Սելինա Տողան բողոքեց կանոնագրի դէմ

 Թուրքիոյ Խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի փոփոխութիւնները մտահոգութիւն կ՚առաջացնեն երկրի ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններուն մօտ։ Այս մասին ՃՀՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր Սելինա Տողան սոյն մտահոգութիւնները բարձրաձայնեց իր ելոյթով։ Ինչպէս նախապէս ալ գրած էինք խորհրդարանի յետադիմական շրջանակներու կողմէ նախագահ Էրտողանի թելադրութեամբ պատրաստուած կանոնագրի նախագիծը սահմանափակումներ կը պարտադրէր երեսփոխաններուն։ Այնտեղ յատուկ շեշտուած էր «Թուրք ազգի պատմութեան եւ հասարակական անցեալի դէմ մեղադրանքներ եւ անարգանք» սահմանումը։ Կը պահանջուէր այդ սահմանումը ոտնակոխող երեսփոխաններուն 12 հազար ԹԼ տուգանք։ 18 Յուլիսին սահմանադրական յանձնախումբի բանակցութիւններու պահուն ելոյթ ունեցող Սելինա Տողան պնդեց որ ներքին կանոնագրի փոփոխութիւնով փոքրամասնութիւններէն խօսողի ազատութիւնը կ՚արգիլուի խորհրդարանի մէջ։ «Անշուշտ որ ոչ ոք պէտք է անարգէ թուրք ազգի պատմութիւնը եւ հասարակական անցեալը։ Հապա՞ ուրիշ ազգերը։ Օրինակի համար հայ ազգի պատմութեան կրնա՞ք անարգել» հարցուց Սելինա Տողան։

 Ան իր ելոյթը շարունակեց «ժողովրդավարական երկրի մը անհրաժեշտութիւնը եղած հաստատութիւնները մի առ մի լռութեան կը մատնուին իշխանութեան կողմէ մետիան լռութեան դատապարտուած է։ Ակադեմիան նոյնպէս։ Լռութիւն կը տիրէ գործատէրերու կամ բանուորներու արհմիութիւններէ ներս։ Միակ ձայն բարձրացնողը ընդդիմադիր պատգամաւորներն են եւ այս նախագիծը կը փորձէ անոնց ձայն ալ լռեցնելու։ Նախորդ տարի 15 Յուլիսի ձախողած ռազմական յեղափոխութենէ ետք իշխանութեան ձայնը հանդիսացող մամուլը փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձուց։ Դեռ նախորդ շաբաթ Հայոց Պատրիարքարանի հրամանով բոլոր հայ եկեղեցիներու մէջ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ այդ օր նահատակուածներու հոգիներուն համար։ Նոյնը ըրին այս երկրի հրեաները։ Իսկ իշխանամէտ մամուլը ի՞նչ եղաւ, պնդեց թէ Կիւլենը հայ է կամ հրեաներու հետ գործակցած է։ Նոյնիսկ ուղղափառ քրիստոնեաներու Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս Սրբազան, որ աշխարհի վրայ կը յարգուի իբրեւ խաղաղութեան նուիրեալ, մեղադրուեցաւ այդ ձախողած հարուածի հեղինակներուն հետ շփուած ըլլալով»։

 Սելինա Տողան նշեց որ առաջին անգամ փոքրամասնութիւնները այսքան շատ թիւով պատգամաւորներով կը ներկայանան խորհրդարանի մէջ։ Այս ներքին կանոնագիրը անոնց ձայնը անլսելի դարձնելու համար պատրաստուած է։ «Եթէ բարեփոխութիւն մը ընել կ՚ուզէք եկէք սեռային խտրականութիւնները եւ ատելութեան պատգամները պատժող նախագիծ մը պատրաստենք» ըսաւ Տողան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ