Վեց մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ ձերբակալուած

 Մեր նախորդ թիւով անդրադարձած էինք մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն 5 Յուլիսին Մեծ Կղզիի մէջ ձերբակալուելու մասին։ Անոնք այդ յանկարծակի ձերբակալումէն ետք բաւական երկար ժամանակ մնացին անստոյգ պայմաններու տակ։ Իրենց դէմ յայտնի չէր թէ ինչով պիտի մեղադրուէին։ Սակայն այս բոլորը շուտով պարզուեցաւ եւ յայտնի դարձաւ որ դատախազութիւնը զիրենք կ՚ամբաստանեն ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութեան մը ի նպաստ գործելու մեղադրանքով։ Իսկ ո՞ր ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է այդ, եւս մնաց անստոյգ։ Որքան ալ լրջութենէ հեռու ըլլայ ներկայ դրութեան մէջ կարելի չէ այս տեսակի մեղադրանքներու դէմ իրաւունք պաշտպանել։ Արդարեւ վեց մարդու իրաւունքներու պաշտպաններն ալ 17 Յուլիսին դատախազի ներկայանալէ ետք ղրկուեցան բանտ։

 Նշենք որ ձերբակալութեան պահուն անոնք տասը հոգի էին եւ իրենցմէ չորսը ազատ արձակուած են ոստիկանական հսկողութեան պայմանով։ 

Այս զարգացումին դէմ Համաշխարհային Ներման Կազմակերպութիւնը (Amnesty International) Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Իտիլ Էսէրի նման մեղադրանքով բանտարկուելուն դէմ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը Սալիլ Շեթի յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ըսելով թէ դատախազները իրենց պնդումները ներկայացնելու համար 12 օր ունէին եւ անոնք յամառեցան բանտարկութիւն որոշելու։ Այս հարցաքննութիւնը օրինաւոր չէ, բոլորովին քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ։ Այս որոշումը կ՚ապացուցէ թէ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները սարսափելի ապագայ մը պիտի ունենան։ Դատախազութեան մեղադրանքը երեք տարբեր եւ իրարու հակադրուած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առնչակից կը դարձնէ մեղադրեալները։ Երեւոյթ մը, որ բոլոր տրամաբանութիւններէ դուրս է։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ