Իրան կը խնամէ հայկական եկեղեցիները

Իրանի «Մշակութային Ժառանգի եւ Զբօսաշրջու­թեան Միու­թեան» նա­խագահ Մու­համմէտ Հա­սան Թա­լէպեան երկրի պե­տական լրա­տուա­միջո­ցին՝ ԻՐ­ՆԱ-ին կա­տարած յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշեց որ 14 մի­լիոն ռիալ (427 հա­զար ԱՄՆ տո­լար) տրա­մադ­րուած է պատ­մա­կան եկե­ղեցի­ներու վե­րանո­րոգ­ման հա­մար։ Միու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս գրան­ցած է 450 հայ եւ 150 ասո­րի եկե­ղեցի­ներ։ Թա­լէպեանը այս յայ­տա­րարու­թիւնը ըրաւ Թուրքիոյ, Ազար­պէյճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րուն մօ­տակայ Թա­դէի Վան­քի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ։ Սուրբ Թա­դէոս Եկե­ղեցին հա­յոց հնա­գոյն եկե­ղեցի­ներէն կը հա­մարուի 1319-ին մեծ երկրա­շար­ժին վնա­սուած ու ապա վե­րակեր­տուած էր։ Վա­նական հա­մալի­րը իր այ­սօ­րուայ տես­քը ստա­ցաւ 1811-ի նո­րոգու­թե­նէն ետք։

Սուրբ Թա­դէոսի վան­քը, Սուրբ Ստե­փանո­սի Վան­քի եւ Ծոր­ծո­րի մատ­րան հետ 2008-ին մաս կազ­մե­ցին ՈՒ­ՆԷՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի ցան­կին։

Նշենք որ Թա­դէի Վան­քի հա­րեւա­նու­թեան կա­ռու­ցուած է Սուրբ Բար­թո­ղիմէոսի Տա­ճարը, որ կը մնայ Թուրքիոյ սահ­մաննե­րուն մէջ։ Ան շատ եր­կար տա­րիներ զի­նուո­րական տա­րած­քի մէջ գտնուելով ան­հա­սանե­լի էր ժո­ղովուրդի այ­ցե­լու­թեան։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն զօ­րամա­սը տե­ղափո­խուած է եւ Բար­թո­ղիմէոսի՛ եկե­ղեցին ալ ար­գի­լուած տա­րած­քէն դուրս մնա­ցած։ Սա­կայն այս խիստ կա­րեւոր ճար­տա­րապե­տական կո­թողը մատ­նուած է ան­տէ­րու­թեամբ եւ են­թա­կայ է գան­ձա­խոյզնե­րու անխնայ աւե­րին։ Վա­նի մէջ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ քա­ղաքա­պետա­րանը եւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ կ՚աշ­խա­տէին վե­րանո­րոգ­ման ծրա­գիր մը պատ­րաստե­լու եւ գոր­ծադրե­լու հա­մար։ Սա­կայն վեր­ջին քա­ղաքա­կան եւ ռազ­մա­կան լա­րուա­ծութիւնները այդ տեսակի աշխատութիւնները օրակարգէ դուրս կը բերեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ