Սրբապղծութիւնը խորհրդարանի օրակարգին

Վանի Արտամետ գաւառի մէջ լիճի ափին կա­ռու­ցուած փլա­ժը եւ պէտ­քա­րանը կը շա­րու­նա­կէ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան օրա­կար­գը զբա­ղեց­նե­լու։ Այս առ­թիւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան Վա­նի պատ­գա­մաւոր Պե­տիհա Էօզ­կէօք­չէ Էր­թան ու Լեզ­կին Պո­թան, նոյն կու­սակցու­թեան Տի­յար­պէ­քիրի պատ­գա­մաւոր Նի­մէթուլլահ Էր­տողմուշ նա­խորդ շա­բաթուայ ըն­թացքին պաշ­տօ­նական հարց ուղղած էին խորհրդա­րանին։ Անոնք իրենց հար­ցին մէջ կը մատ­նանշէին անուանի նկա­րիչ Ար­շիլ Կոր­քիի ծննդա­վայ­րի դէմ գոր­ծադրուած այս անար­գանքը եւ կը պա­հան­ջէին պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն պատ­ժուիլը։ Այս ան­գամ նիւ­թը դար­ձեալ օրա­կար­գի կու գայ Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան Իզ­մի­րի պատ­գա­մաւոր Մու­րատ Պա­քանի կող­մէ։ Այս վեր­ջինն ալ իր կար­գին կը դա­տապար­տէ գոր­ծադրուած անար­գանքը եւ մե­ղադ­րէ նաեւ տա­րածաշրջա­նի սրբու­թիւննե­րը անար­գող նշա­նակուած քա­ղաքա­պետը։ Մու­րատ Պա­քանի հար­ցումը ուղղուած է եր­կու նա­խարար­նե­րուն՝ զբօ­սաշրջու­թեան նա­խարար Նու­ման Քուրթու­լուշի եւ շրջա­պատի եւ քա­ղաքա­շինու­թեան նա­խարար Մեհ­մէտ Էօզ­հա­սէքիի։

Այս վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րէն ան­կա­խաբար վեր­ջերս Վա­նի քա­ղաքա­պետա­րանը հրա­ժարած էր իր այս ամօ­թալի արար­քէն եւ սա­կայն հի­մա ալ պնդումներ կը տա­րածուին թէ նոյն վայ­րի մէջ շի­նարա­րական աշ­խա­տու­թիւններ կը կա­տարուին։ Սա­կայն քա­ղաքա­պետա­րանը այս մա­սին որե­ւէ բա­ցատ­րութիւն մը հրա­պարա­կելէ կը խու­սա­փի եւ կը գո­հանայ կա­տարուած պնդումնե­րը ու­րա­նալով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ