Դատաւորը՝ «Ի՞նչ է այս խայտառակ նկարներու նպատակը»

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը տակաւին կը շա­րու­նա­կուի Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի մէջ։ 86 ամ­­բաստա­­նեալ­­նե­­­րով շա­­րու­­նա­­­կուող դա­­տի այս շա­­բաթուայ նիս­­տե­­­րուն քննար­­կուեցաւ ոճ­­րա­­­գործ Օկիւն Սա­­մաս­­թի ձեր­­բա­­­կալու­­թեան պա­­հուն Սամ­­սունի մէջ տեղ­­ւոյն ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու եւ ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու հետ թրքա­­կան դրօ­­շակ մը պար­­զե­­­լով նկա­­րուե­­լու դէպ­­քը։ Այդ լու­­սանկա­­րի մէջ երե­­ւացող­­նե­­­րը եւ լու­­սանկա­­րը մա­­մու­­լին փո­­խան­­ցողնե­­րը կը մե­­ղադ­­րուին հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ տպա­­ւորու­­թիւն գո­­յաց­­նե­­­լու մե­­ղադ­­րանքով։ Այս շրջա­­նակով Սամ­­սունի Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց Հրա­­մանա­­տարու­­թեան լրա­­քաղու­­թեան բաժ­­նի պաշ­­տօ­­­նեանե­­րէն Պիւ­­րոլ Ուստաօղ­­լու ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ փո­­խան­­ցեց ձեր­­բա­­­կալ­­ման պա­­հուն մա­­սին։ «Մեր քա­­ղած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու հի­­ման վրայ Սամ­­սունի աւ­­թօ­­­կայա­­նին մէջ սկսանք սպա­­սել այն աւ­­թօ­­­պիւ­­սը, որուն հետ պէտք է գար Օկիւն Սա­­մասթ։ Մեր պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րը զինք ձեր­­բա­­­կալե­­ցին եւ աւ­­թօ­­­կայա­­րանի ոս­­տի­­­կանա­­տու­­նը առաջ­­նորդե­­ցին։ Մսած կ՚երե­­ւէր փոր­­ձե­­­ցի զինք հանգստաց­­նել, ըսե­­լով թէ այստեղ իրեն վտանգ մը չի սպառ­­նար։ Սո­­ված էր, թոսթ եւ թէյ ապսպրե­­ցի։ Խոս­­տա­­­ցաւ յայտ ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Զինք խու­­զարկե­­ցինք եւ իր վրայ դրօ­­շակ մը գտանք։ -եթէ դրօ­­շակս առ­­նէք բառ մը իսկ չեմ խօ­­սիր- ըսաւ։ Այդ պայ­­մաննե­­րու տակ դա­­տախա­­զը յօ­­ժարե­­ցաւ դրօ­­շակը իրեն վե­­րադարձնել պայ­­մա­­­նաւ որ ան ալ պա­­տաս­­խա­­­նէ ուղղուած հար­­ցումնե­­րուն»։

Ուստաօղ­­լու ապա բա­­ցատ­­րութիւններ տուաւ նկա­­րահա­­նու­­մի ինչ պայ­­մաննե­­րուն տակ կա­­տարուելուն մա­­սին։ Իր բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը ջղայ­­նա­­­ցուց դա­­տակազ­­մի պե­­տը, որ յան­­դի­­­մանե­­լով ըսաւ թէ, ո՞ր իրա­­ւասու­­թեամբ հար­­ցաքննու­­թիւն կա­­տարե­­ցիք։ «Այդպէս լիազօ­­րու­­թիւն մը չու­­նէիք, ին­­չո՞ւ հա­­մար ան­­մի­­­ջապէս ձեր­­բա­­­կալել եւ Իս­­թանպուլ ղրկե­­լու փո­­խարէն այս խայ­­տա­­­ռակ նկար­­նե­­­րը քա­­շուե­­ցաք եւ վերջն ալ մա­­մու­­լին փո­­խան­­ցե­ցիք»։ Ուստաօղ­լու այս յան­դի­մանու­թիւննե­րու դէմ յայտնեց թէ ամէն ինչ կա­տարուած է դա­տախա­զի ցուցմունքներով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ