Հայաստանի մէջ 2011 թիւին հիմնուած եւ այլընտրանքային ուսման ծրագրով կարեւոր հետաքրքրութեան արժանացած ԹՈՒՄՕ հաստատութիւնը Ուաշինկթոնի մէջ կայացած Միջազգային Ստեղծագործական Մրցումին նուաճեց խիստ պատուաբեր յաջողութիւն մը։ Պատանիներու ստեղծագործական կարողութիւններու հիման վրայ կայացող մրցումին Հայաստանի պատանիները երրորդ հանդիսացան։ Իրենցմէ կը պահանջուէր ռոպոթի մը ձեւաւորումը։ 16-18 Յուլիս թուականներու միջեւ կատարուած մրցումին յաղթողը եղաւ Եւրոպայի հաւաքականը։ Լեհաստան արժանացաւ արծաթեայ, իսկ Հայաստան Պրոնզիայ մետայլին։ Ձեռնարկին մասնակցած էին 163 երկիրներ։ Միացեալ Նահանգներու Երեւանի աւագ դեսպանը ողջունեց հայ պատանիներու յաջողութիւնը եւ ըսաւ թէ այս պայծառ միտքով զինուած պատանիներն են որ պիտի կերտեն ապագան։
ԹՈՒՄՕ-ի այս եւ նման յաջողութիւնները խրախուսիչ ազդեցութիւն կ՚ունենան զանազան երկիրներու մէջ։ CNN եւ Euro News-ի նման օտար լրատու գործակալութիւններ ուշադրութիւն կը սեւեռեն ԹՈՒՄՕ-ի յաջողութիւններուն։ Միւս կողմէ Պէյրութ, Մոսկուա կամ Թիֆլիս նման հաստատութեան տիրանալու հեռանկարով շփումներ կ՚ունենան ԹՈՒՄՕ-ի վարիչներուն հետ։ Նշենք որ այս այլընտրանքային ուսման հաստատութեան համար նախապատուութիւնը աշակերտներուն ստեղծագործական միտքը քաջալերել է։ Նոյնիսկ դպրոցի կահոյքը այդ միտքի թելադրած խորհուրդներով կը ձեւաւորուին։ Օրինակի համար բոլոր նստարանները շարժուն են եւ աշակերտները կը վայելեն շարժումներու բացարձակ ազատութիւն։ Նշենք որ ԹՈՒՄՕ վերջին տարիներուն Թուրքիայէն ալ աշակերտներ կ՚ընդունի։