Համառօտագրութիւն՝ համայնքի փոթորկոտ օրակարգէն


Պէյ­քո­զի Սուրբ Նի­կողա­յոս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­­նու­­թիւնը իր սե­­փակա­­նու­­թեան մէջ գտնուող հո­­ղատա­­րած­­քին եւ ստա­­ցուած հա­­տուցման գոր­­ծածման մա­­սին բա­­ցատ­­րութիւններ տուաւ։ Յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ նշուեցաւ թէ 25 Յու­­լի­­­սին Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ կա­­յացած ժո­­ղովի լու­­րը մա­­մու­­լի մէջ կարգ մը դիւ­­րի­­­մացու­­թիւննե­­րու տե­­ղի տուած է։ Սխալ հաս­­կա­­­ցողու­­թիւննե­­րը կան­­խե­­­լու հա­­մար կը յայ­­տա­­­րարենք թէ՝

ա) Թա­­ղական խոր­­հուրդիս սե­­փակա­­նու­­թիւնը եղող հո­­ղատա­­րած­­քի հա­­մար կազ­­մուած յանձնա­­խումբը հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րէն բաղ­­կա­­­ցած կա­­մաւոր խորհրդակ­­ցութեան մարմին մըն է։ Թա­­ղակա­­նու­­թեան իրա­­ւաս­­նութիւննե­­րը եւ լիազօ­­րու­­թիւննե­­րը խորհրդին չեն փո­­խան­­ցուած։ Վա­­քըֆ­­նե­­­րու օրէն­­քը նման փո­­խան­­ցումի մը կա­­րելիու­­թիւն չի տար։ Ինչպէս 13 Փետ­­րուարի մեր յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ ալ նշուած է թա­­ղակա­­նու­­թիւնը իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան շրջա­­նին բո­­լոր նիւ­­թե­­­րու նե­­րառեալ հո­­ղատա­­րած­­քի խնդրին մէջ միակ լիազօրն է։

բ) Վա­­քըֆ­­նե­­­րու օրէն­­քը մեր թա­­ղակա­­նու­­թեան փո­­խան­­ցուած հա­­տու­­ցումը միայն նոր կա­­լուած գնե­­լու հա­­մար գոր­­ծա­­­ծելու իրա­­ւունք կու տայ։ Մենք ալ այս ուղղու­­թեամբ պի­­տի աշ­­խա­­­տինք։

գ) Մին­­չեւ նոր կա­­լուած մը գնուի հա­­տուցման գու­­մա­­­րը լա­­ւագոյնս ար­­ժե­­­գաւո­­րելու հա­­մար խորհրդակ­­ցութիւննե­­րու սկսած ենք։ Ար­­դէն խորհրդակ­­ցա­­­կան մար­­մինն ալ այս նպա­­տակով օրա­­կար­­գի եկած էր։

Փաս­­տա­­­բանին բա­­ժինը զեղ­­չուած

Սուրբ Նի­­կողա­­յոս Եկե­­ղեց­­ւոյ տա­­րած­­քի ար­­ժա­­­նի կեր­­պով շա­­հագործման հա­­մար կազ­­մուած յանձնա­­խումբը իր առա­­ջին աշ­­խա­­­տու­­թիւնը տա­­րաւ իրա­­ւաբան Ալի Էլ­­պէ­­­յօղ­­լուի հետ։ Ժո­­ղովի աւար­­տին զեղ­­ջուեցաւ փաս­­տա­­­բան Ալի Էլ­­պէ­­­յօղ­­լուի ստա­­նալիք բա­­ժինը եւ ջնջուեցաւ տա­­րած­­քի շի­­նու­­թե­­­նէն ետք իրեն լիազօ­­րու­­թիւն ընդձե­­ռող յօ­­դուա­­ծը։

Այս մա­­սին կա­­տարուած է հե­­տեւեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը՝ «Պէյ­­քո­­­զի թա­­ղակա­­նու­­թիւնը եւ նո­­րակազմ խորհրդակ­­ցա­­­կան մար­­մի­­­նը 1 Օգոս­­տոս 2017-ին ժո­­ղով գու­­մա­­­րած են Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ։ Սոյն ժո­­ղովին նա­­խագա­­հած է Սա­­հակ Արք. Մա­­շալեան։ Իս­­կոյն դի­­ւան մը կազ­­մուեցաւ, որուն նա­­խագա­­հու­­թիւնը յանձնուեցաւ Արեք Ֆե­­րահեանին եւ մամ­­լոյ բան­­բեր կար­­գուեցաւ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լը։ Քննար­­կուեցաւ նա­­խորդ վեր­­ջին ժո­­ղովի ընըաց­­քին իրա­­ւապաշտպան Ալի Էլ­­պէ­­­յօղ­­լուի եւ թա­­ղական խոր­­հուրդի մի­­ջեւ հաս­­տա­­­տուած հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը։ Բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու աւար­­տին Պէյ­­քո­­­զի Հիմ­­նարկին Քա­­ղաքա­­պետա­­րանի հետ ու­­նե­­­ցած դա­­տի հա­­մար ճշդուած տաս­­նը­­­չորս առ հա­­րիւր տո­­կոսը զեղ­­ջուեցաւ ու­­թը առ հա­­րիւ­­րի։ Այսպէ­­սով կնքուեցաւ նոր հա­­մաձայ­­նա­­­գիր մը։ Բա­­ցի այդ Փաս­­տա­­­բան Ալի Էլ­­պէ­­­յօղ­­լուի եւ Պէյ­­քո­­­զի թա­­ղակա­­նու­­թեան մի­­ջեւ նա­­խապէս կնքուած հա­­մաձայ­­նութիւնն ալ չե­­ղեալ հա­­մարուած եւ այս որո­­շու­­մը ար­­ձա­­­նագ­­րուած է հիմ­­նադրա­­մի ատե­­նագ­­րութեան մէջ»։

Ժո­­ղովը իր աւար­­տին հա­­սաւ այլ նիւ­­թե­­­րու քննար­­կումէն ետք։

Մեր կար­­ծի­­­քը նկա­­տի չա­­ռին

Պէյ­­քո­­­զի հո­­ղատա­­րած­­քին մա­­սին կար­­ծիքներ յայտնե­­ցին նաեւ 2016-ին իրա­­ւասու­­թիւնը վերջ գտած Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Կա­­լուա­­ծոց Յանձնա­­խումբի ան­­դամնե­­րը։ Անոնք խմբո­­վին այ­­ցե­­­լեցին խմբագ­­րա­­­տուն եւ բա­­ցատ­­րութիւններ տուին իրենց շրջա­­նին կա­­տարուած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու մա­­սին։

Այս այ­­ցե­­­լու­­թեան դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը եղած է նո­­րակազմ յանձնա­­խումբի մա­­սին մա­­մու­­լի մէջ լոյս տե­­սած լրա­­տուու­­թիւնը։

Դա­­նիէլ Ան­­թի­­­քաճըօղ­­լու, Ար­­սէն Էրոլ, Մու­­րատ Վու­­րալ, Մկրտիչ Ար­­ծի­­­ւեան եւ փաս­­տա­­­բան Էօմէր Քան­­թի­­­կէ բաղ­­կա­­­ցող նախ­­կին Կա­­լուա­­ծոց Յանձնա­­խումբը քննա­դատե­լով նա­խորդ շա­բաթուայ մէջ կա­տարուած յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, տուաւ հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւ­նը՝ «ժո­ղովի ըն­թացքին փո­խան­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րու կա­րեւոր մէկ մա­սը սխալ­նե­րով լե­ցուն է։ Պնդուած է թէ մե­զի դրա­մատու­նէն գան­ձում կա­տարե­լու լիազօ­րու­թիւն տրուած է։ Բո­լորո­վին ան­հիմն պնդում մըն է։ Նման իրա­ւասու­թիւնը ո՞վ կրնայ տալ։ Միայն թա­ղակա­նու­թիւնը ու­նի այդ լիազօ­րու­թիւնը։ Բա­ցի այդ կ՚ըսուի թէ հո­ղի գոր­ծա­ծու­թեան իրա­ւունքը տրուած էր, բայց անոնք վե­րածեր են վար­ձե­լու իրա­ւունքի։ Այս իրա­ւասու­թիւնը տուողը ո՞վ է»։

Դա­նիէլ Ան­թի­քաճըօղ­լուի այս բա­ցատ­րութիւննե­րէն ետք Կա­լուա­ծոց Յանձնա­խումբի նախ­կին ան­դամնե­րէն Շա­հին Կե­զեր ալ յայտնեց թէ խնդրոյ առար­կայ տա­րած­քը 50 հա­զար քա­ռակու­սի մեթր է։ «Մենք 34 հա­զար քա­ռակու­սի մեթ­րի հա­մար դատ բա­ցած էինք եւ նշած էինք թէ քա­տասթրո­յի քննար­կումէն առաջ մեր իրա­ւունքնե­րը վե­րապա­հուած են։ Աւե­լի ուշ Աթէ­շեան հրա­ժարե­ցաւ այս դա­տէն։ Այժմ նոր շրջա­նին նշուած այդ 15 հա­զար քա­ռակու­սի մեթ­րի հա­մար ալ պէտք է դատ բա­ցուի»։

Լու­ծարքուած յանձնա­խումբի ան­դամնե­րը նշե­ցին որ տա­րած­քի շա­հագոր­ծումը նա­խապէս փո­խան­ցուած էր Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցին։ Արամ Սրբա­զանի մի­ջամ­տութեամբ այդ իրա­ւունքը հի­ւան­դա­նոցէն առ­նուելով փո­խան­ցուեցաւ Յո­վակիմ 1461 հիմ­նադրա­մին։ Յանձնա­խումբի նախ­կին ան­դամնե­րը այս որո­շումն ալ խստօ­րէն քննա­դատե­ցին եւ սխալ հա­մարե­ցին։ «Մենք այդ ժա­մանակ այս լսե­լով իս­կոյն դի­մեցինք հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան։ Զգու­շա­ցու­ցինք զի­րենք ըսե­լով որ բար­դութիւններ կրնար գո­յանալ հե­տեւա­բար ետ մի մնաք ձեր պա­հան­ջա­տիրու­թե­նէ։ Այդ ժո­ղովին մէջ Արամ Սրբա­զան մեզ խստօ­րէն յան­դի­մանեց –Դուք ո՞վ կ՚ըլ­լաք, որ նման միջամտութիւններ կ՚ունենաք- ըսելով» ըսաւ Շահին Կեզեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ