Գիտակցութիւնով յաղթել փակ սահմանները

 19 Յուլիս ցերեկուայ ժամերուն «Ակօս»ի խմբագրատունը յանկարծակի կերպով շէնցաւ երիտասարդ խումբի մը ժամանումով։ Շուտով պարզուեցաւ թէ երկսեռ այս խումբը կը բաղկանար հայաստանցի ու տեղացի երիտասարդներէ, որոնք մէկտեղուած էին յատուկ ծրագրի մը շրջագծով։ Այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ քաղեցինք խումբի ղեկավարներ՝ Գայանէ Մկրտչեանեւ Հասան Ալթունօքէ։

 Տիկին Մկրտչեան յայտնեց թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարատեւ ծրագիր մըն է, որ կը հովանաւորուի միջազգային հաստատութիւններու կողմէ։ 2007-էն այս կողմ շարունակուող աշխատութիւն մըն է այս, որ կը միտի երկու երկիրներու երիտասարդութիւնը իրարու նկատմամբ հաղորդակից դարձնելու։

«Կատարուած աշխատութիւնը կոչեցինք Երիտասարդական Պանք, քանի որ ճիշդ ալ պանքի մը նմանութեամբ կ՚ուզենք երիտասարդներուն մէկտեղումը եւ անոնց սեփական փորձութիւններուն փոխանցումը ապահովել։ Ծագերը կը գործէ աշխարհի 27 տարբեր երկիրներու մէջ։ Սակայն տրուած ըլլալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փակ սահմանները կարծես թէ այս երկու հարեւան երկիրներու շփումը ալ աւելի կարեւոր իմաստ կ՚ունենայ իր մէջ։ Մենք համակարգողներս կը խուսափինք յատուկ ցուցմունքներ ընելէ։ Կը նախընտրենք երիտասարդներուն իրենց անմիջականութեան մէջ մերձեցումը։ Բնականաբար երկու խմբակներն ալ մէկզ միւսի նկատմամբ կանխամտածումներով կը ներկայանայ։ Այս իրենց համար շատ անգամ առաջին փորձն է օտար ազգի մը հետ շփուելու։ Սակայն երիտասարդները շուտով դուրս կու գան այդ սահմանումէն եւ կարճ ժամանակին մէջ իրենց միջեւ կը գոյացնեն հասարակական կապ մը։ Նոյնիսկ այդ կապի գոյացումէ ետք մենք համակարգողներս կը սկսինք աւելորդ թուիլ իրենց։ Կը նախընտրեն մեր բացակայութեամբ շփուիլ իրարու հետ։ Իրենց համար յայտնութիւններ են։ Զարմանալով գուշակել կը փորձեն թէ ինչու համար հայերուն այսքան հարազատ կը թուի Թուրքիոյ բազմաթիւ տեղանունները։ Օրինակի համար չէին պատկերացներ հայերու հանդիպիլ, որոնք կրնան Էրզրումէն եկած ըլլալ կամ Մալաթիայէն։ Իրենց պատկերացումը մեծ շրջումներ կ՚ապրի մանաւանդ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով։ Մենք դիտումնաւոր կերպով Ծիծեռնակաբերդի այցելութիւնը չենք դրած մեր շրջագայութեան ծրագրին մէջ։ Սակայն իրենք արտակարգօրէն հետաքրքիր են այդ վայրը այցելելու համար։ Ապա իրենց տպաւորութիւնները կը փոխանցեն թանգարանի յուշամատեանին։ Այդ պահուն կ՚անդրադառնանք թէ որքան ճիշդ է իրենց ընկալումները կամ մեկնաբանութիւնները։ Հանդիպումը աշխարհի խնդիրներու մասին խորհրդակցելու համար ալ շատ յաջող գետին մըն է։ Այս նախաձեռնութիւնը համագործակցութեան մը հետեւանքն է Թուրքիոյ մէջ Թոփլում Կէօնիւլլիւլերի Վաքֆը եւ Հայաստանի մէջ ալ մեր միջեւ։ Մասնակիցները կու գան Հայաստանի ինը մարզերէն։ Նոյնպէս թուրքական կողմն ալ կը ներկայացնէ իրենց երկրի տարբեր քաղաքները։ Ինչպէս Տիյարպաքըր, Իզմիր, Չանաքքալէ կամ Սամսուն։

 Մարզերէն եկած այդ տղաքը եւս կը ներկայացնեն կազմակերպութիւններ հետեւաբար գիտենք որ աշխատութեան աւարտին իրենց փորձառութիւնները պիտի բաժնեն աւելի լայն շրջանակի մը հետ»։

 Թոփլում Կէօնիւլլիւլերի Վաքֆը, որ հայերէնով պիտի նշանակէր Հասարակական Կամաւորներու Հիմնարկ երկար ատենէ ի վեր անմիջական գործընկերն է այս խիստ շահեկան նախաձեռնութեան։ Ուրեմն Հասան Ալթունօք եւս կը բաժնէ իր մեկնաբանութիւնները կատարուած աշխատանքին առթիւ։

«Իմ այս ծրագրի հետ գործակցութիւնս երեք տարուայ անցեալ ունի։ Անցեալ տարուայ Նոյեմբերին Երիտպանքի մասնակիցներուն հետ այցելեցինք Երեւան։ Գիտէք որ մեր նախագիծը կը ֆինանսաւորուի Հայաստան-Թուրքիա բնականոնացման գործընթացի շրջանակով։ Ուրեմն Հայաստանի մէջ ալ այցելեցինք Երիտպանքի մեր հայ գործընկերները։ Իսկ այժմ որպէս փոխադարձ այցելութիւն մենք ենք որ կը հիւրընկալենք զիրենք։ Այսօր եկած են «Ակօս»ի խմբագրութիւնը եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկը այցելելու։ Ապա պիտի երթանք մեր կեդրոնը։ Յետոյ ունինք դէպի հարեւան քաղաքներու ուղղուած այցելութեան ծրագիրներ։ Պիտի այցելենք Իզմիթ եւ Էսկիշեհիր։ Այնտեղ խաղաղութեան պատգամներով պիտի զարդարենք փողոցի պատերը։ Ես ալ իմ կարգին կը հաստատեմ որ կատարուածները խիստ արդիւնաբեր են։ Վերադարձին պիտի այցելենք Գընալը Կղզի, ուր յետոյ վերլուծումը պիտի ընենք այս տարուայ աշխատութեան։ Եթէ նկատի ունենանք որ սահմանները փակ են երկու երկիրներու միջեւ շատ աւելի կարեւոր իմաստ կը ստանայ կատարուած այս աշխատութիւնը, քանի որ ան կը միտի փակ սահմանները հատելու»։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ