Կրօնամոլութիւնը միշտ օրակարգի վրայ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Քաղաքի մէջ տեղեր անսպասելիօրէն նոր իմաստներով կրնան օժտուիլ։ Այդպիսին եղաւ Պէշիքթաշի Ապպաս Աղա զբօսայգիի օրինակը։ Այս վայ­րը յատ­կա­պէս ալ իր դիր­քով միշտ խա­ղաղու­թիւն ներշնչող հա­մեստ զբօ­սայ­գի մըն էր քա­ղաքին մէջ։ Շրջա­պատուած էր բնա­կելի շէն­քե­րով եւ տա­րուայ ամե­նաշոգ օրե­րուն իսկ իր այ­ցե­լու­նե­րուն կը պար­գե­ւէր հան­գիստ ու խա­ղաղ մի­ջավայր մը։ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի այդ նշա­նաւոր դի­մադ­րութե­նէն ետք, երբ կեան­քը հա­մեմա­տաբար բնա­կանոն կը դառ­նար, դի­մադ­րութեան ոգին եր­կար ժա­մանակ շա­րու­նա­կուե­ցաւ քա­ղաքի տար­բեր թա­ղերու զբօ­սայ­գի­ներուն մէջ։ Ամե­նօրեայ ժո­ղով­ներ կը կա­տարուէին զբօ­սայ­գի­ներէ ներս, ուր մա­նաւանդ երի­տասար­դութիւ­նը կը հա­մախմբուէր եւ կը փոր­ձէր վեր­լուծել իր ներգրա­ւուած այս առա­ջին քա­ղաքա­կան ապստամ­բութիւնը։ Այդ օրե­րուն կա­րեւո­րագոյն վայ­րե­րէն մէ­կը դար­ձած էր Ապ­պաս Աղա­յի զբօ­սայ­գին։ Այս աւան­դութիւ­նը մին­չեւ օրս ալ կը շա­րու­նա­կուի Ապ­պաս Աղա­յի մէջ եւ այ­գին կը շա­րու­նա­կէ կա­րեւոր բե­մահար­թակ մը ըլ­լալ հա­սարա­կական բազ­մաբնոյթ մի­ջոցա­ռումնե­րու հա­մար։ Նա­խորդ Հինգշաբ­թի երե­կոյ հոն կազ­մա­կեր­պուեցաւ Սե­բաս­տիոյ մէջ 2 Յու­լիս 1993 թուակա­նին տե­ղի ու­նե­ցած զան­գուածա­յին մար­դասպա­նու­թեան յի­շատա­կու­մը։ Այ­գին ան­գամ մը եւս լե­ցուն էր ընդդի­մադիր­նե­րով, մա­նաւանդ ալե­ւինե­րով, տրուած ըլ­լա­լով որ այդ ոճի­րի գլխա­ւոր թի­րախը ալե­ւինե­րը եղած էին։ 2 Յու­լիս թուակա­նով քա­ղաքա­կան օրա­ցոյ­ցին մէջ դրոշ­մուած վայ­րա­գու­թիւնը իս­կա­պէս ալ սար­սա­փազ­դու էր բո­վան­դակ մարդկութեան հա­մար։ Շատ պարզ գրգռու­թիւնով մը քա­նի մը ժա­մուայ մէջ հա­ւաքուած էին բազ­մա­հազար­ներ, որոնք քա­ղաքի մը կեդ­րո­նին մէջ մեծ հա­մար­ձա­կու­թիւնով կրա­կի կու տա­յին հիւ­րա­նոց մը, ուր իջե­ւանած էին ալե­ւինե­րու աշու­ղը յի­շատա­կելու հա­մար Սե­բաս­տիա եկած բազ­մա­թիւ մտա­ւորա­կան­ներ։

Մօ­տաւո­րապէս 15 հա­զար հա­շուող բազ­մութիւ­նը հա­ւաքուած էր հիւ­րա­նոցի առ­ջեւ եւ մահ կը պա­հան­ջէին ներ­սը գտնուող­նե­րուն դէմ։ Այս դէպ­քի մա­սին խօ­սելու հրա­ւիրուած էին այդ օր, այդ դէպ­քե­րու ըն­թացքին մա­հացած բա­նաս­տեղծ Մե­թին Ալ­թըօքի դուստրը այժմ Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան Պատ­գա­մաւոր Զէյ­նեփ Ալ­թըօք, «Ակօս»ի աշ­խա­տակից Բագ­րատ Էս­դուգեան, հա­կաքա­փիթա­լիս­տա­կան մու­սուլման­նե­րու հար­թա­կէն Իհ­սան Էլիաչըք եւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովա­վարու­թեան Հա­մագու­մա­րի հա­մաբան­բեր Կիւ­լիստան Գօչ­յի­ղիթ։

Սկսե­լով առա­ջին ատե­նախօ­սէն՝ Զէյ­նեփ Ալ­թըօքէն բո­լոր զե­կու­ցողնե­րը կար­ծես նա­խապէս հա­մաձայ­նած ըլ­լան, իրենց զե­կոյ­ցը ներ­կա­յացու­ցին ոչ թէ 23 տա­րի առաջ պա­տահած­նե­րուն, այլ այ­սօ­րուայ քա­ղաքա­կան մի­ջավայ­րը քննար­կող մեկ­նա­բանու­թիւննե­րով։ Հասկնա­լի էր այս երե­ւոյ­թը, քա­նի որ վտան­գը յա­րատեւ է եւ այ­սօր ալ կը սպառ­նայ ներ­կայ հա­սարա­կու­թեան։ Ան­շուշտ որ այդ առ­թիւ յի­շուե­ցաւ նաեւ ներ­կա­յիս օրա­կար­գի կա­րեւոր մէկ նիւ­թը դար­ձած հա­ցադուլնե­րու խնդի­րը։ Անդրա­դառ­նա­լով 23 տա­րուայ առա­ջուայ դէպ­քե­րուն բո­լորին մտքին մէջ էր նաեւ այս օրը, այ­սօ­րուայ քա­ղաքա­կան բե­ւեռա­ցու­մը։ Որ­քան ալ իմաս­տա­լից ըլ­լան այս տե­սակի հան­րա­հաւաք­նե­րը եւ այնտեղ վճռա­կամու­թեամբ հնչող «ան­գամ մըն ալ եր­բեք» խոս­տումնե­րը, որոշ է որ Թուրքիա տա­կաւին շատ հե­ռու է այդ «ան­գամ մըն ալ եր­բեք»ին իրա­կանու­թիւն դառ­նա­լու հա­ւանա­կանու­թենէն։ Ընդ հա­կառա­կը կար­ծես բո­լոր ժա­մանակ­նե­րէ աւե­լի խիստ ներ­քա­շուած ենք նման փոր­ձանքի մը կրկնու­թեան վար­կա­ծին։ Այդ պա­հուն հա­ւանա­բար գտնուեցան մար­դիկ, որոնք յի­շեցին երկրի նա­խագա­հի ան­ցեալին ար­տա­սանած «իս­լա­մը ոճիր չի գոր­ծեր» պո­ռոտա­խօսու­թիւնը։ Մինչդեռ այս երկրի մէջ ան­ցեալին, թէ այ­սօր բո­լոր հա­ւաքա­կան յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու գլխա­ւոր մղիչ, խրա­խու­սիչ եւ գրգռիչ տար­րը կրօ­նամո­լու­թիւնն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ