ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԵՂ Բ.

Բառ մը, որ տեղքայլ չի սիրեր

12 Յու­նիս, 2017, Եր­կուշաբ­թի։ Դպրո­ցական ու­ղե­ւորու­թեան երկրորդ շա­բաթն է։ Հայ­րե­նիքը ճանչնա­լու երկշա­բաթեայ այս ար­կա­ծախնդրու­թիւնը նո­րանոր, շատ ան­գամ հե­ռաւոր տե­ղեր կը հասցնէ մեր 34 աշա­կերտնե­րը եւ Լա­րան, ան, որ ամէն տեղ ամուր բռնած իր ոսպնեակը յա­րատեւ կը լու­սանկա­րէ ու իր ար­մատնե­րու՝ Խոր­խո­րու­նի­ներու հետ կա­պուած տե­ղեր կը փնտռէ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան մէջ, մինչ ամէն քայ­լա­փոխին աւե­լի կը բա­ցայայ­տուի «տեղ» բա­ռի յա­րաշարժ պատ­մութիւ­նը։

Օրուան առա­ջին լոյ­սով մեր հան­րա­շար­ժը կ՚ուղղուի դէ­պի Գառ­նի։

- Լա­րա՛, բա­ռերը կը ծնին, կ՚ապ­րին ու… կը մա­հանան։ Այդպէս է նաեւ «մե­հեան» բազ­մանդամ ըն­տա­նիքը. քուրմ, հե­թանոս, դից, կռա­պաշտ, մե­հենա­տեղի… Հա­յաս­տա­նի մէջ, այս լեռ­նե­րու վրայ ու­նե­ցեր են արեւ­շատ կեանք։ Սա­կայն, 300-նե­րուն մա­հացած են բո­լորը։ Այդ գեր­դաստա­նէն վե­րապ­րածնե­րէն մէկն է «մե­հենա­տեղի» բա­ռը… Սա­կայն, դիւ­րին չէ զայն գտնել։ Շատ ան­գամ թաք­նուած կ՚ըլ­լայ եկե­ղեցի­ներու յա­տակը, անոր խա­րիսխնե­րէն վար։ Բայց մէկ հա­տը կան­գուն է իր 24 սիւ­նե­րով եւ օրուան 24 ժա­մը պատ­րաստ է ըն­դունե­լու օտար, թէ հայ հիւ­րեր։

- Պի­տի տես­նե՞նք զայն։

- Ար­դէն եկանք… Ահա, Գառ­նիի տա­ճարը։ Հա­յոց աշ­խարհի միակ «մե­հենա­տեղին»… Ագա­թան­գե­ղոսը «Պատ­մութիւն Հա­յոց» գիր­քի մէջ պատ­մած էր, թէ Տա­րօն գա­ւառի մէջ Արա­ծանի սրբա­զան գե­տի ափին Քար­քէ լե­րան ստո­րոտին կը գտնուէր Հա­յաս­տա­նի հե­թանո­սական պաշ­տա­մունքի գլխա­ւոր կեդ­րո­նը, Աշ­տի­շատ «սրբա­տեղին», ուր կը գտնուէր Աստղի­կի, Անա­հիտի եւ Վա­հագ­նի «մե­հենա­տեղի­ները»։ Իսկ, Լա­րա, ինչպէս չյի­շել մեր «ուխտա­տեղի»նե­րը… Տու­րուբե­րան նա­հան­գի Խոր­խո­րու­նիք գա­ւառին մէջ, ուր կը կար­ծես, թէ պա­պերդ ապ­րած են, Արծկէ քա­ղաքի հիւ­սի­սային կող­մը, Սի­փան լե­րան լան­ջին կը գտնուէր Երաշ­խա­ւոր Սուրբ Նշան, Պա­տերազ­մի Սուրբ Նշան կամ Սքան­չե­լագործ վան­քը, ձեր բա­րեպաշտ նախ­նի­ներու ուխտա­տեղին։ «Ուխտա­տեղի» բա­ռը ու­նէր նաեւ արուես­տի հա­կում։ Փա­նոս Թէր­լէ­մէզեանի վրձի­նի տակ ան նաեւ դար­ձաւ գե­ղան­կար, «Ուխտա­տեղի», որ այժմ կը զար­դա­րէ Ազ­գա­յին Պատ­կե­րաս­րա­հը։

Վե­րադար­ձին կ՚այ­ցե­լենք Չա­րեն­ցի կա­մարը։ Նաիրան, որ միջ-դպրո­ցական ար­տա­սանա­կան ամէ­նամեայ մրցոյ­թի մէջ գալ տա­րի առա­ջին տե­ղը գրա­ւելու յա­ւակ­նութիւ­նը ու­նի, ար­դէն սկսած է ար­տա­սանել Տէ­րեանի «Մի Խառ­նէ՛ք Մեզ» բա­նաս­տեղծու­թիւնը.

«Բա­բելոնն է եղել մեր ախո­յանը՝ տե՛ս ան­հետ կո­րել, ան­ցել է՝ չար մշու­շի պէս։

Ասո­րիքն է եղել մեր թշնա­մին - ահա՛ դաշտ է տե­ղը եւ չկայ քար քա­րի վրայ»։

Մէկ այլ օր, Ար­ցա­խի ճամ­բուն վրայ, մայ­րուղիի Գո­րիս-Ստե­փանա­կերտ հա­տուա­ծին սահ­մա­նէն առաջ Լա­րան կը տես­նէ Հա­յաս­տա­նի ամե­նավեր­ջին տե­ղը, 2,500 բնակ­չութիւն ու­նե­ցող, եր­բեմնի «մե­լիքա­նիստ» ՏԵՂ գիւ­ղը։

- Մեր նա­խագա­հը, կ՚աւելցնէ վա­րորդ Ար­տուշը, ծնուել է Ստե­փանա­կեր­տի Տե­ղեցոնց թա­ղամա­սում, ուրտեղ ժա­մանա­կին բնա­կու­թիւն են հաս­տա­տել ահա էս Տեղ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը։

- Լա­րա, պատ­կե­րալից է մեր լե­զուն եւ մեր ժո­ղովուրդի մտա­ծելա­կեր­պը։ Ար­ցա­խի մէջ, ծո­վէն 1200 մ. բարձրու­թեան վրայ, գո­գաւոր լեռ­նա­լան­ջի մը մէջ նստած է, կրնա՞ս հա­ւատալ, գիւղ մը, որ կը կո­չուի… Ծո­վատեղ։

«Տեղ» բա­ռը եղաւ առա­տաձեռն։ Ան մե­զի պար­գե­ւեց բազ­մա­թիւ ար­տա­յայ­տութիւններ, դար­ձուածքներ, բա­ռակա­պակ­ցութիւններ. ի տեղ, ան­ցա­նել ի տեղ ու­րուք, յա­մենայն տեղ, տե­ղի տալ, հա­սարա­կաց տե­ղիք, սուրբ տե­ղիք, տե­ղի ապա­ւինի, ընդ ամե­նայն տե­ղիս, զտե­ղի առ­նուլ, ան­կա­նել ի տեղ­ւոջ, բա­նին իմոյ չիք տե­ղի ի ձեզ, եր­կու ոտ­քը մէկ տեղ դնել, տեղ բռնել, տեղ գտնել, տեղ գրա­ւել, տեղ հասցնել, տեղ ու դա­դար չու­նե­նալ, տե­ղը նստեց­նել, տե­ղի տալ, տե­ղի ու­նե­նալ, տե­ղէ-տեղ, աւե­լորդ տե­ղը, զուր տե­ղը, բա­նի տեղ դնել, քե­ֆը տե­ղը, գոյ­նը տե­ղը ըլ­լալ, խել­քը տե­ղը գալ, որ­տեղ հաց այնտեղ կաց, տեղ­քայլի մէջ ըլ­լալ, մար­դու տեղ դնել…

Ե. դա­րէն սկսեալ մեր գրա­կանու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցինք շատ «տեղ»եր. Անա­նիա Շի­րակա­ցին «Աշ­խարհա­ցոյց»ի մէջ նկա­րագ­րեց Կող­քիս աշ­խարհա­մասը ուր, կա­րելի է ըսել, թէ առա­ջին ան­գամ գոր­ծա­ծեց «վա­ճառա­տեղի» բա­ռը. «Ու­նի լե­րինս բա­զումս, եւ գետս, եւ գա­ւառս, եւ քա­ղաքս, եւ բերդս, եւ գե­ղաքա­ղաքս եւ վա­ճառա­տեղիս»։ Իսկ Վար­դան Արե­ւել­ցին «Աշ­խարհագ­րութիւն» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ խօ­սեցաւ հա­յոց աշ­խարհի սրբա­զան «տե­ղեերու մա­սին. «... ի կողմն Գառ­նոյ Խոր­վի­րապն, յոր է տե­ղիք չար­չա­րանաց Գրի­գորի Լու­սա­ւոր­չին ի մէջ օձիցն 13 տա­րի», «Եւ ի յոտն Արա­գածոյ… Տե­ղերու վանքն ուր կայ լրջա­կապու­տակ սուրբ նշան­ն»։ 10-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին իր հո­գեւոր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ նկա­րագ­րեց ոչ-աշ­խարհագ­րա­կան տե­ղեր. «ան­սուրբ տեղ», «թշուառու­թեան տեղ», «կեն­դա­նու­թեան տեղ», «կե­նաց տեղ», «ապաս­տա­նի տեղ», «գլխու հանգստեան տեղ», «երա­նաւոր խոստման տեղ»…

Մէկ այլ օր։ Սե­ւանայ լիճ եւ «Հին Աս­տուած­ներ»։ Մեր աւան­դութիւնն է, որ զոյգ մը աշա­կերտներ «իշ­խա­նու­հի» եւ «վա­նահայր» դար­ձած, «in situ» ներ­կա­յաց­նեն Լե­ւոն Շան­թի «Հին Աս­տուած­ներ»է տե­սարան մը ու այս թա­փառաշրջիկ թա­տերա­խաղը վե­րադարձնեն իր «բուն տե­ղը»։

Շրջապ­տոյտի վեր­ջին օրն է։ Արա­գած լե­րան վրայ, Ամ­բերդի սեւ պա­րիսպնե­րու առաջ, ուր տեղ տեղ անձրեւ է եւ տեղ տեղ պայ­ծառ եր­կինք, ծա­ծանող եռա­գոյ­նի տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ չկան­խա­տեսուած բան. աշա­կերտնե­րը ինքնա­բուխ սկսած են եր­գել ազ­գա­յին օրհներ­գը.

«Ամե­նայն տեղ մա­հը մի է, մարդ մի ան­գամ պի՛տ մեռ­նի»,

Իսկ Գա­յանէն, Մու­սա Լե­րան հայ­րե­նադարձ, ապա ամե­րիկաբ­նակ ըն­տա­նիքի այդ աղ­ջի­կը կը սկսի ար­տա­սանել.

Սա իմ եր­կիրն է- չա­փերով այնպի­սին-

որ կա­րող եմ վերցնել հետս,

թէ մի հե­ռու տեղ գնամ։

Փոք­րիկ՝ ինչպէս ծե­րացած մայր,

Փոք­րիկ՝ ինչպէս նո­րածին զա­ւակ

իսկ քար­տէ­զի վրայ

ըն­դա­մէնը ար­ցունքի մի կա­թիլ…

- Պա­րոն ամէն մարդ իր տե­ղը գտաւ։ Իսկ ես...

- Լա­րա, բա­ռերու եւ տե­ղանուննե­րու հետ տե­ղէ տեղ ճամ­բորդէ ու կը հաս­նիս քու հա­րազատ նստա­տեղդ։ Քե­զի պէտք են «լիճ, Վան, Սի­փան, հրուան­դան, Արծկէ, Կոփ, Խո­ռէ եւ քա­նի մը այլ բա­ռեր։

Օրը կը մթննայ։ Վե­րադար­ձի ճամ­բան վա­րորդ Ար­տուշը կը բա­նայ ձայ­նասփիւ­ռը։ Մեր յոգ­նած, յու­զուած, շատ տե­ղեր տե­սած եւ երկրին սի­րահարուած աշակերտներուն կ՛օրօրէ Խաչատուր Աւետիսեանի «Որտեղ Գտնեմ Քեզ» երգը.

«Քարից թռան երկու կաքաւ, թռան սրտիս պէս,

«Ա՜խ, դու իմ եար, ա՜խ, դու իմ լաւ, որտեղ գտնեմ քեզ»։