Ամէն ինչ դիմադրութիւնը խափանելու համար

Արտակարգ Իրավիճակի դրութեան մէջ օրէնքի լիազօր որոշմնա­գիրով իրենց պաշ­տօննե­րէն հե­ռացուած ակա­դեմա­կան Նու­րի­յէ Կիւլմեն եւ ու­սուցիչ Սե­միհ Էօզաք­չա հա­ցադու­լի 144-րդ օրը հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուեցան։ Իրենց աշ­խա­տանքնե­րու վե­րատի­րանա­լու հա­մար հա­ցադուլ հռչա­կած Կիւլմեն եւ Էօզաք­չա հա­ցադու­լի 76-րդ օրը ձեր­բա­կալուած էին եւ ղրկուած Սին­ճա­նի բան­տը։ Իրենց կամ­քին հա­կառակ կեր­պով եւ բռնի ու­ժի կի­րար­կութեամբ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուած բան­տարկեալ­նե­րուն վի­ճակը «Տի­հապեր» կայ­քէ­ջին յայտնող իրա­ւաբան Էպ­րու Թիմ­թի­քի հա­մաձայն եր­կու բան­տարկեալ­ներն ալ բա­ւական տկար ին­կած են։ «Նու­րի­յէն չէր կրնար քա­լել հե­տեւա­բար զինք սա­ւանի մը փաթ­թե­լով է որ հի­ւան­դա­նոց տա­րին։ Իսկ Սե­միհը խոշ­տանգե­ցին եւ կա­պելով հի­ւան­դա­նոց տա­րին։ Հի­ւան­դա­նոցի մէջ հա­կառակ որ բժիշկնե­րը խոր­հուրդ կու տա­յին իրենց քով ըն­կե­րակ­ցող մը ըլ­լա­լու անհրա­ժեշ­տութեան մա­սին, պաշ­տօ­նեանե­րը ոչ ոք կը մօ­տեց­նեն իրենց մօտ»։

Զօ­րակ­ցութեան ցոյ­ցեր

Մար­դու իրա­ւունքնե­րու դէմ այս բա­ցայայտ մի­ջամ­տութե­նէ ետք բո­ղոքի ցոյ­ցեր կը կա­տարուին իրենց զօ­րակ­ցե­լու հա­մար։ Այդ տե­սակի ցոյց մըն ալ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարա­կին վրայ, ուր ցու­ցա­րար­նե­րը կը յայ­տա­րարէին թէ առանց են­թա­կայի հա­մաձայ­նութեան բժշկա­կան մի­ջամ­տութիւ­նը յան­ցա­գոր­ծութիւն է։ Միւս կող­մէ Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու այս նիւ­թին շուրջ հար­ցումներ ուղղեց վար­չա­պետին։ Իր հար­ցումին մէջ Թան­րը­քու­լու մատ­նանշեց ձեր­բա­կալ­ման գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թացքին կա­տարուած անօ­րինու­թիւննե­րը։ Հար­ցուց թէ ոս­տի­կանու­թիւնը ինչպէ՞ս վստահ էր որ դա­տարա­նը ան­պայման ձեր­բա­կալու­թիւն պի­տի պա­հան­ջէ, երբ իրենց դէմ լուրջ մե­ղադ­րանք մը ցարդ գո­յու­թիւն չու­նի։

Էօզաք­չա­յի նա­մակը

Կէս­գի­շեր էր ու ես ինչպէս ամէն օր այդ պա­հուն ալ օրա­գիրս կը գրէի։ Յան­կարծա­կիօրէն բան­տախցի­կի դու­ռը բա­ցուե­ցաւ եւ պաշ­տօ­նեաներ ներս խու­ժե­ցին։ Զիս բռնի կեր­պով հի­ւան­դա­նոց տա­նել կ՚ու­զէին։ Մեր­ժե­ցի ըսե­լով թէ առանց իրա­ւապաշտպան­նե­րուս ներ­կա­յու­թեան ոչ մէկ տեղ եր­թա­լու նպա­տակ ու­նիմ։ Սա­կայն զիս լսող չե­ղաւ։ Դի­մադ­րե­ցի իմ ամ­բողջ կա­րողու­թիւնով։ Սա­կայն հա­ցադու­լի հե­տեւան­քով ար­դէն ու­ժասպառ էի։ Ի վեր­ջոյ, երբ տե­սան թէ պի­տի դժուարա­նան զիս զսպե­լու, պատ­գա­րակ մը բե­րին ու զիս կա­պեցին անոր վրայ։ Հա­զիւ զիս պատ­գա­րակին վրայ կա­պելով կրցան փո­խադ­րել մին­չեւ շտա­պօգ­նութեան ինքնա­շար­ժը։ Հոն եւս մտա­հոգ էին թէ ին­ծի ինչպէս պի­տի զսպեն։ Զի­նուոր­նե­րէն մէ­կը ըսաւ թէ ինք կը կո­խէ գլխուս վրայ ու ես ալ չեմ կրնար շար­ժիլ։ Այդ պա­հուն ու­րիշ զի­նուոր մը կ՚ըսէր թէ տա­կաւին կին բան­տարկեալ մըն ալ կայ, որ պէտք է փո­խադ­րեն հի­ւան­դա­նոց։ Հասկցայ որ Նու­րի­յէին կ՚ակ­նարկեն։ Տա­կաւին երեկ մեր մա­սին լու­րեր հրա­տարա­կուած էին իբ­րեւ թէ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուած ըլ­լալնուս մա­սին։ Մէկ օր առա­ջուայ այդ ան­հիմն լու­րը հի­մա կ՚իրա­կանա­նար ահա­ւասիկ։ Բան­տի մէջ ու­րիշ բան­տարկեալի մը հետ նոյն սե­նեակը կը բաժ­նէինք եւ ան զա­նազան նիւ­թե­րով ին­ծի օգ­նա­կան կ՚ըլ­լար։ Իսկ հի­մա հի­ւան­դա­նոցին մէջ բո­լորո­վին առան­ձին եմ։ Ամէն կողմս կը ցա­ւէր եւ առա­ւօտուայ ժա­մը եր­կուքն էր ար­դէն։ Քիչ առաջ կար­ծես Նու­րի­յէին լուռ աղա­ղակ­նե­րը լսած ըլ­լա­յի։ Լու­սա­մու­տէն նա­յեցայ եւ շտա­պօգ­նութեան կար­գը նկա­տեցի։ Զգա­ցի որ ան­մի­ջապէս կող­քի սե­նեակը տե­ղադ­րած են։ Իս­կոյն սկսայ –Կեց­ցէ հա­ցադու­լի դի­մադ­րութիւ­նը- վան­կարկու­մի կշռոյ­թով պա­տը թփթփաց­նել։ Պա­հան­ջե­ցի որ անձնա­կան իրերս, գիր­քերս եւ տետ­րակներս յանձնեն։ Ժա­մը չոր­սի մօտ եկան ու ըսին թէ կի­թառս չեն կրնար տալ, քա­նի որ միւս հի­ւանդնե­րը կրնան ան­հանգստա­նալ։ Հա­պա ի՞նչ ըսել ամէն ժամ գլուխ այ­ցե­լող հի­ւան­դա­պահին։ Չար­տօ­նէր որ քնա­նամ։ Հա­ւանա­բար մեր այսպէս բռնի հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուելու ետին այս օրե­րուն յայ­տա­րարուելիք ԵՄԻԱ-ի մեր մա­սին վճի­ռը կայ։

Ու­րախ էի զգա­ցումներս եւ միտ­քերս օրա­տետ­րին փո­խան­ցե­լով։ Այս վեր­ջին փո­խադ­րութեան պա­հուն օրա­տետրս գե­տին­ներն էր։ Մեր դի­մադ­րութիւ­նը նշած էի հոն եւ չենք հրա­ժարած այդ դի­մադ­րութե­նէն, կը շա­րու­նա­կենք։ Կեց­ցէ՜ հա­ցադու­լի դի­մադ­րութիւ­նը մեր։

Սեմիհ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ