Մազ մի՛ քաշեր, ցեղասպանութիւն մի՛ ըսեր...

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Խորհրդարանական կանոնադրութեան փոփոխութիւնը մօտաւոր պատկերացում մը կու տայ այն վայրին մասին, դէպի ուր արագօրէն ու վստահ քայլերով կը դիմէ նոր Թուրքիան։ Նոր Թուրքիա կամ հին Թուրքիա անշուշտ յարաբերական հասկացութիւններ են հոս, խորքին մէջ ոչինչ փոխուած է հինին ու նորին միջեւ, պարզապէս աւելի կը համոզուինք որ լաւագոյն նորը մոռցուած հինն է։

Ուրեմն, աքափէ եւ մէհէփէ խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուցած են կանոնադրական թղթածրար մը, որ տուգանք կը սահմանէ հայհոյալից ու անարգական արտայայտութիւններու, բռունցքով, կիցով հարուածելու, մազ քաշելու եւ նման շարժուձեւերու համար։ Վերջիններս երեսփոխաններու վարքին բաղկացուցիչ մասերն են, բռունցքով ու կիցով կամ մազ քաշելով խօսք հասկցնելը սովորական երեւոյթներ են թրքական խորհրդարանին մէջ եւ խօսքի ազատութեան հասցուած լախտի այս հարուածը տեսնենք ինչ արդիւնքներ պիտի ծնի եւ ինչպէս պիտի ազդէ խորհրդարանական աշխատանքին։ Անշուշտ, անոնք որոնք համաձայն են վճարելու սահմանեալ տուգանքը կամ կրելու նշանակեալ պատիժը՝ ինչքան ուզեն կրնան իրարու մազը քաշել (եթէ մնացած էռ, բռունցքով կամ կիցով հարուածել, հայհոյել։ «Դրամով չէ՞ եղբայր, կը ծեծեմ՝ կը վճարեմ...»։

Այն երեսփոխանները, որոնք զէնքով կը շրջին խորհրդարանէն ներս՝ պիտի վճարեն 6 հազար լիրա տուգանք, իսկ եթէ անոնք զէնքով մուտք գործեն ընդհանուր ժողովի դահլիճ՝ 12 հազար մը աչքէ պէտք է հանեն։ Խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող կէտ մը եւս ահաւասիկ... Ըստ երեւոյթին բաւական դժուար պիտի ըլլայ հպատակիլ այս նոր կարգադրութիւններուն։

Խորհրդարանի կանոնագրութեան մեզ հետաքրքրող բաժինը հետեւեալն է սակայն. այն երեսփոխանները, որոնք «հայոց ցեղասպանութիւն», «Քիւրտիստան», «քրտական քաղաքներե կամ նման արտայայտութիւններ կ՚ունենան՝ պատրաստ պէտք է ըլլան վճարելու 12 հազար լիրա եւ պիտի զրկուին մասնակցելու ընդհանուր ժողովի երեք նիստին։ Հասկնալիքնիդ, խորհրդարանին մէջ զինեալ շրջիլն ու «հայոց ցեղասպանութիւնե արտայայտութիւնը գործածելը արժանի են հաւասար պատիժի։ Օրինագիծին հեղինակները յայտարարած են, թէ «ասիկա որեւէ առնչութիւն չունի խօսքի ազատութեան կամ ժողովրդավարութեան հետ, այլ մեր գոյութեան սպառնացող վիճակ մըն է»։

«Մեր գոյութեան սպառնացող վիճակեները այնքա՜ն շատ են որ... «Մեր գոյութեանե հիմերը կրնան սարսիլ եթէ յանկարծ անհիմն չորակուի հայոց ցեղասպանութեան «հայկական պնդում»ը։ «Մեր գոյութիւնը» անդունդի եզրին կը յայտնուի եթէ յանկարծ երեսփոխան մը ելլէ ու յայտարարէ թէ 1938-ին Տերսիմի մէջ պատահածը կոտորած մըն էր։ Ի՜նչ համարձակութիւն ելլել ու խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարել, թէ «Քիւրտիստանի մայրաքաղաքը Ամետ»ն է կամ ինքը Անգարա եկած է «Լազիստան»էն։ «Մեր գոյութեան սպառնացող այս վիճակ»ները անշուշտ պէտք է ի չիք դարձնել։

Հարցականներ ունիմ. օրինակ՝ ի՞նչ տուգանք պիտի սահմանուի այն երեսփոխանին, որ կը քաշէ «հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը գործածող իր պաշտօնակիցին մազը։ Կամ խորհրդարանի նիստէն պիտի վտարուի՞ այն երեսփոխանը, որ ի խորոց սրտի պիտի հայհոյէ այն երեսփոխանին, որ կը խօսի «քրտական քաղաքներուն» մէջ կատարուող օրինազանցումներուն մասին։ Թերեւս որոշ զեղչումնե՞ր կատարուին «անցանկալի» նման արտայայտութիւններուն եղած օրինաւոր միջամտութիւններուն համար։ Այս կէտը յայտնի է որ մոռցուած է։ Քանի որ խորհրդարան մը հասարակութեան մանրանկարն է, չէ՞։ Գիտենք, որ դուրսը, փողոցին մէջ, «ազգային դրդապատճառներովե կատարուած արարքները ոստիկանական մեղմ ժպիտով մը կ՚ընդունուին, քաղաքական իշխանաւորները հասարակութիւնը միջամտելու կը հրաւիրեն «ազգադաւ» արարքներու դէմ, հետեւաբար խորհրդարանին մէջ եւս նոյնը պէտք է ըլլայ։ Ըլլալի՞ք բան է, որ փողոցին ազատութիւնը զլացուի խորհրդարանէն։ Մարդ ինչո՞ւ երեսփոխան ըլլայ, եթէ ախորժակով պիտի չկարենայ հայհոյել «հայոց ցեղասպանութիւն» ըսողին։

Խորհրդարանական կանոնադրութիւնը կ՚արգիլէ նաեւ պաստառներ պարզելու արարքը։ Պաստառները սիրելի չեն փողոցներուն մէջ եւս, ինչպէ՞ս արտօնուին, հետեւաբար, խորհրդարանին մէջ։ Ոստիկանները չեն արտօներ, օրինակ, պաստառներ պարզել այն վայրերու մօտ, ուր պիտի այցելէ աքափէին նախագահը։ Ի՞նչ պէտք կայ... Մարդիկ իրենց խօսքով ըսել չկրցածը, կրնան պաստառով ալ չըսել։ Ի՞նչ կը փոխուի։

Թուրքիա արդարեւ մեծ ոստումներով կը սուրայ։ Խորհրդարանական այս նոր կանոնադրութիւնը ընդունելէն ետք իշխանական երեսփոխանները պէտք է մտածեն կարգի բերել նաեւ մեզ, հասարակ մահկանացուներս։ Ժողովրդավարութեան աքամէհափէական ձեւը դեռ ատակ է նոր նուաճումներու։ Ինչպէս կ՚ըսէր պոլսահայ լրագրող մը, այսօրուան Թուրքիան նախաէրտողանեան շրջանէն շատ աւելի ժողովրդավարական է։ Ամէն ջանք պէտք է գործադրել զարգացնելու համար այս ժողովրդավարութիւնը։ Ո՛չ միայն խորհրդարանէն ներս, այլ նաեւ խորհրդարանէն դուրս...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ