ՄԵԼԻՍԱ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
Այս տարի երկրորդ անգամ է որ Թուրքիայէն աշակերտներու խումբ մը կը մասնակցին Հայաստան, ԹՈՒՄՕ Ստեղծարար Գործական Կեդրոնի ամառնային ճամբարին։ Եգիպտոս, ԱՄՆ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Գերմանիա, Կիպրոս եւ Ամիրադներու նման երկիրներէն մասնակցողներու կողքին Իսթանպուլէն ալ 31 աշակերտ մասնակցեցան ճամբարի 16-29 Յուլիսի աշխատութիւններուն։
Պոլսահայ դպրոցները եւ կարգ մը բարերարներ ապահովեցին 19 աշկերտներու կրթաթոշակները։ Իսկ Հրանդ Տինք Հիմնարկը Թուրքիա-Հայաստան ճանապարհորդութեան դրամաշնորհի միջոցաւ ապահովեց նոյն 19 աշակերտներու եւ իմ ճանապարհածախսը։ Ես խումբին մասնակցեցայ որպէս պատասխանատու։ 17 Յուլիսի կէս գիշերին Երեւան հասանք եւ Երկուշաբթի առաւօտ սկսաւ մեր երկու շաբաթ տեւողութեամբ ծանրաբեռնուած ծրագիրը։
Ճամբարին կը մասնակցին 11-18 տարեկանի պատանիներ, որոնք առիթը կ՚ունենան այս այլընտրանքային դպրոցի յատկութիւնները յայտնաբերելու։ Երկուշաբթի օր մեկնարկող դասի ծրագրի աւարտին աշակերտները կը սկսին արդէն իրենց աշխատութիւնները պատրաստելու։ Ուրբաթը այդ պատրաստութեան պտուղը ներկայացնելու օրն է։ Շատ տպաւորիչ են այդ արդիւնքները, ուր երբեմն կը հետեւինք ռոպոթներու պատերազմին, իսկ երբեմն ալ տուեալ չորս օրերու ընթացքին արտադրուած կարճամեթրաժ ֆիլմերուն։ ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրերը սահմանուած չէ դասապահներով։ Համարեա ամէն օր դասի պահերէն ետք մասնակիցները առիթը կ՚ունենան մարմնամարզական աշխատութիւններու հետեւելու կամ ալ ծանօթանալու Երեւան քաղաքին։ Մեզի համար խիստ հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Վարդավառի Տօնը, ուր բոլորս միասին թաց եւ ուրախ ապրումներու մէջ մնացինք։
ԹՈՒՄՕ-ի կարեւոր յատկութիւններէն մէկն ալ նախկին սաներու այս աշխատութիւններուն մասնակցիլն է։ Այսպէս մենք ալ ուզեցինք ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային ճամբարին մասնակցող զանազաններուն տպաւորութիւնները լսել եւ ընթերցողին փոխանցել։ Առաջին հերթին ստացանք կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի կարծիքները։ Ան շատ ուրախ է Քամեր Թոքէրի հետ տարած իր աշխատանքի արդիւնքէն։ Կը կարեւորէ Պոլսահայ աշակերտներու բացի ԹՈՒՄՕ-ի հետ կապ հաստատել նաեւ Հայաստանի հետ շփում մը ունենալու երեւոյթը։ «Անցեալ տարի մասնակցած աշակերտներէն մէկ մասը այս տարի կրկին եկած են։ Այս երեւոյթը կը փաստէ թէ մեր նպատակին կը հասնինք»։
Իսկ ամառնային ճամբարի պատասխանատու Մարալ Ազնաւուր ոգեւորուած է մասնակիցներու յուզումին ականատես ըլլալով։
Քամեր Թոքէր ալ իր կարգին բաւական գոհացած է տեսնելով ձեռք բերուած արդիւնքը։ «Կեդրոնը տարուէ տարի կը յառաջանայ։ Կ՚աւելնայ իր ձեռքբերած յաջողութիւններու թիւը։ Կ՚աւելնայ նաեւ մասնաճիւղերը։ Տակաւին նախորդ շաբաթ ապրեցանք 153 երկիրներու մասնակցութեամբ կայացող ռոպոթիկ թեքնոլոկիաներու մրցման մէջ ԹՈՒՄՕ Հայաստանի նուաճած յաջողութիւնը։ Մենք աշակերտներուն կը մատուցենք անգլերէնով ամառնային ճամբարի մը հնարաւորութիւնը։ Աշակերտները կրնան մէկ շաբաթէն մինչեւ վեց շաբաթ յաճախել մեր դասընթացքներուն»։ Քամեր Թոքէր այս առթիւ բացի ԹՈՒՄՕ-ի անձնակազմին միացող ԹԷԹ Աժանտայի խմբագիր Մելիսա Արսլանեան, ուսուցիչներ Ալեն Թաշչըօղլու, Լոռին Աքշահինէ նշեց նաեւ կարգ մը բրերարներու ներդրումը այս աշխատանքին։ Յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուի, Հայկ Ասլանեանի, Իսքենտեր Շահինկէօզի, Արէտ Գորեանի, Արաս Տելիճէի, Տելալ Տինքի, Նայաթ Գարաքէօսէի, Իսա Տեմիրի, Սեւան Պըչաքճըեանի, Մոնիկ Էրկանի, Շէյտա Էրկանի, Անահիտ Պոզաճըեանի, Դալար Փոլաթի, Տիգրան Կիւլմեզկիլի, Նուրհան Փալաքօղլուի եւ «Արաս» հրատարակչատան անունները ու գնահատեց անոնց այս աշխատանքի կարեւորութեան գիտակցելու մտայնութիւնը։
Ուզեցինք լսել նաեւ ամառնային ճամբարի մասնակցողներու տպաւորութիւնները, որոնք եւս շատ ոգեւորիչ էին։ Օրինակի համար Սարըեէրի «Տողա» քոլէժի ուսանող Արտա Զօրլուեան մեծ ոգեւորութիւնով կ՚արտայայտուի այս առթիւ իր ունեցած ընկերութիւններու մասին։ Ան մտադիր է յառաջիկայ տարի նոյն դասընթացքներուն դարձեալ մասնակցելու։
Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանի սաներէն Մասիս Գարա ԹՈՒՄՕ-ի մասնակցելու առթած յուզումի կողքին կը նշէ նաեւ առաջին անգամ Երեւան ճամբորդելու պատճառած յուզումը։ Ան ուրախութեամբ կ՚ընդգծէ նաեւ մէկ շաբաթուայ ընթացքին արեւելահայերէնին տիրապետելու բացառիկ երեւոյթը։ Էսայեան Վարժարանի սաներէն Արիս Տիգրան Նշան կը կիսէ Մասիս Գարայի զգացումները, քանի որ իրեն համար ալ շատ կարեւոր երեւոյթ է ԹՈՒՄՕ-ի ճամբարին Հայաստանի մէջ գործած ըլլալու երեւոյթը։
Ժան Սամուրքաշ, որ ԹՈՒՄՕ-ին կը մասնակցի Մխիթարեան Վարժարանէն, զարմանքով կը հարցնէ թէ պտոյտ մը, ուսումը եւ միջավայրը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան արդիւնաբեր ըլլալ։ «26 հոգինոց խումբով մը երկու շաբաթ տեւողութեամբ թէ շրջեցանք, թէ սորվեցանք եւ թէ շատ զուարճացանք։ Կ՚ուզեմ որ այս փորձութիւնը բոլոր երախաները վայելեն»։ Լեռնա Կեչէր Սամաթիոյ Սահակեան Վարժարանի սան է։ Ան ալ Էսայեանի սաներէն Մելիսա Քալտըլըի նման շատ երկար ժամանակ երազած է Հայաստան այցելելու մասին։ Այդ երազանքը ահա կ՚իրականանայ ԹՈՒՄՕ-ի ճամբարի միջոցաւ, ուր վերադարձին զանազան երկիրներէ եկած բազմաթիւ նոր ծանօթութիւններով հարստացած կը զգայ ինքնիրեն։ «Դէպի անծանօթ տեղ մը ճամբորդել ինքնին որոշ մտահոգութիւններու պատճառ է։ Սակայն տեղ հասանելով շուտով ձերբազատուեցայ այդ մտահոգութիւններէն։ Շատ բարձր մակարդակով եւ մասնագիտական բնոյթով ուսում մը ստացայ ԹՈՒՄՕ-ի երդիքին տակ։ Ես շնորհակալ եմ այս առիթը ընդձեռող բոլորին»։ Ալեն Թաշչըօղլու Կեդրոնական Վարժարանի մէջ համակարգիչի ուսուցիչ է։ Ան դասաւանդութիւնը կը դիտէ երկու չափանիշերու մէջ, թէ անհատական զարգացում եւ թէ յատկապէս հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ կենցաղի թափանցելու լաւագոյն միջոց։
Սեն Ժոզէֆ Գերմանական Դպրոցի սան Կարէն Տապանեանի համաձայն ԹՈՒՄՕ-ի յատկութիւնը կու գայ ոչ թէ սորվեցնելէ, այլ սորվելու եղանակները ուսուցանելէ։ Տատեանի Վարժարանէն Նորա Տինք ազդուած է ԹՈՒՄՕ-ի թեխնոլոկիական առումով գերարդիական շէնքի ճարտարապետութենէն։ «Հետաքրքրական է որ բոլոր դասերը կ՚անցնին համակարգչի դրութեամբ։ Նկարչութիւնը, ձեւաւորումը, լուսանկարը, երաժշտութիւնը բոլոր այն նիւթերը, որոնք կը խոստանան ենթական զարգացնելու։ Բոլորն ալ մեր տրամադրութեան տակ էին, բոլորն ալ հասանելի»։ Իսկ Լարիս Սելին Տայան նախապէս խիստ մտահոգ եղած է այս անծանօթ միջավայրի մէջ մարդկանց հետ ինչպիսի յարաբերութիւն մը կազմելու մասին։ Շուտով անդրադարձած է որ առաջին նախափորձերը իսկ բաւական եղած են, որպէսզի ան վերագտնէ ինքնավստահութիւնը, որմէ ետք ամէն ինչ շատ աւելի հեշտութեամբ ընթացած է։ «Դասապահներու մեզի սերտուածները փորձելու հնարաւորութիւն ունեցանք։ Այլեւս կարելի չէ անգամ մը սորվուածը մոռնալ»։