Ներդրողներու Երեւանեան հանդիպում

 Հայաստանի Հանրային Լրատուութեան Ակումբի եւ Թուրքիոյ Տնտեսական Քաղաքականութիւններու Հետազօտման Հիմնադրամի համատեղ ջանքերով կը կայանայ Հայաստան-Թուրքիա նախաձեռնողներու հանդիպման երկրորդ փուլը։ Սոյն աշխատութեան առաջին փուլը կայացած էր Մայիս ամսուն Երեւանի մէջ։ Նախատեսուած հանդիպումին կը մասնակցին բացի երկու երկիրներու ներդրողներէն զանազան այլ շահախնդիրներ։ Ժողովի ընթացքին պիտի խրախուսուի համատեղ ձեռնարկներու կարելիութիւնը։ Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Աշոտ Արզումանեան, Ժեսուս Լոզանօ, Արամ Գէրեան եւ Արեգ Գէորգեան։ Այս հանդիպումներն ալ կը կայանան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հեռանկարով կատարուած աշխատանքներու ծիրին մէջ։

 Այս հանդիպման մէջ ուշագրաւ եւ շահեկան է Հայաստանի ներուժը եւ Թուրքիոյ մեծ ներդրումներուն առիթ ընդձեռող հնարաւորութիւնները։ Պատուիրակութիւնը այս առթիւ զանազան այցելութիւններ պիտի կատարէ բազմաթիւ հաստատութիւններու։          

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ


Yazar Hakkında

Ալին Օզինյան