Ցուցահանդէս Վանի տարազներով

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Ժու­­լիա Մութլուի Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի պատ­­մա­­­կան տա­­րազ­­նե­­­րով պատ­­րաստած հա­­ւաքա­­ծոն նա­­խապէս ցու­­ցադրուած էր զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ։ Այժմ այդ հա­­ւաքա­­ծոն բո­­լորո­­վին նոր նա­­խաձեռ­­նութեան մը նիւթ կը դառ­­նայ։ Վա­­նի մէջ աշ­­խա­­­տող լու­­սանկա­­րիչ՝ Այ­­թաչ Սել­­չուք հե­­տաքրքրա­­կան մտայ­­ղա­­­ցու­­մով մը այդ տա­­րազ­­­նե­­­­­­­րը կրող բնորդներ լու­­­սանկա­­­րած է Վա­­­նի հայ­­­կա­­­­­­­կան մշա­­­կոյ­­­թի ժա­­­ռան­­­գութեան են­­­թա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րին առ­­­ջեւ։ Այժմ այդ նկար­­­նե­­­­­­­րու ցու­­­ցադրու­­­թիւնը կը պատ­­­րաստուի արուես­­­տա­­­­­­­սէր հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յանա­­­լու Պոլ­­­սոյ քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանի ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի սրա­­­հին մէջ։

Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ լու­­­սանկա­­­րիչ Այ­­­թաչ Սել­­­չուքի ու­­­շադրու­­­թեան կի­­­զակէ­­­տին է այս քա­­­ղաքի տար­­­բեր ազ­­­գութիւննե­­­րու մշա­­­կոյ­­­թը, կեն­­­ցա­­­­­­­ղը եւ պատ­­­մա­­­­­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը։ «Գի­­­տեմ որ Վա­­­նի մէջ ան­­­ցեալին ապ­­­րած են հա­­­յեր, ասո­­­րիներ, ազե­­­րիներ, հրեաներ, էզ­­­տի­­­­­­­ներ եւ այլն։ Պա­­­տահ­­­մամբ վե­­­րահա­­­սու եղայ Ժու­­­լիա Մութլուի տա­­­րազ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­ւաքա­­­ծոյին։ Իս­­­կոյն մտադ­­­րե­­­­­­­ցի այդ տա­­­րազ­­­նե­­­­­­­րը տե­­­ղացի բնորդնե­­­րու վրայ լու­­­սանկա­­­րելու խոր­­­հուրդը։ Ին­­­ծի հա­­­մար վա­­­նի գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րուն պատ­­­կա­­­­­­­նող տա­­­րազ­­­նե­­­­­­­րը աւե­­­լի խոր իմաստ պի­­­տի ստա­­­նային իրենց բնա­­­կան վայ­­­րե­­­­­­­րու մէջ տես­­­նուելով։ 2016-ին սկսայ նկա­­­րահա­­­նումնե­­­րուն եւ հի­­­մա ար­­­դէն ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին պատ­­­րաստ եմ»։ Զրոյ­­­ցի ըն­­­թացքին արուես­­­տա­­­­­­­գէտը կը յայտնէ թէ այս իր եր­­­րորդ նա­­­խաձեռ­­­նութիւնն է, որ նիւթ կ՚առ­­­նէ Վան քա­­­ղաքը։ «Նա­­­խապէս նկա­­­րած էի քա­­­ղաքի ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական յատ­­­կութիւննե­­­րը։ Ար­­­տա­­­­­­­մետ գա­­­ւառի մէջ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս մը բա­­­ցած էի այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի հի­­­ման վրայ։ Նկա­­­րելու ժա­­­մանակ յայտնա­­­բերե­­­ցի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ շի­­­նու­­­թիւններ, որոնք ոչ մէկ տեղ գրան­­­ցուած էին։ Այժմ յա­­­ջողած ենք այդ գրան­­­ցումնե­­­րը ապա­­­հովե­­­լու, որու շնոր­­­հիւ այս պատ­­­մա­­­­­­­կան ար­­­ժէ­­­­­­­քը խնա­­­յելու առիթ մը գո­­­յացած է։ Վա­­­նի երկրա­­­շար­­­ժի օրե­­­րուն ես կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տէի հա­­րեւան քա­­ղաքի մը Հաք­­քա­­­րիի ժո­­ղովրդա­­կան մշա­­կոյ­­թը ցո­­լաց­­նող նա­­խագ­­ծի մը շուրջ։ Այս նոյն առու­­մով եր­­րորդ նա­­խագիծն է, որ ձօ­­նուած է Վա­­նին իր բո­­լոր երե­­սակ­­նե­­­րով»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ