23
Յունուար թուակիր օրէնքի
լիազօր հրամանագիրով հիմնուած Արտակարգ
Վիճակի Գործադրութիւններու Հետազօտման
Յանձնախումբը հիմնադրութենէն վեց ամիս
անց 18 Յուլիսին սկսաւ իր աշխատութիւններուն։
Յանձնախումբի ուսումնասիրութեան համար
այժմէ կուտակուած են 120 հազար դիմումներ։
Եօթը հոգիէ բաղկացող յանձնախումբի
աշխատանքային առաջին օրուայ առթիւ
կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ
յայտնեց թէ առաջին օր իրենց հասած են 3028
դիմումներ։ Կ՚ակնակլուի որ այդ դիմումներու
ընդհանուր թիւը հասնի 120 հազարի։ Քաղաքներու
կուսակալութիւններու մէջ բացուած
դիմումներու ընդունման գրասենեակները
իրենց կատարուած դիմումները պիտի ընդունին
մինչեւ 14 Սեպտեմբեր։ Եօթը հոգիներէ
բաղկացող յանձնախումբը որոշումներ պիտի
կայացնեն չորս ձայներու համաձայնութեան։
Այն դիմումները, որոնք արդար գտնուած են
յանձնախումբի կողմէ 15 օրերու ընթացքին
պիտի կրնան վերադառնալ իրենց պաշտօններուն։
Յանձնախումբի նախագահութեան պաշտօնը
յանձնուած է Արդարադատութեան Նախարարութեան
փոխ տեղակալ Սելահատտին Մենթէշի։ Իսկ
անդամներն են Վճռաբեկ Ատեանի ընդհանուր
քարտուղարի տեղակալ Մեհմետ Գարակէօզ,
Խորհրդակցական Ատեանի դատաւորներէն
Մուրատ Այթաչ, պետական քննիչ Հասան Շըլտաք,
Արդարադատութեան Նախարարութեան Բանտերու
եւ Արգելանոցներու Բաժնի վարիչ Էսատ Ըշը,
Կրթական Նախարարութեան Պաշտօնաբշխութեան
Բաժնի պետ Մուսթաֆաե Իքպալ եւ Պետական
Քննիչ կազմէն Սալիհ Թանրըքուլու։
20 Յուլիսին յայտարարուած Արտակարգ Իրավիճակի Դրութեան շրջանին հրատարակուեցան օրէնքի լիազօր 26 հրամանագիրներ, որոնք հետեւանքով աւելի քան 150 հազար պետական պաշտօնեայ աշխատանքէ հեռացուեցան եւ մօտ 5 հազար միութիւն, հիմնարկ կամ ընկերութեան ալ աշխատութիւնները դադրեցան։ Յանձնախումբին անհատական դիմումներու կողքին այս հաստատութիւններն ալ պիտի կրնան դիմում կատարել։ 2016-ի Նոյեմբերին հրապարակուած 677 համար օրէնքի համազօր հրամանագրի շրջագծով փակուած 375 միութիւններու մէջ էր նաեւ «Կիւնտեմ» մանկական միութիւնը։ Միութեան անդամներէն Էզկի Քոմալ «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ կը պատրաստուին յանձնախումբին դիմելու։ Ան կը յայտնէ թէ նախապէս միութեան անունով դիմած են Վարչական Ատեանի դատարանին, բայց այս վերջինը առանց դիմումը քննելու կարգը զգալու մերժած է։ «Ուրեմն յանձնախումբին դիմում կատարելու ժամանակ ալ միայն յոյս մըն է որ կը պահենք»։ Միւս կողմէ «Իրաւունք եւ Արդարութիւն» հարթակի հիմնադիրներէն ինքն ալ պաշտօնազրկուած բժիշկ Էօմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլու յոռետես է այս գործընթացին դէմ։ «Յանձնախումբը չի պիտի կրնայ դիւրին որոշում կայացնել։ Իր հիմնարկութիւնը անգամ վեց ամիս տեւեց թերեւս մեր զաւակները կ՚արժանանան արդարութեան»։ Բժիշկ Կերկերլիօղլու այս յոռետեսութիւնով հանդերձ որոշած է դիմում կատարել։ «Հանրապետութեան մեծայարգ նախագահը անցեալները մեր արտաքսուելուն մասին –ինչո՞ւ սնուցանեմ այս մարդիկը, թող երթան ազատ շուկայի մէջ աշխատին- ըսած էր։ Այս յայտարարութենէն վերջ յանձնախումբը ինչպէ՞ս որոշում կրնայ կայացնել։ Իրականութեան մէջ այս յանձնախումբը ստիպողականութեան դիմաց է որ կազմուեցաւ։ Դատական համակարգը քանի որ չաշխատիր քննադատութիւնները կանխելու համար այս միջոցը գտան։ Յանձնախումբը անկախ չէ որ։ Մնաց որ մեզի դէմ որեւէ մեղադրանք աշխատանքէ հեռացումը պահանջող որեւէ պատճառ չէ ներկայացուած։ Ինծի նման հազարաւորներ կան։ Ուրեմն ինչի՞ դէմ ինքզինքս պիտի պաշտպանեմ» ըսաւ բժիշկ Կերկերլիօղլու։ Ան որպէս վերջին խօսք նշեց որ իբրեւ Իրաւունք եւ Արդարութիւն Հարթակ սկսած են այս ընթացքով տուժածներու ցանկագրութեան։