Գացին, ժամանակը շրջեցաւ այս տեղերը որբ մնացին

Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր մօտ անցեալին ճամբորդեց դէպի Սեբաստիոյ Զարա գաւա ռը։ Շրջեցաւ անցեալի հայկական թաղամասի փողոցներուն մէջ, լուսանկարեց եւ հին օրերու մասին զրուցեց տեղացիներուն հետ։ Հանդիպեցաւ 90-ամեայ Քազիմէ Իւսթիւնի, որուն հետ մտերմացաւ եւ շուրջիններուն «մի՛ խօսին, մի՛ պատմէր» ազդարարութիւնները մէկդի շպրտելով բազմաթիւ վկայութիւններ հաւաքեց Զարայի հայկական դիմագիծէն։

ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐ

14ժամ հան­րա­շար­ժով ճամ­բորդե­լէ ետք հա­սայ Սե­բաս­տիոյ Զա­րա գա­ւառը։ Դիւ­րաւ գտայ Նոր Զա­րա կո­չուած վայ­րին մէջ հին հայ­­կա­­­կան թա­­ղամա­­սը։ Հրաշ­­քի նման միայարկ կամ երկյար­­­կա­­­­­­­նի տու­­­նե­­­­­­­րէն մօ­­­տաւո­­­րապէս 20-ը յա­­­ջողած էին կան­­­գուն մնալ։ Հան­­­դի­­­­­­­պեցայ փլա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րու, որոնք խիստ հա­­­ւանա­­­բար հին հայ­­­կա­­­­­­­կան եկե­­­ղեցի­­­ներու կամ դպրոց­­­նե­­­­­­­րու մնա­­­ցոր­­­դացն էին։ Սկսայ մի առ մի լու­­­սանկա­­­րել, եր­­­բեմն վի­­­տէոյի դրու­­­թեամբ նկա­­­րահա­­­նումներ ալ կա­­­տարե­­­ցի։ Այդ պա­­­հուն հին, բա­­­ւական հին շէն­­­քի մը մուտքին պա­­­տահ­­­մամբ նկա­­­տեցի զինք։ Բա­­­ւական տա­­­րեց կ՚երե­­­ւէր այս պա­­­ռաւը եւ խոր­­­շո­­­­­­­մած դէմ­­­քը կ՚ապա­­­ցու­­­ցէր թէ պատ­­­մութեան ինչ-ինչ ապ­­­րումնե­­­րու ակա­­­նատես եղած է։ Բա­­­րեւե­­­ցի։ Ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւն ու­­­զե­­­­­­­ցի զինք նկա­­­րելու հա­­­մար։ Դիւ­­­րաւ հա­­­մակեր­­­պե­­­­­­­ցաւ։ Պատ­­­մութեան կեն­­­դա­­­­­­­նի վկա­­­յու­­­թիւն մըն էր իր պատ­­­մածնե­­­րը։ Սա­­­կայն մեր զրոյ­­­ցի պա­­­հուն ուժգին ձայն մը մի­­­ջամ­­­տեց։ Տե­­­ղական տա­­­րազ­­­նե­­­­­­­րով եւ մի­­­ջին տա­­­րիքով կին մըն էր։ «Հոս եկուր» կը գո­­­ռար։ «Հոս եկուր, ի՞նչ կը հարցնես, ի՞նչ լսել կ՚ու­­­զես»։ Քա­­­զիմէ նոյն ուժգնու­­­թեամբ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեց «իմ հիւրն է, Իս­­­թանպու­­­լէն եկած է դուն հոս եկուր»։ Կի­­­նը այս վճռա­­­կամ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը լսե­­­լով ետ դար­­­ձաւ ու ան­­­հե­­­­­­­տացաւ։ Պա­­­ռաւը առա­­­ջար­­­կեց թէ­­­յով հիւ­­­րա­­­­­­­սիրել, բայց ես մեր­­­ժե­­­­­­­ցի։ Խու­­­սա­­­­­­­փեցայ ձանձրու­­­թիւն տա­­­լէ։ Պատ­­­մեց որ եր­­­կու օր առաջ դրան շե­­­մին ին­­­կած է եւ մէջ­­­քը ցաւ­­­ցուցած։ «Շատ ցա­­ւեցաւ» կը պատ­­­մէր։ «Սրսկումնե­­­րով է որ ոտ­­­քի կրնամ կե­­­նալ»։ Այդ պա­­­հուն նկա­­­տեցի 60 տա­­­րեկա­­­նի սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մով մարդ մը, որ թէ գաճ կը ծե­­­փէր եւ թէ կը հե­­­տեւէր մեր զրոյ­­­ցին։ Յան­­­կարծ ան ալ մի­­­ջամ­­­տեց ըսե­­­լով՝ «Մօր­­­քուր ո՞վ է որ ամէն բան կը պատ­­­մեց իրեն։ Կը ճանչնա՞ս զինք։ Հա­­­պա եթէ լրագ­­­րող է ին­­­չո՞ւ կը պատ­­­մես ամէն ինչ»։ Պա­­­ռաւը ջղայ­­­նա­­­­­­­ցաւ «Իս­­­թանպու­­­լէն իմ հիւրս է» պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեց։ Բո­­­լորս գիտ­­­ցածներս պի­­­տի պատ­­­մեմ իրեն։ Որ­­­մէ՞ պի­­­տի վախ­­­նամ որ»։ Զգա­­­ցուած էի։ Դժուարա­­­ցայ ար­­­ցունքներս զսպե­­­լու։

Այս շրջա­­­գայու­­­թեան ըն­­­թացքին առի­­­թը ու­­­նե­­­­­­­ցայ Զա­­­րայի հայ­­­կա­­­­­­­կան թա­­­ղամա­­­սի ըն­­­դարձակ պար­­­տէզնե­­­րով շրջուած փայ­­­տա­­­­­­­շէն կամ քար­­­կիր սե­­­փական տու­­­նե­­­­­­­րը նկա­­­րելու։ Անոնցմէ մէ­­­կը որ­­­պէս կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան շէնք գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած էր մին­­­չեւ 1960-ական տա­­­րեթի­­­ւերը։ Զա­­­րայէն ետք ուղղուեցայ դէ­­­պի Սե­­­բաս­­­տիա, Քար­­­քըն գիւ­­­ղը։ Այստեղ այ­­­ցե­­­­­­­լեցի 80 ամեայ Ապ­­­տուզլլահ Գա­­­րամու­­­քը։ Վա­­­ղեմի բա­­­րեկամ մըն է ան, որուն հետ եօթը տա­­­րիներ միատեղ աշ­­­խա­­­­­­­տած ենք Թագ­­­ւոր Կիւ­­­լե­­­­­­­րեիւ­­­զի աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցի մէջ։ Ծե­­­րացած է։ Բո­­­լորած է 80 տա­­­րեկա­­­նը։ Շա­­­քարախ­­­տի պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ աչ­­­քե­­­­­­­րը չեն զօ­­­րեր։ Գրե­­­թէ ան­­­կողնի կը ծա­­­ռայէ։ Մինչդեռ ան­­­ցեալին եղած էր նշա­­­նաւոր ըմբշա­­­մար­­­տիկ մը, որը կա­­­րելի չէր եղած զգետ­­­նել բո­­­վան­­­դակ Սե­­­բաս­­­տիոյ մէջ։ Եր­­­կու գի­­­շեր մնա­­­ցի իր տա­­­նը, բայց այ­­­սօր պատ­­­մել ու­­­զածս Քա­­­զիմէ պա­­­ռաւի հետ մեր զրոյցն է։

-Ող­­­ջոյն, կրնամ ձեզ ճանչնալ, ի՞նչ է ձեր անու­­­նը։

-Անունս Քա­­­զիմէ է, Քա­­­զիմէ Իւսթիւն։

-Ան­­­ցեալին հայ դրա­­­ցիներ ու­­­նե­­­­­­­ցա՞ծ էք։ Կը յի­­­շէ՞ք իրենց անուննե­­­րը։

-Դեր­­­ձակ Առա­­­քելը կը յի­­­շեմ։ Հար­­­սին անու­­­նը Մա­­­նուշ։ Յե­­­տոյ Մի­­­սակը, Կա­­­րապե­­­տը, Պայ­­­ծա­­­­­­­ռը։ Այս փո­­­ղոցը ամ­­­բողջու­­­թեամբ հա­­­յեր կը բնա­­­կէին։ Հին Զա­­­րան է այս։ Նոր Զա­­­րան ներ­­­քեւն է։

-Իսկ ինչպէ՞ս էր հա­­­յոց հետ ձեր հա­­­րեւա­­­նու­­­թիւնը։

-Հա­­­յերը շատ լաւն էին։ Կը յի­­­շեմ Խտրել­­­լե­­­­­­­զի տօ­­­նը։ Հա­­­յեր զի­­­րար կը թրջէին։ Յե­­­տոյ ու­­­լունքներ կը բաժ­­­նէին։ Ման­­­կութիւնս իրենց հետ ան­­­ցած է։ Բո­­­լորն ալ կար­­­գին մար­­­դիկ էին։ Բան­­­ջա­­­­­­­րանոց­­­ներ ու­­­նէինք։

-Ու­­­րիշ ի՞նչ գոր­­­ծե­­­­­­­րով կը զբա­­­ղէին հա­­­յերը։

-Եր­­­կա­­­­­­­թագործ էին, կլա­­­յագործ ամէն արուես­­­տի վար­­­պետն էին։ Ամէն գործ կու գար իրենց ձեռ­­­քէն։

-Իսկ ե՞րբ գաղ­­­թե­­­­­­­ցին։

-Շատ շատ տա­­­րիներ առաջ։ Ես այն ատեն տա­­­սը տա­­­րեկան երա­­­խայ էի։ Ես այստեղ ծնած եմ, հոս ապ­­­րած եւ որո­­­շած եմ նաեւ հոս մեռ­­­նիլ։ Այս տու­­­նը իմ մօ­­­րաք­­­րոջս տունն էր։ Զա­­­ւակ չէր ու­­­նե­­­­­­­ցած։ Հօրս ձեռ­­­քէն առաւ զիս եւ ինք մեծ­­­ցուց։ Ազի­­­մէ էր մօ­­­րաք­­­րոջս անու­­­նը։ Դպրոց չեմ գա­­­ցած։ Ար­­­դէն դպրոց չկար որ։ Ման­­­կութիւնս խա­­­ղերով ան­­­ցաւ։ Գնդա­­­կով, քա­­­րեգնդի­­­կով։ Հայրս հո­­­ղագործ էր, մայրս ալ տնա­­­կան գոր­­­ծե­­­­­­­րով կը զբա­­­ղէր։ Աղ­­­քատ էինք։ 16 տա­­­րեկա­­­նիս ամուսնա­­­ցայ։ Ամու­­­սինս չեմ սի­­­րած եւ շու­­­տով բաժ­­­նուած։ Շատ գե­­­ղեցիկ էի այն ատեն եր­­­կար մա­­­զեր ու­­­նէի մին­­­չեւ մէջքս կը հաս­­­նէր։ Մարդ մը սի­­­րեցի, բայց ան ալ գի­­­նեմոլ էր։ Քաղցկե­­­ղէ վա­­­րակուեցաւ եւ շուտով մա­­­հացաւ։ Ան­­­կէ ետք չեմ ամուսնա­­­ցած։ Եր­­­կու որ­­­դի­­­­­­­ներ ու­­­նիմ։ Մէ­­­կը Ան­­­թա­­­­­­­լիա կ՚ապ­­­րի։ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի հիւ­­­րա­­­­­­­նոցի կող­­­քին հիւ­­­րա­­­­­­­նոց մը ու­­­նի, բայց ին­­­ծի տէր չի կանգնիր։ Մէկն ալ Պո­­­լիս է։

-Ին­­­չե՞ր կը պատ­­­մես հայ հա­­­րեւան­­­նե­­­­­­­րուդ մա­­­սին։

-Նստիր որ քե­­­զի թէյ մը պատ­­­րաստեմ։ Այսպէս չըլ­­­լար։ Եր­­­կա­­­­­­­թագործ էին։ Կլայագործ, պայ­­­տար, փռա­­­պան, դեր­­­ձակ, պար­­­տիզպան։ Բո­­­լոր ար­­­հեստնե­­­րուն կը տի­­­րապե­­­տէին։ Շատ հա­­­րուստ էին հա­­­յերը։ Ին­­­ծի ալ շատ կը սի­­­րէին։ Ահա­­­քին հայ ըն­­­կերներ ու­­­նէի։ Կա­­­րապե­­­տը, Նշա­­­նը, Պայ­­­ծա­­­­­­­ռը, Բագ­­­րա­­­­­­­տը, Մա­­­նու­­­շը, բո­­­լորն ալ մա­­­հացան։ Փռա­­­պան Պայ­­­ծա­­­­­­­ռը երեք աղ­­­ջիկներ ու­­­նէր։ Աղ­­ջիկնե­­րը շատ գե­­ղեցիկ էին։ Տե­­սաւ որ թուրքե­­րը պի­­տի փախցնեն գաղ­­թեց Իս­­թանպուլ։ Քա­­զան­­ճը­­­ներու ըն­­տա­­­նիքը շատ հա­­րուստ էր, շատ աշ­­խա­­­տասէր։ Ամ­­բողջ գիւ­­ղը կը կե­­րակ­­րէին։ Մենք ալ օգ­­տուած ենք իրենց սե­­ղանէն։ Գա­­ցին, ժա­­մանա­­կը շրջե­­ցաւ ալ ոչ մէկ բան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։

-Թա­­ղին մէջ եկե­­ղեցի կա՞ր։

-Կար։ Սա ներ­­քե­­­ւի տան տեղն էր, փլե­­ցին։ Ես փոքր էի այն ժա­­մանակ մէյ մալ տե­­սանք որ փլեր են։ Յան­­կարծ փսփսա­­լով կը յայտնէ «թուրքե­­րը եկե­­ղեցիի ար­­ժէ­­­քաւոր իրե­­րը կո­­ղոպ­­տե­­­ցին։ Ես մա­­նուկ էի»։

-Իսկ հա­­յերը որ գաղ­­թե­­­ցին դուք տխրե­­ցա՞ք։

-Հա­­յերը լաւն էին։ Լա­­ցինք, ող­­բա­­­ցինք իրենց ետե­­ւէն։ Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը հրա­­հան­­գեց ու Իս­­թանպուլ գա­­ցին։ Ապա լսե­­ցինք որ հոն ալ լաւ են։ Գործ սար­­քեր են, խա­­նութ բա­­ցեր հարստա­­ցեր են կրկին։

-Կու­­զէի՞ր որ հա­­յերը հի­­մա ալ հոս ապ­­րեն։

-Եթէ հա­­յերը հոս մնա­­յին այստեղ­­նե­­­րը այսպէս անա­­պատ կ՚ըլ­­լա՞ր։

Շրջա­­գայու­­թիւն հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ

Կը շա­­րու­­նա­­­կեմ քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ շրջիլ եւ լու­­սանկա­­րել։ Թա­­ղեցի­­ներէն մէ­­կը կը մօ­­տենայ Հա­­սան Եըլ­­տըզ է անու­­նը։ Ան պատ­­մե­­­լիք­­ներ ու­­նի։ «Սա Եէնի Ճա­­միի թա­­ղամասն է։ Իսկ այս տե­­սածդ հա­­յերու օրէն մնա­­ցած է։ Նո­­յի ապա­­րան­­քը կը կո­­չեն։ Քա­­ղաքի հնա­­գոյն թա­­ղերն են ասոնք՝ Հա­­թիփ թա­­ղը, Չար­­շը­­­պաշըն։ Ես 67 տա­­րեկան եմ։ այստեղ ծնած եմ։ Նոյնպէս հայրս, մեծ հայրս։ Մին­­չեւ 1960 Զա­­րայի մէջ հա­­յեր կ՚ապ­­րէին։ Հի­­մա միայն եր­­կու երեք ըն­­տա­­­նիք մնա­­ցած է, որոնք հի­­ները կը ճանչնան, բայց նո­­րերը ոչ։» Դար­­բին Մու­­շե­­­ղը կար, անոր տղա­­քը կան Համ­­բա­­­րը։ Համ­­բա­­­րի եղ­­բայրը առ­­կա­­­ծի մը հե­տեւան­քով մե­ռած է։ Տղան քա­ղաքա­պետա­րանը կ՚աշ­խա­տի։ Ինքնու­թիւնը փո­խեր է իս­լամ դար­ձել»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ