Ներքին ալեկոծումը համաշխարհային օրակարգի վրայ իր տարբեր երեսակներով տեղ կը գտնէ։ Եթէ արեւմտեան երկիրներու համար խնդրի էական երեսակը դէպի Եւրոպա Խուժող գաղթականներն են, Թուրքիոյ նման մահմետական երկիրներու համար աւելի էական կը դառնայ իսլամական միջդաւանանքային բախումները։ Տակաւին կայ Անգլիոյ կամ Ֆրանսայի նման երկիրներէ ներս Սուրիական խռովութիւններուն ծոցէն բխած «Իսլամ Պետութիւն»ի ահաբեկչական յարձակումները։ Աշխարհասփիւռ հայութեան համար խնդրի էական երեսակը Հալէպի հայ գաղութի քայքայումն է։ Հալէպ մնալով Միջին Արեւելքի ամենաբազմանդամ քաղաքներէն մին անշուշտ որ ուշադրութեան առաջին գծին վրայ պիտի գտնուէր։ Սակայն չենք կրնար անտեսել տարածաշրջանի այլ կեդրոնները, որոնք իբրեւ հայկական սփիւռքի կարեւոր կեդրոններ համարժէք են իրենց պատմութիւնով կամ գոյանալու ոդիսականով։ Խոստովանինք որ բացի Հալէպէ այդ տարածաշրջանի մէջ ունեցած ենք բազմաթիւ քաղաքներ, որոնք անցեալին ունեցած էին բաւական կենսունակ հայկական գաղոյթներ։ Սարսափազդու պատերազմը ահա այս քաղաքներու բնակիչ հայերն ալ դրաւ ծանր փորձի մը տակ եւ բազմաթիւ հայեր կամ մատնուեցան շատ լուրջ հալածանքներու կամ ալ կրկին անգամ վերցուցին գաղթականի ցուպը եւ ինկան օտար ափեր։
Ահաւասիկ այս օրերուն կը հասնի ուրախ զարգացումի մը արձագանգը, որ սակայն ընդհանուր համայնապատկերին մէջ հեռու է մխիթարութիւն պարգեւելէ։ Վերջապէս Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յաջողած են ազատագրել Ռաքքա քաղաքի բնակիչ խումբ մը հայեր, որոնք այս քաղաքի ՏԱԻՇ-ի կողմէ գրաւուած օրերէն այս կողմ կ՚ապրէին շատ վտանգաւոր պայմաններու տակ։
Ըրաքի եւ Սուրիոյ անմիջական բախումներու արձանագրուած կեդրոններէն լուրեր հաղորդող «Ara News» լրատուական կեդրոնը կ՚աւետէ խումբ մը հայ ու ասորի ընտանիքներու փրկութիւնը։ Լրատու աղբիւրը այս մասին իր կատարած լրատուութիւնը կը հիմնաւորէ ասորիներու բանակային խորհուրդի փոխանցումներուն վրայ։ Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ հատուածին մէջ աշխատող անկախ լրագրող Մեսուտ Մուհամմէտ ընկերային ցանցերէն հաղորդեց նաեւ փրկուած հայ ընտանիքներուն լուսանկարները։ Ազատագրուած հայուհի Սաուս Կարապետեան կ՚ըսէ թէ Իսլամ Պետութեան շարքայինները իրենց կը պարտադրէին լաչակով ծածկուիլ եւ իսլամներէն տարբերուելու համար ալ դէմքը բաց պահել։ Ազատագրուած ուրիշ հայուհի մը Գարաճեան կը յայտնէ թէ յարատեւ անարգանքներուն ենթարկուած էին եւ մեծ տուրքեր վճարելու հարկադրուած։ Իսլամ Պետութեան Ռաքքան գրաւելէ ետք տեղւոյն քրիստոնեաներու կարեւոր մէկ մասը ապաստանած էին ՓԵՏ-ի հսկողութեան ներքեւ գտնուող Հասեքէ քաղաքը։