Երեւանի Պետական Համալսարանի, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի եւ Ռուս-Հայկական Սլաւոնիկ Համալսարանի ուսանողները թուաբանութեան համաշխարհային 24-րդ ողիմպիականը աւարտեցին ութը մետալներով։
Պուլկարիոյ Պլակոէվկրատ քաղաքի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ 31 Յուլիս եւ 6 Օգոստոս թուականներու միջեւ կայացող մրցաշարքին 71 համալսարաններ մասնակցեցան 331 ուսանողներով։
Հայաստանի Կրթութեան Նախարարութենէն կատարուած յայտարարութիւնով յայտնի կը դառնայ թէ երեք բաժիններու մէջ մրցած հայ ուսանողները նուաճած են երկու ոսկեայ, երկու արծաթեայ եւ երկու պրոնզեայ մետալներ։ Նախարարութեան հրապարակումին համաձայն Երեւանի Պետական Համալսարանը ներկայացնող չորս ուսանողներէն երկուքը Ալպերտ Գէորգեան եւ Վազգէն Միքայէլեան յաջողած են ոսկի մետալներ նուաճելու, իսկ Աւետիք Քարակուքեան եւ Գէորգ Մնացականեան արժանացած են արծաթ մետալներու։
Անհատական դասաւորման մէջ Հայաստանի թուաբանագէտները զբաղեցուցին 15-րդ հորիզոնականը։ Իսկ Երեւանի Պետական Համալսարանը գրաւեց եօթներորդ կարգը։ Ամերիկեան Համալսարանէն Արտիեոմ Քորսեան եւ Սլաւոնիկ Համալսարանէն Հրաչեայ Քոչարեան ստացան պրոնզեայ մետալներ։
Համաշխարհային թուաբանութեան ողիմպիականի այս տարուայ յաղթողները եղան Իսրայէլի ազգային հաւաքականը, Սեն Փեթերպուրկի Պետական Համալսարանը եւ Մոսկուայի Ֆիզիքի եւ Թեքխնոլոկիաներու Ինստիտուտը։