբանական եւ երկրետեխնիքական հետազօտման եւ ամրացման նախագիծ»ի ծիրէն ներս քաղաքի պատմական բերդին ամրացման համար իյնալու վտանգ ներկայացնող կարգ մը ժայռերը պայթուցիկներով վար կ՚առնուին։ Սակայն նկատուած է թէ նոյն դրութիւնով կը փշրուին իյնալու հաւանականութիւն չունեցող ժայռաբեկորներ եւս։
«Հասանքէյֆը ապրեցնելու նախաձեռնութիւն» անուն հարթակը մամլոյ յայտարարութիւն մը ընելով պնդեց թէ պայթուցիկ սարքերով ժայռաբեկորներու կործանումը լուրջ թրթռացումներու պատճառ դառնալով կը վնասէ բերդի կառոյցին։ Ինկող ժայռաբեկորները կ՚իյնան եկեղեցիներու աւերակներու եւ գինետուներու վրայ ու անվերադարձ վնասներու պատճառ կը դառնան։ Հովիտի շրջապատի դրութիւնը իր մէջ կը պահէ ամրոցը, քարայրները եւ գաղտնի անցքերը։ Ներկայ աշխատանքը կը սպառնայ 12 հազար տարուայ պատմութեան։
Նախաձեռնութիւնը առարկութիւններ ունի նաեւ Զէյնէլ Պէյ դամբարանի տեղափոխման համար ալ։ Այս դամբարանը 550 տարուայ անցեալ ունի եւ սոյն տարուայ 12 Մայիսին Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ գործադրուած միջոցներով իր տեղէն վերցուած եւ երկու քիլոմեթր հեռու փոխադրուած էր։
Հասարակական կազմակերպութիւնները կը պնդեն թէ այս դամբարանը Հասանքէյֆի ամբողջութեան անբաժան մասնիկը ըլլալով միայն իր տեղւոյն վրայ իմաստ ու նշանակութիւն ունի։