Յունաստան՝ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիք

  Սեւան Նշանեան Ֆոքայի բանտէն փախուստէն ետք կ՚արժանանայ հայ մամուլի ուշադրութեան։ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը յաջողած է Արաքս Կասեանի միջոցաւ հարցազրոյց մը կատարել անուանի մտաւորականի հետ։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցի արեւմտահայերէն տարբերակը։

Արաքս Կասեան-Պարոն Նշանեան, հարցազրոյցներէն մէկուն յայտնած էիք, որ Յունաստան էք։ Յունաստանի իշխանութիւններուն ներկայացուցա՞ծ էք ապաստան տրամադրելու դիմում։

Սեւան Նշանեան- Գործընթացին այսօր կը սկսինք։ Յունաստանը ի սկզբանէ դիտարկած եմ, որպէս իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիք, այս շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է։ Շատ ուրախ կ՚ըլլամ կեանքիս նոր փուլը անցնել այստեղ։

Ա.Կ.- Բոլորին ամենաշատ հետաքրքրող հարցումներէն մէկն է՝ ինչպէ՞ս փախաք բանտէն։ Նախապատրաստութիւնները որքա՞ն տեւեց։

Ս.Ն.- Դիւրին էր։ Ոչ մի խնդիր չեղաւ։ 1,5-2 տարի ծրագրեցինք, սակայն գործնականին այդ ծրագիրներէն եւ ոչ մէկուն կարիքը չեղաւ։ Քալեցինք, գնացինք։

Ա.Կ.- Փախչելէն ետք ըսիք, որ այդ երկրի մէջ գումարով ամէն բան հնարաւոր է։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ մէջ արդարութեան համակարգի ներկայ իրավիճակը։

Ս.Ն.- Թուրքիոյ Հանրապետութեան պիւրոկրատիան անհեթեթ, ոչ խելամիտ մեքանիզմ մըն է, որ կ՚ապրի երազներու, անմեղունակ աշխարհի մէջ։ Եթէ հասկնաս անոր տրամաբանութիւնը, շատ հեշտ կրնաս խաղացնել մատերուդ վրայ։

Ա.Կ.- Բանտէն դուրս գալու մասին թուիթրեան ձեր միքրօպլոգին մէջ գրառում կատարած էիք՝ ըսելով. «Թռչունը թռաւ։ Տարոսը մնացած 80 միլիոնին»։ Սակայն որքանով տեղեակ եմ՝ ձեր ընտանիքը այս պահուն Թուրքիոյ մէջ է։ Անոնց համար չէ՞ք վախնար։

Ս.Ն.- Չորս մեծ զաւակներս այս պահուն ամարային հանգիստն կ՚անցնեն Թուրքիա։ Հասուն ու խելամիտ մարդիկ են։ Չեմ կարծեր, որ անոնց գլխուն բան մը գայ։

Ա.Կ.- Բանտի մէջ անգամ անգործ չէք մնացած եւ գիրքեր գրած էք։ Այդ գիրքերը վերցուցա՞ծ էք ձեզ հետ։

Ս.Ն.- Վարտիքս, շապիկս թողուցի, բայց ինչպէ՞ս կարող էի այնտեղ թողնել գիրքերը ու տետրակները։ Նախ եւ առաջ պէտք է վերանայէի 3-4 տարի ուշացած արմատական բառարանը։ Եէնիփազարի բանտի մէջ գտնուելու ընթացքին անոր վրայ աշխատելու բաւական ժամանակ ունեցած եմ։ Բացի այդ, գրած եմ գիրք թրքերէն լեզուի պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն կրօնի եւ կրօններու վերաբերեալ։ Անոնք հրատարակութեան նախապատրաստելը մէկ տարի կը տեւէ։ Բացի այդ, փոքր աղջկանս՝ Անահիտին ուղղուած նամակներէն փոքրիկ գիրք մը գրած եմ, թէեւ վստահ չեմ՝ արդեօք կ՚ուզեմ այդ հրատարակել։

Ա.Կ.- Ապագային Հայաստան գալու մտադրութիւն ունի՞ք։

Ս.Ն.- Երբ կարողանամ օրինական կերպով հանգիստ շրջել, առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքին կը ցանկանայի գալ Հայաստան։ Բանտի մէջ գտնուելու ժամանակ Հայաստան գտնուող ընկերներէս մեծ աջակցութիւն ու սէր ստացած եմ։ Շատ մարդիկ կան, որ կը ցանկանամ շնորհակալութիւն յայտնել։

Ա.Կ.- Շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար։ Յաջողութիւններ կը մաղթեմ ձեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ Օր մը Հայաստան հանդիպելու ակնկալիքով…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ