Առարկութիւն Իտիլ Էսէրի ձերբակալման դէմ

  Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան դէմ գործադրուող միջոցները հետզհետէ անհանգստութիւն կը պատճառեն միջազգային գետնի վրայ։ Նախագահ Էրտողանի սուր ելոյթները վերջերս համապատասխան ոճով պատասխան կը ստանան արեւմտեան զանազան երկիրներէ։ Նոյնիսկ այս սրուած իրավիճակը զանազաններու կողմէ կը դիտուի, իբրեւ դիւանագիտական ճգնաժամ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական երկիրներու միջեւ։ Յատկապէս Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւ նոյնիսկ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ բաւական յանդուգն ելոյթներով կը դատապարտեն Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը։ Այս շրջանակներու համար երբեք համոզիչ չըլլար պատահածները Կիւլենի անունով ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ պայքարի պատրուակով արդարացնել։ Այս սուր քննադատութիւնները Թուրքիոյ մէջ կը դիտուին հետզհետէ աւանդական դարձած մեկնաբանութեան։ Արդարեւ Արտաքին Գործոց նախարար Մեւլիւտ Չաւուշօղլու այս զարգացումները մեկնաբանեց մօտալուտ ընտրութիւններու շեմին ընտրողներ գրաւելու միջոց։

  Յիշենք որ Թուրքիոյ քաղաքական միջավայրերը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերու այս կամ, այն խորհրդարանի մէջ քննարկութիւնն ալ կը ներկայացնէին նոյն պատճառաբանութեամբ։ Սակայն այստեղ կ՚արժէ հարցնել թէ արդեօք ինչո՞ւ համար այս տեսակ ելոյթները կը սիրաշահեն եւրոպացի ընտրողները։

  Վերջերս Թուրքիոյ քաղաքականութիւններուն դէմ այս դժգոհութեան ալիքը նոյնիսկ արձագանգ կը գտնէ Գերմանիոյ նախագահի բերնէն։

  Թուրքիոյ դէմ դժգոհութիւնը սահմանուած չէ գերմանական քաղաքային շրջանակներով։ Արդարեւ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ԵԱՀԿ-ի մետիայի ազատութեան ներկայացուցիչ Հալլեմ Տէզիր յայտարարութիւն մը ընելով պահանջեց որ պաշտպանուին Թուրքիոյ լրագրողները։ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջի մէջ ան նշեց «Ճումհուրիյէթ» թերթի վարիչներու եւ գրողներու, Քատրի Կիւրսել, Ահմետ Շըք, Մուրատ Սապունճու եւ Ճան Տիւնտարի անունները ու յայտարարեց որ մօտէն պիտի հետեւի անոնց դատուելու գործընթացին։ «Լրագրողութիւնը շատ կարեւոր դեր ունի ժողովրդավարութեան զարգացման առումով։ Այդ պատճառաւ ալ կոչ կ՚ընեմ Թուրքիոյ մեղադրանքները ետ քաշելու, բանտարկուած լրագրողները ազատ արձակելու եւ մետիայի ազատութիւնը երաշխաւորելու համար բարեփոխումներ կատարելու առումով»։

  Մամլոյ ազատութեան ներկայացուցիչ Տէզիր յիշեցուց նախորդ տարի կատարուած յեղափոխութեան փորձի դէմ ԵԱՀԿ-ի խիստ հակազդեցութիւնը։ «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կամ ազգային անվտանգութեան պահպանումը անշուշտ որ հասկնալի է մեզի համար։ Սակայն այս բոլորը խօսքի ազատութեան եւ բոլոր հիմնական ազատութիւններուն պահպանումով է որ կարելի կ՚ըլլայ» ըսաւ Տէզիր։

Առարկութիւն Իտիլ Էսէրի ձերբակալման դէմ

   Միջազգային Ներման Կազմակերպութեան Թուրքիոյ բաժնի վարիչ Իտիլ Էսէր 5 Յուլիսին Մեծ Կղզիի մէջ կատարուած աշխատանքային ժողովի պահուն բերման ենթարկուած եւ 18 Յուլիսին ալ ձերբակալուած էր։ Այժմ Իտիլ Էսէրի իրաւապաշտպան Էրտալ Տողան այս ձերբակալութեան դէմ դիմում կատարեց Իսթանպուլի 11-րդ Հաշտեցման Ատեանի մօտ։ Էրտալ Տողա աղերսագրին մէջ նշեց որ օրինաւոր գետնի վրայ գործող միութեան մը ժողովը դիտումնաւոր կերպով կը ներկայացուի իբրեւ գաղտնի ժողով։ Ան դիտել կու տայ թէ իր պաշտպանեալին ուղղուած շօշափելի ոչ մէկ մեղադրանք կայ։ «Այս ձերբակալութիւնով ոտնակոխուած կ՚ըլլայ իմ պաշտպանեալին կազմակերպուելու եւ ժողով գումարելու իրաւունքները» ըսաւ Տողան։ Ան նաեւ ակնարկութիւններ ըրաւ ԵՄԻԱ-ի խօսքի ազատութեան վերաբերող վճիռներուն։ Տողան նշեց նաեւ որ իր պաշտպանեալը առողջութեան խնդիրներ ալ ունի եւ բանտի պայմանները կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ։

  Իրաւապաշտպան Էրտալ Տողան աղերսագրին մէջ նշեց հետեւեալ կէտերը՝

ա) Իրաւապաշտպանս ո՛չ փաստերը խեղաթիւրելու, ո՛չ ալ փախչելու հաւանականութիւնը ունի։ Ուրեմն ի՞նչ է իր ձերբակալման տեղի տուող պատճառը։

բ) Անհասկնալի եւ իրաւաբանական առումով ալ անիմաստ հարցաքննութիւն մը կայ մեր դիմաց, ուստի կը պահանջենք որ այս իրաւական ոճիրը ժամ առաջ վերջ գտնէ։

գ) Որպէս մեղադրանք ներկայացուած դէպքերը կամ գործերը իմ պաշտպանեալին աշխատութեան գետինն է միաժամանակ։ Իր օրինաւոր աշխատանքին համար մէկու մը մեղադրանք հատուցելը իրաւական պատմութեան մէջ ամօթալի օրինակ մը ըլլալով պիտի յիշուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ