Անժէլ Աչըքկէօզ Լայփցիկի մէջ մահացած էր սոյն տարուայ Յունիսի 17-ին 94 տարեկան հասակին մէջ։ 20 Յուլիսին յատուկ արարողութեամբ իր մոխիրները յուղարկաւորուեցան ամուսնոյն Հայկ Աչըքկէօզի կողքին։ Լայփցիկի հարաւային գերեզմանատան մատրան մէջ կատարուած արարողութեան ներկայ գտնուեցան շուրջ 75 անձեր, որոնք եկած էին Լայփցիկ, Պեռլին, Նիւնպեռկ եւ Նետերլանտներէ։
78 ամեայ Ատելայտ Լաչինեան, Անժէլ Աչըքկէօզի լայփցիկաբնակ բարեկամներէն է։ Ան ներկայացուց Անժէլի 1 Մայիս 1923-ին Փանկալիթի Պիլեզիքչի փողոց սկսած ու ապա Պէյրութ, Մոսկուա, Վարշաւայի ճամբով մինչեւ Լայփցիկ երկարող կենսագրութիւնը։ Նշեց հօրը Կարապետին եւ ամուսնոյն Հայկին Պոլսոյ նշանաւոր «Փարք Օթել»ի մէջ աշխատած տարիները։ 1950-55 Լիբանանեան, Պէյրութեան ապրումներ, 1955-58 Վարշաւեան տարիներ՝ Լեհաստան։ Այդ տարիներուն Մոսկուա ապաստանած բանաստեղծ Նազըմ Հիքմեթի հետ բարեկամութիւններ եւ ընդհատակեայ Թուրքիոյ Կոմունիստ Կուսակցութեան լրատու գործակալութիւնը՝ «Պիզիմ Ռատիօ»ի հիմնադրութեան շրջանը։
Հայկ Աչըքկէօզ 2001-ին մահացաւ։ Այդ թուականէն ետք Անժէլ Աչըքկէօզ իր կեանքի ծերութեան տարիները նուիրեց Լայփցիկ, Պեռլին եւ Նունպերկ բնակուող իր թուրք, քիւրտ, արաբ եւ գերմանացի երիտասարդ բարեկամներու զաւակներուն։
Մուրատ Ալփ Անժէլ Աչըքկէօզի, թէ կուսակցական ընկերն է եւ թէ ընտանեկան բարեկամը։ Վերջին տարիներուն յաճախ հանդիպած են իրարու Լայփցիկի եւ Պեռլինի մէջ։ Մատուռի արարողութեան ընթացքին 74-ամեայ Մուրատ Ալփ ընթերցեց Անժէլ Աչըքկէօզի հիւանդանոցէն ղրկած հրաժեշտի նամակը։ Նշեմ որ Մուրատ Ալփ որդին է 22 Յունուար 1945-ին Սանասարեան Խանի ամենավերին յարկի վրայ գտնուող եւ քաղաքային յանցանքներով զբաղող առաջին մասնաճիւղի մէջ ծանր տանջանքներու ենթարկուած պահուն ըստ պնդումներու պատուհանէն նետուելով անձնասպան եղած համայնավար բանաստեղծ Հասան Պասրի Ալփին որդին է։
Մատուռի մէջ հնչեցին հայ երգչուհի Գոհար Գասպարեանի ձայնով «Կրունկ»ը եւ Վետադ Թիւրքալիի մէկ բանաստեղծութեան վրայ յօրինուած «Մեզ Սպասէ Իսթանպուլ» գործը Էտիպ Աքպայրամի ձայնով։ Մատուռէն մինչեւ շիրիմ երկարող ճամբին վրայ Թուրքիոյ Կոմունիստ Կուսակցութեան անդամ ընկերները կուսակցական դրօշներով երթ կատարեցին։ Կուսակցութեան Գերմանիոյ մասնաճիւղի անունով կատարուած դամբանականին յաջորդեցին զանազաններու ելոյթները եւ արտասանութիւնները։
Լափցիկի Հարաւային Գերեզմանը 82 արտավար տարածութեան վրայ այգի մըն է միաժամանակ, ուր աճած են բազմաթիւ ծառեր։ Իր տարածքին մէջ ընդգրկած մատուռներով եւ 60 մեթր բարձունքի հասնող Գերմանիոյ կարեւորագոյն գերեզմաններէն մէկն, որ առաջին թաղումները ունեցած է 1886-ին։
Կ՚ուզեմ քիչ մըն ալ ծանօթացնել Տոքթ. Ատելայտ Լաչինեանը։ Ան Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին արեւմտեան Փրուսիայէ գաղթելու ստիպուած գերմանացիներէն է։ Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ հայ գրականութեան մասնագէտ մըն է։ Սարգիս Լաչինեանի հետ Պուլղարիոյ ծանօթացած ու ամուսնացած են եւ ապա Լայփցիկ հաստատուած։ Ունեցած են երկու որդիներ եւ դուստր մը։ 1923-ին Պէյրութ ծնած Փրոֆ. Սարգիս Լաչինեան Սոֆիայի համալսարանը աւարտած տնտեսագէտ մըն է, որ ապա աշխատած է Լայփցիկի համալսարանը մինչեւ իր մահուան թուականը՝ 2012։ Սարգիս Լաչինեանի մեծ հայրը Յարութիւն Քետերեան ծնած է 1873-ին, Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի մէջ։ 24 Ապրիլ 1915-ի նահատակներէն է։ Իր այրին, իր չորս երախաներով, որոնցմէ մէկն է նաեւ Սարգիսի մայրը, կը յաջողի Սուրիոյ անապատները անցնիլ եւ Լիբանանի մէջ անօթեւան հայոց համար կառուցուած ճամբար մը հաստատուիլ։ Քետերեաններու գերդաստանի Սիսէն մեկնելով Պէյրութ հասնողներու վերապրելու պատմութիւնը այսօր կը շարունակուի Ուրուկուէյ, Հայաստան, ԱՄՆ, Լիբանան, Նիքարակուա եւ Լայփցիկի մէջ։
Լաչինեաններու 48-ամեայ որդին Հայկ Լայփցիկի մէջ լրագրողութեամբ կը զբաղի։ Հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ արեւելեան Գերմանիոյ մէջ հայ ընտանիք մը ըլլալով գոյատեւելու եզակիութեան դրուագները։ Մայրը Ատելայտ Լաչինեան կը հաստատէ՝ «մեր տունը հայութեան փոքրիկ կեդրոն մըն էր»։