ՍՈՒՐՃ
Պատմութիւն առանց շաքարի (բայց հաստ շերտ մը սերով)
Պէտք է ընդունիլ, թէ սրճասէր ժողովուրդ ենք։ Սրճամո՞լ… վիճելի։ Այդ «պատիւը» սահմանուած է, ըստ նորագոյն վիճակագրութեան, ֆիններուն, որոնք տարեկան 12 քիլոկրամ սուրճ կը սպառեն։ Անոնց կը հետեւին հիւսիսային երկիրներ՝ Նորվեկիան, Դանիան եւ Հոլլանտան։ Լուսաբանելու համար այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ եղաւ, որ սուրճը եւ հայը, ինչպէս նաեւ «սուրճ» բառը սերտօրէն կապուեցան իրարու հետ, նախ պէտք է սուրճը իր հաստաշերտ սերէն, կամ՝ փրփուրէն, ինչպէս որ կը նախընտրէք, մինչեւ մրուր հաճոյքով ըմպել, ապա լաւ մը պէտք է «կարդալ» բաժակը եւ տեսնել, թէ լեզուական, քաղաքական եւ մանաւանդ առասպելական ի՛նչ քաղցրաբոյր յիշողութիւններ նստեր են յատակը։
Պատմութեան կենդանութիւն տալու համար նախընտրելի է ճամբորդել Վիեննա, Մխիթարեան վանքէն թաղ մը ներս, քաղաքի կեդրոնը, պետական օփերայէն վար, Ս. Ստեփաննոս մայր տաճարի հարեւանութեամբ, «Rotenturmstra»eէ կոչուած պողոտայի թիւ 14 սրճարանը, մայրաքաղաքի առաջին սրճարանը- ներկայ անունով «Քաֆէ Դանիէլ Մոզէր»։
- Guten Morgen, ժպիտով կը բարեւէ մատուցողը ու սեղանի վրայ կը ձգէ ճաշացուցակ, որու վերջին էջի վրայ ամփոփուած է սրճարանի հայկական ծագումը։ Նոյն պատմականը փորագրուած է նաեւ մարմարեայ յուշատախտակի վրայ։ Հետեւեալն է. 1683 թուականին երբ Վիէննան պաշարուած էր օսմանեան բանակի կողմէ, պոլսահայ առեւտրական մը, Յովհաննէս Աստուածատուր, տեղացիներու յորջորջումով Johannes Diodato, որ նաեւ հապսպուրկներու հաշւոյն գործող թարգմանիչ էր եւ հետախոյզ, մեծ դեր կը կատարէ այդ դժնդակ օրերուն, օսմանեան շարքեր կ՚անցնի ծպտուած ու ռազմավարական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ կայսր Լէոփոլտ առաջինին։ Անոր շնորհիւ համաքրիստոնէական միացեալ ուժերը վճռական յարձակում կը կատարեն թշնամիի վրայ եւ ջախջախիչ պարտութեան կը մատնեն զայն։ Որպէս երախտագիտութիւն կայսրը Յովհաննէսին կը շնորհէ մայրաքաղաքի մէջ սուրճի վաճառման մենաշնորհը։ Յովհաննէսը իր տան մէջ կը բանայ Վիէննայի առաջին սրճարանը, որ մինչեւ այսօր կը ծառայէ «սեւ ջուր»ի սիրահարներուն Աւելին, 1670-ական թուականներուն Մարսէյլի հայերը բացած են այդ քաղաքի առաջին սրճարանը։ Նոյնպէս, Փարիզը հայու մը կը պարտի իր առաջին սրճարանը, որ 1672 թուականին Սէն Ժէրմէն հրապարակի վրայ բացուած է Փասքալ (Յարութիւն) անունով վաճառականի մը կողմէ։ Աւանդազրոյցներ կան, թէ Լոնտոնի եւ Փրակի առաջին սուրճի տուները նոյնպէս բացուած են հայերու կողմէ։
Երբ մեր վաճառականները առաջատար եղած են սուրճի միջազգայնացման մէջ, հայը լուռ մնացեր է «սուրճ» բառի շուրջ։ Երբ սիրած ենք շատախօսել, բամբասել եւ շաղակրատել բաժակ մը սուրճի հետ, շատ չենք արտայայտուած «սուրճէ բառի մասին։ Հայկական առաջին գրաւոր աղբիւրը, ուր կայ «սուրճ» բառի գործածութիւնը, պատմագիր եւ եկեղեցական գործիչ Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն Պարսից» աշխատասիրութիւնն է, գրի առնուած 1787-ին։ Գիրքի մէջ կայ հետեւեալ նշումը. «... ուր տան նմա սուրճ, այսինքն՝ ղահֆայ առ ի ըմպել։ Եւ իբր աւարտեաց զարբումն սրճոյն, այսինքն՝ ղահֆային, ելեալ գնայ ի տեղին իւր՝ ուստի եկեալն էր…»։ 1787 տարեթիւը, ուստի պէտք է ընդունիլ հայկական «գրական սուրճ»ի ծննդեան թուականը։ Ինչպէս ըսինք, հայերս լուռ մնացեր ենք «սուրճ» բառի ծագման շուրջ։ Երկու վարկածներ կան։ Եւ, քանի որ կը բացակային ստուգաբանական փաստեր, ընթերցողի ճաշակին կը մնայ որոշել, թէ ո՛ր մէկն է աւելի համովը եւ համոզիչը։ Ըստ «բնաձայն» բացատրութեան, «սուրճ» բառը, ինչպէս «խռթալ», «ֆշշալ», եւ «ծնգալ» բառերը, բնաձայնութիւն է եւ սուրճի բաժակէն ումպ մը առնելու գործողութենէն յառաջացած է։ Պատկերացուցէք։ Կը մօտենաք սուրճի սերին։ Հազիւ ումպ մը անցնելու չափ կը կծկուի, կը պրկուի բերանը։ Այդ մոգական պահուն երբ շրթունքները կը միանան սուրճին, կը լսուի սուլիչի սուր «ս» մը, անոր կ՚ընկերակցին «ու-ր» ձայները։ Աշխարհի ամենակարճ բայց ամենէն հեշտագին այս համերգը կ՚եզրափակէ «ճ» բաղաձայնը։ Հաճելի էր, չէ՞։ Իսկ երկրորդը «պոլսական» բացատրութիւնն է։ Պոլսահայերը «սեւ ջուր» կոչած են սուրճը։ Ժամանակի ընթացքին ան դարձեր է «սուրճ»։
Սուրճը ո՛չ թէ միայն քաղցրացուց մեր զրոյցները, այլ նաեւ՝ մեր լեզուն։ Նախ ունեցանք բառակապակցութիւններ։ Առաջինն է «սուրճ անապակ», այսինքն սուրճ առանց շաքարի, «սեւ սուրճ» կոչուածը։ Եթէ շատ լեղի եւ դառն թուաց անիկա, ապա հնարեցինք աւելի թեթեւը, «սուրճ կաթնախառն»։ Օրուան այն ժամը, երբ ժամադրուեցանք սուրճի հետ, կոչեցինք «ժամ սրճոյ»։ Ինչպէս սուրճը կը սիրէ բաղադրուիլ տեսակաւոր համեմներու հետ, նոյնպէս ալ «սուրճ» բառը սիրեց բաղադրուիլ այլ արմատներու հետ, աւելի համեմուելու համար։ Մեր բառարանները կը յիշեն. սրճակաթ, սրճանոց, սրճաստան, սրճենի, սրճիտ, սրճագոյն, սրճահատիկ… Յաջորդ բառը առաւել սիրելի է շատերուս համար. «սրճաղաց»։ 4 կամ 5 սինթիմ տրամագիծ եւ 20 սանթիմ բարձրութիւն ունեցող պղնձեայ այդ գործիքը, որմով մեր մեծ հայրերը սուրճ կ՚աղային, այսօր դարձած է տուներու նուիրական զարդը։ Սուրճի բառերու հայկական պարկը դեռ լեցուն է բուրումնաւէտ հատիկներով. սրճաման, սրճավաճառ, սրճատուն, արճարան, արճարանատէր, սրճել, սրճեփ, սրճամոլ, սրճագործ... Բնականաբար, ունեցանք նաեւ «Սուրճեան» (եւ «Քահվէճեան») ընտանիքներ։ 1930-ական թուականներուն սուրճը դարձաւ գիրքի նիւթ. «Ամէնուն գիրքը… Սուրճի գաւաթ նայիլ…», Սերովբէ Իզմիրլեան, Սոֆիա։ Այսօր «սուրճ»ը Հայաստանի մէջ դարձած է նաեւ հեռատեսիլի սիրուած երկու յայտագիր. «Երկու գաւաթ սուրճ» եւ «Առաւօտեան սուրճ»։
Սուրճը նաեւ հեգնական իմաստ ունեցաւ։ «Սուրճ մըն ալ կը խմէ՞ք» հարցումը կրնայ նշանակել… Շատ երկար նստեցաք, զբաղած եմ, գործ ունիմ, գացէք այլեւս։ Ունեցեր ենք սուրճի հետ շատ մտերիմ հեղինակ մը։ Յակոբ Պարոնեանն է ան։ Չենք գիտեր, եթէ պոլսահայ կեանքի թերութիւնները տեսնելէ ետք իր ջիղերը հանդարտեցնելու համար կը խմէր, թէ՝ ներշնչում գտնելու համար, բայց մինչեւ այսօր ժամանակակից բոյր մը ունին անոր տողերը… «Խմբագիր]Օգսէնն այնքան շուտ սկսաւ փոխել իւր կարծիքները, որ ընթերցողն ալ ետեւէն չկրցաւ հասնիլ։ Անօթի ըլլար նէ՝ ժողովրդական էր, պատառ մը հաց ուտելուն պէս՝ միապետական կը դառնար, վրան սուրճ մը կը խմէր նէ՝ ապակեդրոնացականութիւնը կը պաշտպանէր»։ Մեր երգիծաբանը գործածած է նաեւ ժողովրդական «խահվէ» բառը, երբ խօսեր է ժողովուրդի ցաւերու մասին. «Կէս օր։ Պատրիարքարանի պաշտօնեաները հիմա պատրիարքարան եկան. Խահվէ խմելուն պէս իրենց պաշտօնին գլուխը պիտի անցնին»։Կը վերադառնայ մատուցողը։ Հայկական սուրճ՝ չունին։ Կը բաւարարուիմ քափուչինոյով։ Առանց շաքարի բայց հաստ շերտ մը սերով։ Ու կը յուսամ, թէ «սուրճ»ը ծնունդ կու տայ համով-հոտով դեռ շատ մը զրոյցներու
Յիշել կ՚արժէ
նաեւ, թէ քաղաքապետարանի որոշումով
Վիէննայի հանրային պարտէզներէն մէկը
վերջերս կոչուած է Յ. Աստուածատուրի
անունով, որու մուտքին տեղադրուած է
հետեւեալ ցուցանակը։ Johannes-Diodato-Park.
Johannes Diodato, armenishcer Abstammung (Owanes Astouatzatur),
geboren 1640 in Konstantinopel, verstorben 1725 in Wien, erՓffnete
das erste Wiener kaffeehaus.