Ի՞նչ իրաւունքով եղծանել Դուրեանին շիրիմը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Սփիւռքա­հայ գրա­գէտ Վահ­րամ Մա­վեան, որ «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հաս­տա­տու­թեան հայ­կա­կան գրա­սենեակին աշ­խա­տակիցն էր միաժա­մանակ, Պո­լիս հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թե­նէ վերջ բա­ւական խօ­սուն վեր­նա­գիրով մը կը կնքէ իր տպա­ւորու­թիւննե­րը գրա­ռած մէկ յօ­դուա­ծը՝ «Քա­ղաքը որ կ՚ապ­րի իր մե­ռել­նե­րով»։ Միայն Մա­վեա՞նը մի­թէ… Քա­նի՜ քա­նի այ­ցե­լու­ներ իրենց Պո­լիս կե­ցու­թեան շրջա­նին, նոյ­նիսկ պոլ­սե­ցիներ՝ դպրո­ցական ըլ­լան թէ շրջա­նաւարտ, գե­րեզ­մա­նատու­նե­րու մէջ կ՚որո­նեն իրենց ան­ցեալը, յա­գուրդ կու տան պատ­մութեան հան­դէպ իրենց ծա­րաւին, կը ստեղ­ծեն մօ­տիկու­թիւն մը մեծ բա­նաս­տեղծնե­րուն կամ ան­հատնե­րուն հետ։ Շա­տեր կը յի­շեն ան­պայման. Հա­յաս­տա­նի առա­ջին նա­խագահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան, երբ առա­ջին ան­գամ քա­ղաքս կ՚այ­ցե­լէր, առա­ջին իսկ ազատ պա­հուն՝ իր շունչը կ՚առ­նէր Պաղ­լարպա­շըի հա­յոց գե­րեզ­մա­նատան մէջ՝ տես­նե­լու հա­մար Պետ­րոս Դու­րեանին շի­րիմը… Այո՛, Պետ­րոս Դու­րեանի, որու շի­րիմը ո՛չ միայն մեր այս ար­դի ժա­մանակ­նե­րուն ուխտա­վայր մը դար­ձած է, ո՛չ միայն վա­ղուց կո­րու­սեալ ան­ցեալէն մա­սունքի մը վե­րաբե­րու­մին ար­ժա­նացած է վեր­ջերս, այլ, բո­լոր հա­յերուն հա­մար եղած է այ­ցե­լավայր մը շատ հին ժա­մանակ­նե­րէն սկսեալ։ Ան­կա­րելի է հոս չյի­շել Զա­պէլ Եսա­յեանի հրա­շալի տո­ղերը, «Սկիւ­տա­րի Վեր­ջա­լոյսներ»էն, ուր գրա­գիտու­հին զգա­յուն տո­ղերով կը նկա­րագ­րէ իր այ­ցե­լու­թիւնը Դու­րեանի շի­րիմին։

Դու­րեանի շիր­մին պատ­մութիւ­նը հե­տեւեալն է. բա­նաս­տեղծը, որ իր կեն­դա­նու­թեան շրջա­նին աւե­լի ծա­նօթ էր որ­պէս թա­տերա­գիր ու դե­րասան, կը մեռ­նի 1872-ին, 21 տա­րեկա­նին. իր մա­հէն ետք ըն­թերցա­սիրաց ըն­կե­րու­թիւնը կը տպագ­րէ Դու­րեանին եր­կե­րը եւ գո­յացած գու­մա­րով իսկ կը կանգնե­ցուի շի­րիմը, 1874-ին։ Յա­կոբ Պա­րոնեան եւ ժա­մանա­կակից մտա­ւորա­կան­նե­րը հե­տամուտ են որ ոչ մէկ թե­րի ըլ­լայ։ Տա­պանա­գիրին հե­ղինակն է Պետ­րոս Դու­րեանի 14-ամեայ եղ­բայրը՝ Միհ­րան, հե­տագա­յի Եղի­շէ Դու­րեան Պատ­րիար­քը (տա­պանա­գիրը կը խմբագ­րէ բա­նաս­տեղծ Խա­չատուր Մի­սաքեան)։ Դու­րեանի շի­րիմը կը բա­րեկար­գուի 1893-ին։ 1898-ին Եղի­շէ Դու­րեան իր մի­ջոց­նե­րով դար­ձեալ կը վե­րանո­րոգէ շի­րիմը, որու հա­կառակ կող­մին փո­րագ­րել կու տայ «Իմ Մա­հը» տա­ղին վեր­ջին քա­ռեակը։ Ու­շա­դիր դի­տող մը պի­տի նկա­տէ որ Դու­րեանին շի­րիմը հա­մալիր մըն է. ձա­խին թա­ղուած է իր մայ­րը՝ տի­րամայր Արու­սեակ Դու­րեան, իսկ աջին՝ Գա­րեգին Խա­չատու­րեան Պատ­րիար­քի տի­րամայ­րը՝ Իս­կուհի Խա­չատու­րեան։ Գա­րեգին Խա­չատու­րեան յա­տուկ խնամք մը կը տա­նէր այս շի­րիմ­նե­րուն նկատ­մամբ, քա­նի որ Եղի­շէ Դու­րեանին ձեռ­նա­սունն ըլ­լա­լով՝ իր բա­րոյա­կան պարտքը կը հա­մարէր։

Ար­դէն 1950-ական­նե­րու աւար­տին, երբ Պաղ­լարպա­շըի գե­րեզ­մա­նատան մէկ մա­սը կը գրա­ւուի պե­տու­թեան կող­մէ՝ պո­ղոտան ընդլայ­նե­լու նպա­տակով, առա­ջին շար­քին գտնուող Դու­րեանի եւ տի­րամայ­րե­րու շի­րիմ­ներն ալ օրուան պատ­րիարք Գա­րեգին Խա­չատու­րեանի հսկո­ղու­թեամբ կը տե­ղափո­խուին այն տե­ղը, ուր մին­չեւ այ­սօր կը մնան (այս տե­ղափո­խու­թեան ժա­մանակ Դու­րեանի գանկն ալ կը հա­նուի ու կը բե­րուի պատ­րիար­քա­րան եւ հոն­կէ ալ կը տե­ղափո­խուի Սո­վետա­կան Հա­յաս­տան։ Ասի­կա այլ պատ­մութիւն մըն է, զոր գրած եմ ատե­նին եւ յա­ռաջի­կային կը պատ­րաստուիմ աւե­լի ման­րա­մաս­նե­լու)։ Ու­շա­դիր աչք մը պի­տի նկա­տէ, որ տի­րամայ­րե­րուն շի­րիմ­նե­րը յար եւ նման են իրա­րու։ Անոնց տա­պանագի­րերը քան­դա­կուած են այն տա­ռատե­սակով, որ յա­տուկ է Գա­րեգին Խա­չատու­րեանի շրջա­նին կա­ռու­ցուած շէն­քե­րու կամ իր գրած գիր­քե­րու ճա­կատին քան­դա­կուած­նե­րուն։

Ան­ցեալ շա­բաթ Սկիւ­տար գա­ցեր էի, Պաղ­լարպա­շըի գե­րեզ­մա­նատու­նը, լու­սանկա­րելու Վա­հան Թէ­քէեանի հօր՝ Գա­լուստին գե­րեզ­մա­նը (որ լքեալ վի­ճակի մը մէջ է եւ կա­րիք ու­նի խնամ­քի)։ Գե­րեզ­մա­նատու­նէն ել­լե­լու ժա­մանակ ու­զե­ցի այ­ցե­լել նաեւ Դու­րեանի շի­րիմը։ Ցնցիչ անակնկալ մը կը սպա­սէր սա­կայն ին­ծի… Դու­րեանի շիր­մին ճիշդ առ­ջե­ւը տե­ղադ­րուած էր քա­րի հսկայ զան­գուած մը, որ իր խո­շորու­թեամբ ու կոշ­տութեամբ կը խան­գա­րէր երեք շի­րիմ­նե­րուն նուրբ ներ­դաշնա­կու­թիւնն ու խո­տոր կը հա­մեմա­տէր անոնց հա­մաչա­փու­թեան։ Աւե­լի քան 120 տա­րինե­րու ան­ցեալ մը ու­նե­ցող այս շի­րիմը ին­չո՞ւ ու­զած էին եղ­ծա­նել՝ նո­րոգել ու­զե­լու քօ­ղին տակ։ Պարզ նո­րոգու­թիւն մը թե­րեւս բաւ ըլ­լար։ Ին­չո՞ւ չա­փազան­ցել եւ վայ­րը օտա­րաց­նել իր այ­ցե­լու­նե­րէն։ Քա­րակոյ­տին վրայ քան­դա­կուած էր «Իմ Մա­հը» բա­նաս­տեղծու­թեան հա­յերէն բնա­գիրը եւ, չես գի­տեր ին­չո՞ւ, թրքե­րէն թարգմա­նու­թիւնը։ «Իմ Մա­հը», որու վեր­ջին քա­ռեակը 1898-ին շիր­մի ետե­ւի կող­մը քան­դա­կել տուած էր Եղի­շէ Դու­րեան։ Աչ­քէ հե­ռու տեղ մը, հա­սանե­լի միայն անոնց, որոնք աւե­լի հե­տաքրքրուած՝ պի­տի մօ­տենա­յին շի­րիմին, պի­տի դառ­նա­յին շուրջը եւ պի­տի զար­մա­նային՝ սիւ­նի ետեւ կար­դա­լով բա­նաս­տեղծու­թեան վեր­ջին տու­նը, պի­տի ու­րա­խանա­յին իրենց գիւ­տով։ Իսկ հի­մա նոյ­նիսկ ան­կա­րելի է դառ­նալ շիր­մին շուրջը, ուր մնաց կար­դալ Եղի­շէ Դու­րեանի կող­մէ քան­դա­կուած քա­ռեակը։

Եւ յե­տոյ ի՞նչ պէտք կար որ թրքե­րէնի... Այդ ալ սխալ­նե­րով։ Պետ­րոս Դու­րեանը Պա­լեան գեր­դաստան մը, Յա­կոբ Մար­թա­յեան մը, Երուանդ Ոս­կան մը չէ որ Օս­մա­նեան հա­սարա­կու­թեան ալ սե­փակա­նու­թիւնը դար­ձած ըլ­լար, իր գոր­ծե­րը տա­րածում գտած ըլ­լա­յին բազ­մազգ հա­սարա­կու­թեան բո­լոր շեր­տե­րուն մէջ։ Պետ­րոս Դու­րեան բա­նաս­տեղծ մըն է։ Անոնք, որոնք հե­տաքրքրուած են իր­մով, հա­ճին կար­դալ իր գոր­ծե­րը՝ գիր­քե­րէն կամ հա­մացան­ցէն, բայց ոչ շիր­մին վրայ… Գի­տեմ, թե­րեւս տա­րօրի­նակ թուի ձե­զի, սա­կայն յատ­կա­պէս կը սի­րեմ այ­ցե­լել մե­ծերուն շի­րիմ­նե­րը։ Հա­սած եմ շատ ան­գամ խուլ վայ­րեր, տես­նե­լու հա­մար մեծ մար­դե­րու, բա­նաս­տեղծնե­րու, փի­լիսո­փանե­րու, երա­ժիշտնե­րու շի­րիմ­նե­րը։ Միայն անուն մը կայ քան­դա­կուած շատ ան­գամ անոնց վրայ։ Այ­ցե­լուն ար­դէն գի­տէ, թէ ով է ան։ Պետ­րոս Դու­րեան կա­րիք չու­նի գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ ու­նե­նալու իր բա­նաս­տեղծու­թիւնը, այդ ալ թրքե­րէն թարգմա­նու­թեամբ նաեւ։ Միայն անու­նը բա­ւական է։ Իսկ մենք միայն մեր չտե­սու­թիւնը ցու­ցադրած կ՚ըլ­լանք նման ան­պի­տան քա­րակոյ­տե­րով։

Ո՛չ թէ կը յուսամ կամ կը մաղթեմ, այլ պահանջելու նման կը խնդրեմ պատկան մարմիններէն, պատասխանատու անձերէն, հոգեւորական թէ աշխարհական, որպէսզի շուտափոյթ որոշումով ու քայլով մը նախկին տեսքին բերեն Դուրեանին շիրիմը։ Ոչ ոք իրաւունք ունի եղծանելու զայն…


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ