ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Արամ Սրբազանի Հեղինակութիւնը

  Պոլսահայ հասարակական կեանքին նախորդ շաբաթուայ օրակարգը կըզբաղէր Դիմատետրի վրայ Արամ Արք Աթէշեանի երկարաշունչ բացատրութիւններով։ Սրբազանը կը ներկայացնէր իր հոգեւոր ծառայութիւններու շարքը, կը պատասխանէր իրեն ուղղուած բամբասանքներուն։ Նշենք որ այդ բամբասանքներուն կարեւոր մէկ մասը պատասխանի անգամ արժանի չեղող զրպարտութիւններ են։ Զրպարտութիւններ՝ որոնց դիւրաւ կը մատնուի ցանկացած հոգեւորական, այդ իսկ պատճառաւ ալ այս թերթի սիւնակներուն մէջ երբեք տեղ չեն գտած նման անմակարդակ ասէ-կոսէներ, բայց միշտ քննադատած ենք Արամ Եպիսկոպոսը իր ընթացքով կամ գործելակերպով։ Արդարեւ կարծես իւրայատուկ խոստովանութիւնն մը եղած ըլլայ, այս իւրայատուկ պաշտպանութեան մուտքին կ՚ըսէ թէ մինչեւ այսօր լռած է, որովհետեւ ազգայիններ ու համակիրներ իրենթելադրած են, որ չխօսի ու չմտնէ բանավէճերու մէջ։

  Ահաւասիկ այս է Արամ Սրբազանի կարեւորագոյն սխալը, պոլսահայոց օլիկարխներու փոքրիկ շրջանակը կը կարծէ ազգայիններ ու համակիրներ։ Նշենք նաեւ, թէ Արամ Սրբազան այս սխալին մատնուած ո՛չ առաջին հոգեւորականն է, ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ։ Իրականութեան մէջ այսօր իրեն ուղղուած մեղադրանքները կը վերաբերին ահա չակերտեալայս ազգայիններուն եւ համակիրներուն։

  Հոգեւորականէ մը, մանաւանդ ալ ազգապետի դիրք ստանցած հոգեւորականէ մը կակնկալուի հեղինակութիւն ունենալ։ Արժանիք մը, որ պիտի գոյանայ խելքով, միտքով, կեցուածքով, արդարութեամբ եւ հեզութեամբ։ Այս շնորհներէնհեռուեղողները կը փորձեն խստութեամբ,ձեւակերպութեամբ գոյացնել հեղինակութիւն, որ անշուշտ դատապարտուած է անյաջողութեան, նոյնիսկ ծիծաղելի թուելու։

  Մեր իրողութեան մէջ պատրիարքի կերպարը միայն հոգեւոր առաջնորդ մը չի ներկայացներ, ան նաեւ կը յամառուի ազգապետ։ Այսպէսով ալ կը ծանրանայ անոր ստացածպատասխանատուութիւնը։ Ճիշդ ալ այդ ծանրութեան պատճառաւ իրմէկ՚ակնկալուինաեւ քաղաքական կեցուածք։

  Սրբազանը իր պաշտպանութեան մէջ կը յիշեցնէ, թէ շինարար, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ պահած է պետական իշխանութիւններուն հետ ու այս կերպով պետութեան հետ լաւ կապեր պահուած են։

  Այստեղ խիստ հարցական է «փոխադարձ վստահութիւն» եզրը։ Պատմական փորձութիւնով կարելի է ըսել որ պետութեան դիմաց մենք փոքրամասնութիւններս միշտ պարտադրուած ենք մեր վստահելիութիւնը փաստելու, բայց պետութիւնը իր կարգին դոյզն իսկ չէ արժանացած մեր վստահութեան։ Անշուշտ որ բոլոր քաղաքացիներէ ակնկալուած յատկութիւն մըն է շինիչ ըլլալ, սակայն ովկրնայ պահանջել շինիչ ըլլալու սիրոյն ազգուրաց ըլլալ։ Եթէ այդ փորձը պիտի սպառնայ ազգին սրբութիւններուն, արժանապատուութեան եւ հաւաքական անցեալին, մենք սիրով ու մեծ եռանդով կրնանք դիմել քանդիչ ըլլալու։

  Անգամ մը եւս կը կրկնենք՝ Արամ Սրբազանի հանդէպ մեր բողոքը քաղաքական ենթարկուածութիւնն է։ Ան ենթարկուած է նախ այս համայնքի օլիկարխներուն, քանի որ պատեհապաշտ փողատէրը դիտած է իբրեւ ազգային կամ համակիր, ապա ենթարկուած է պետութեան։

  Անցեալին գրած էինք, անգամ մը եւս կրկնենք, Արամ Սրբազանի մատնուած դժբախտ իրավիճակը միայն իր մեղքը չէ Հոն բաժին ունին այս համայնքի վարչութեան մէջ դարաւոր անցեալ ունեցող «բարերարներու» համակարգը։ Սրբազանը պայմաններու բերմամբ յայտնուեցաւ պատասխանատու դիրքին մէջ։ Մնաց որ իր սահմանափակ կարողութիւնները հաւանաբար զինք շահագործել ուզողներուն համար բաւական ձեռնտու էին։

  Ինչ կրնանք ըսել, վերջապէս այս երկրին վարչապետը անգամ այդ տիտղոսին տիրացաւ իր նուազ հեղինակութեան գնահատումով։