Նշանեան՝ «բան մըն ալ չեն կրնար ընել»

Ծանօթ լեզուաբան եւ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի Ֆոքայի բանտէն փախուստը լայն արձագանգ գտած էր հայկական մամու­լի եւ ըն­կե­րային սան­ձե­րու վրայ։ Իսկ Թուրքիոյ յատ­կա­պէս իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը առ­հա­սարակ ան­տե­սած էր փա­խուստի դէպ­քը։ Այս շա­բաթ յան­կարծա­կի կեր­պով օրա­կար­գի եկաւ Իզ­մի­րի Սել­չուք գա­ւառի Շի­րին­ճէ գիւ­ղի մէջ Սե­ւան Նշա­նեանի պատ­կա­նող շէն­քե­րու փլուզման մա­սին լու­րը։ Նախ­կին յու­նաբնակ այս գիւ­ղը շատ եր­կար տա­րիներ լքուած վի­ճակ ու­նէր եւ հա­զիւ Սե­ւան Նշա­նեանի այդ գիւ­ղին մէջ գնած տու­նե­րը իր նախ­կին տես­քով նո­րոգե­լէ ետք դար­ձաւ զբօ­սաշրջու­թեան կա­րեւոր կեդ­րոն մը։ Այ­սօր Շի­րին­ճէ Եգէակա­նի շրջա­կայ­քին մէջ կա­րեւոր կեդ­րոն մը դար­ձած է, որ ամէն տա­րի կ՚ըն­դունի մեծ թի­ւով զբօ­սաշրջիկ­ներ։ Ոմանք այս վեր­ջին փլուզման լու­րը կը մեկ­նա­բանեն իբ­րեւ պե­տու­թեան վրի­ժառու­թիւնը ձեռ­քէն փա­խած բան­տարկեալին հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ «Հիւրրի­յէթ» թեր­թը այս մա­սին կը հա­ղոր­դէր պնդե­լով թէ պե­տու­թիւնը ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը կու տայ Սե­ւան Նշա­նեանի։ Թեր­թի պնդու­մին հա­մաձայն փլե­լու որո­շում կա­յացած է 129 շի­նու­թիւննե­րու հա­մար, որոնց մէջ է նաեւ Սե­ւան Նշա­նեանի եւ Ալի Նե­սինի հա­մատեղ ջան­քե­րով կա­ռու­ցուած Թուաբա­նու­թեան գիւ­ղը եւ Թուաբա­նու­թեան Ակա­դեմիան։

Թեր­թին այս պնդու­մին դէմ կը պար­զուի թէ միայն երեք կա­լուած­նե­րու հա­մար փլե­լու ազ­դա­րարու­թիւն հա­սած է, որոնց մէջ Նշա­նեանի պատ­կա­նող որե­ւէ շէնք գո­յու­թիւն չու­նի։

Սե­ւան Նշա­նեան Դի­մատետ­րի մի­ջոցաւ բա­ցատ­րութիւններ տուաւ կա­տարուածին մա­սին ու յայտնեց թէ բո­լոր խնդի­րը կը ծա­գի տհաս հա­րեւա­նի մը բո­ղոքէն։ «Իր ան­ճոռնի խրճի­թի փլուզման ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար զիս օրի­նակ բե­րելով ըսած է թէ –իմ տունս կը փլէք, Նշա­նեանի տու­նե­րուն բան մը չէք կրնար ընել-։ Խնդի­րը այսքան պարզ է, հե­տեւաբար չափազանցելու պատճառ չկայ։ Բան մըն ալ չեն կրնար ընել»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ