Հրանդ
Տինք Հիմնարկը սկսած է դիմումներ ընդունիլ
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ մասնագիտական
ուսման համար տրամադրուելիք կրթաթոշակներու
համար։ Այս ծրագրի մէջ հիմնարկի
գործընկերներն են Միացեալ Թագաւորութեան
Բախումներու Կայունութեան եւ Անվտանգութեան
Աղբիւրը ու Կիւմրիի Երիտասարդ Նախաձեռնողներու
Միութիւնը։
Կրթաթոշակի սահմանումով 2017-2018 տարեշրջանին Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն տասը մասնագէտներ, չորս կամ ութը ամսուայ համար կենցաղային օժանդակութիւն պիտի ստանան եւ աշխատանք պիտի գտնեն հիւրընկալ հաստատութեան կազմին մէջ։
Կրթաթոշակի ծրագիրը պիտի խրախուսէ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու յարմար դաշտերու, ակադեմիայի, հետազօտման կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, նախաձեռնողներու, մամուլի, հաղորդակցութեան, մշակոյթի եւ գեղարուեստի, ճարտարապետութեան, ձեւաւորումի, խոհանոցային արուեստներու, թարգմանութեան, լեզուի, իրաւաբանութեան, առողջապահական ծառայութիւններու եւ բժշկագիտական ասպարէզներու հետեւողներուն աշխատութիւնը։
Այս ծիրէն ներս Թուրքիոյ մէջ 73 եւ Հայաստանի մէջ 33 տարբեր հիւրընկալ հաստատութիւն կրթաթոշակի ծրագրէն օգտուող մասնագէտները պիտի ներառեն իրենց կազմին մէջ։ Մինչ այդ իր սեփական նախագծի ծրագիրները հարեւան երկրի մէջ իրականացնել ուզողներն ալ ծրագրին պիտի կրնան դիմել։
Ովքե՞ր կրնան դիմել
Մաքիստրոս եւ Տոքթորականի թեկնածուներ, ակադեմիականներ եւ անկախ հետազօտողներ։
Հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատողներ, լրագրողներ, թղթակիցներ եւ ֆօթօ-լրագրողներ։
Լուսանկարիչներ, արուեստագէտներ, ձեւաւորողներ, ճարտարապետներ, խոհարարներ։
Գրողներ, թարգմանիչներ։
Իրաւաբաններ եւ ընկերային յարաբերութիւններու մասնագէտներ։
Սեփական ծրագիրները իրականացնել ուզող թեկնածուներ։
Կրթաթոշակի թերութենէն օգտուելու համար կարելի է դիմել՝ http://www.agos.tr/tr/yazi/19008/turkiye-ermenistan-burs-programi-na-basvurular-basladi