Հրաժեշտ Անժէլ Աչըքկէօզի

Կեանքի վերջին ճամբորդութիւնն է որ կը կատարէ Թուրքիոյ ընդյատակեայ կոմունիստ կուսակցութեան կարեւորագոյն դէմքերէն Անժէլ Աչըքկէօզ։ Ան այս ճամբորդութիւնով կը հասնի իր սիրեցեալ ամուսնոյն՝ նոյն քաղաքական շարժումի ամենակարկառուն դէմքերէն մէկուն՝ Հայկ Աչըքկէօզին։ Հայկ եւ Անժէլ Աչըքկէօզ ամոլը իրենց տիպար կեցուածքով ոգեւորեցին ամբողջ սերունդ մը։ Այդ սերունդին ներկայացան, իբրեւ օրինակելի ամուսիններ, որոնք իրենց գաղափարներուն համար դիւրաւ կը դիմագրաւեն ամէն տեսակի զրկանք եւ կը մնան աննկուն։ «Ակօս»ի այս թիւով մենք ալ կ՚ուզենք պանծացնել իրենց բարի յիշատակը, նոյն պայքարին մասնակցած բազմաթիւ ընկերներու խորհուրդներով։

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ

zakaryamil@gmail.com

Այս երկրի մէջ պատմութեան հետ առերեսուելու փորձերը ամէն անգամ ձախողեցան ճիշդ այն պահուն, երբ կը կարծուէր թէ հիմա այլեւս ժամանակը եկած է։ Զար­մա­նալի յատ­կութիւ­նով մը պատ­մութիւ­նը միշտ կը յու­շէ ան­ցեալի պա­տահար­նե­րը, որոնք ընդմիշտ իրա­րու շաղ­կա­պուած են։ Սկսե­լով Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան տա­րինե­րէն Թուրքիոյ մէջ յա­րատեւ եղան զան­գուածա­յին մար­դասպա­նու­թիւննե­րը, տա­րագ­րութիւննե­րը, տե­ղահա­նու­թիւննե­րը։ Ան­ժէլ Աչըք­կէօզ ահա այդ ար­հա­ւիրքնե­րու ընդմէջ կեր­տեց իր ճամ­բու ու­ղին, դիրք բռնե­լով միշտ ընկճուած­նե­րու շար­քե­րուն։

Թուրքիոյ Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան պատ­մութիւ­նը նոյնպէս տան­ջանքնե­րու պատ­մութիւն մըն է, ուր զա­նազան շար­քա­յին­ներ այդ պայ­մաննե­րու տակ հար­կադրուեցան ար­տա­գաղ­թե­լու եւ իրենց գա­ղափա­րական պայ­քա­րը օտար եր­կիրնե­րու մէջ շա­րու­նա­կելու։

Ան­ժէլ Աչըք­կէօզ 17 Յու­նիս 2017-ին 94 տա­րեկան հա­սակին Լայփցի­կի մէջ կնքեց իր մահ­կա­նացուն։ Եր­կի­րը պար­տա­կան մնաց իրեն։ Այս կեան­քի եզա­կի ոդի­սակա­նին նախ մտնենք սե­փական տո­ղերով։

«Ես եր­ջա­նիկ ապ­րե­ցայ»

«Սամ­սունի Պաֆ­րա գա­ւառէն են ծնող­ներս։ Ես ծնած եմ 1 Մա­յիս 1923-ին Իս­թանպու­լի Փան­կալթի թա­ղը։ Ծնող­ներս 1915-1918-ի կո­տորած­նե­րէն վե­րապ­րածներ են։ Մայրս շատ գե­ղեցիկ ըլ­լա­լու կող­քին իմաս­տուն էր նաեւ եւ յատ­կութեան պատ­ճա­ռաւ ալ կը վա­յելէր բո­լորին հա­մակ­րանքը։ Ման­կութեան դժուար շրջան մը բո­լորե­լէ ետք եր­ջա­նիկ ամուսնու­թիւն մը ապ­րե­ցայ։ Ամ­բողջ 56 տա­րիներ բաժ­նե­ցինք իրար հետ եւ եր­բեք լուրջ վի­ճաբա­նու­թիւններ տե­ղի չու­նե­ցան մեր մի­ջեւ։ Ան­շուշտ որ ու­նե­ցանք տա­րակար­ծութիւններ, բայց ամէն ան­գա­մուն յա­ջողե­ցանք անոնք հա­մաձայ­նութեամբ լու­ծե­լու։ Հայ­կը ամուր փա­րած էր իր գա­ղափար­նե­րուն եւ կրնար ամէն տե­սակ զո­հողու­թիւն յանձն առ­նել։ 1944-ի եւ 46-ի ձեր­բա­կալու­թիւննե­րը այդ հաս­տա­տու­մի փաս­տերն են նաեւ։ Ես տա­կաւին միջ­նա­կար­գի ու­սա­նող էի երբ Հայկ Սամ­սունի մէջ երկրոր­դա­կան ու­սումը աւար­տած եւ Իս­թանպուլ եկած էր հա­մալ­սա­րանի բժշկա­կանի ճիւ­ղը ու­սա­նելու հա­մար։ Մեր ըն­տա­նիք­նե­րը ար­դէն ծա­նօթ էին իրա­րու։ Բնա­կան երե­ւոյթ, ինչպէ՞ս ծա­նօթ չըլ­լան որ, տե­ղահա­նու­թե­նէ մա­զապուրծ փրկուած բուռ մը հա­յեր էինք, որ Սամ­սունի մէջ իրա­րու հետ կողք կող­քի տուած նոր կեանք մը կեր­տե­լու կ՚աշ­խա­տէինք։

Հայ­կը 1949-ի գար­նան ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ եւ մենք ալ նա­խապէս պատ­րաստուած հրա­ւիրա­գիր­նե­րու թուական­նե­րը փո­խելով լծուեցանք պսա­կադ­րութեան գոր­ծե­րուն։ Մեր պսա­կադ­րութիւ­նը կա­տարուեցաւ Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ան­շուշտ բա­ւական չքա­ւոր էինք։ Ըն­կերնե­րը Հայ­կին մուգ լա­զուարթ քոս­տիւմ մը նուիրե­ցին իբ­րեւ փե­սայի տա­րազ։ Այդ նոյն տա­րազով աւե­լի ետք Վար­դանն ու Ժաքն ալ պի­տի ամուսնա­նային։ Ես ալ թրքու­հի մէկ բա­րեկա­մու­հիին նուիրած տա­րազով հարս եղայ։ Առանց ոս­տի­կանու­թեան ան­ցա­գիր­նե­րու բա­ժինը այ­ցե­լելու ընդգետ­նեայ մի­ջոց­նե­րով ան­ցա­գիր ապա­հովե­ցի։ Իբ­րեւ թէ Իտա­լիա ճամ­բորդել ձե­ւաց­նե­լով նաւ մտայ եւ Պէյ­րութ գա­ցի։ Սո­վորու­թիւն էր այս ճամ­բորդու­թեան ալ եր­կու գաղտնի ոս­տի­կան­ներ կը հսկէին զիս։ Այդ տա­րինե­րուն գաղտնի ոս­տի­կան­նե­րը նշմա­րելը շատ դժուար չէր։ Բո­լորն ալ հա­մազ­գեստի մնան նոյն տե­սակի կեր­պասնե­րով կա­ռուած հա­գուստներ կը հա­գուէին, նոյ­նիսկ կօ­շիկ­ներն ընդմիշտ նոյն ձե­ւով էր։ Նա­ւը նախ Զմիւռնիա ապա Աթէնք, Եգիպ­տոս Աղեք­սանդրիա եւ Կիպ­րո­սի Լի­մասոլ նա­ւահան­գիստը հան­դի­պելով հա­սաւ Լի­բանա­նի մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութ։ Նա­ւու կամրջա­կէն նկա­տեցի Հայ­կը։ «Այստեղ ագ­ռաւներ կան» ըսե­լով զգու­շա­ցուց զիս ու խառ­նուեցաւ ամ­բո­խին մէջ։ Զիս իր ըն­կերնե­րը դի­մաւո­րեցին»։

«Հո­գիս, Մե­րիհս»

Ան­ժէլ Աչըք­կէօզի գա­ղափա­րակից ըն­կերնե­րէն մէկն է նաեւ Կիւն Պեն­տերլի Թո­կայ։ Ան աշ­խա­տած ըլ­լա­լով Նա­զըմ Հիք­մե­թի ազա­տու­թեան հա­մար հար­կադրուեցաւ եր­կի­րը լքե­լու։ Իս­թանպու­լի մէջ սկսած իրա­ւաբա­նական ու­սումը շա­րու­նա­կեց Փա­րիզ եւ 1950-ական տա­րեթի­ւերու սկիզբնե­րուն ըն­դա­ռաջե­լով Նա­զըմ Հիք­մե­թի հրա­ւէրին մեկ­նե­ցաւ Պու­տա­փեշտ եւ այնտեղ մաս­նակցե­ցաւ Թուրքիոյ Կոմ­Կուսի օր­կան՝ «Պի­զիմ Ռա­տիօ»ի անձնա­կազ­մին, որուն մաս կը կազ­մէր նաեւ Ան­ժէլ Աչըք­կէօզ։

Կիւն Պեն­տերլի Թո­կայ այժմ կ՚ապ­րի Պու­տա­փեշտ եւ թարգմա­նու­թիւններ կը կա­տարէ ար­դի հունգա­րական գրա­կանու­թե­նէ։

«Գի­տեմ որ անունդ Մե­րիհ չէ, այլ Ան­ժէլ։ Գի­տեմ թէ ինչ պայ­մաննե­րու տակ հրա­ժարե­ցար քու հա­րազատ անու­նը գոր­ծա­ծելէ եւ որ­դեգրե­ցիր քե­զի նոյնքան սի­րելի դէմ­քի մը, Ապ­տիւլքա­տիր Փիր­հա­սանի կնոջ անու­նը։ Ինձմէ պա­հան­ջե­ցին որ քու մա­սիդ յօ­դուած մը գրեմ։ Երեք հա­զար հա­րուա­ծով սահ­մա­նափա­կեցին գրու­թեան տա­րողու­թիւնը։ Գի­տեմ որ լրագ­րո­ղու­թիւնը այսպի­սի բան մըն է։ Մենք ալ ռա­տիոյի մէջ րո­պէնե­րով կը սահ­մա­նուէինք։ -3 րո­պէն չանցնի- կ՚ըսէինք։ Գի­տեմ որ 11 տող գրու­թիւնը մէկ րո­պէ կը տե­ւէ։ Բայց ես ինչպէս սահ­մա­նուիմ, երբ կը խօ­սինք քու մա­սին։ Սահ­մա­նուած էջե­րուն մէջ ինչպէ՞ս կը բնու­թագրեմ քեզ։ Մեր միասին ապ­րած, աշ­խա­տած վեց տա­րինե­րը ինչպէ՞ս կը սղմին հա­մարուած տո­ղերու։ Մեր այդ վեց տա­րինե­րը հա­սարակ մար­դու մը ամ­բողջ կեան­քի տե­ւողու­թիւնը կրնայ խտաց­նէ իր մէջ։ Ինչ զար­մա­նալի զգա­ցում է որ մարդ իր հա­րազատ­նե­րուն մա­հուան խոր­հուրդի հետ չի կրնար հաշ­տուիլ։ Ին­ծի հա­մար հասկնա­լու բան չէ որ այ­լեւս չկաս եւ մենք աս­կէ ետք եր­բեք իրար պի­տի չտես­նենք։ Կը յի­շեմ մեր միասին տօ­նած տա­րեդար­ձե­րը։ Ամէն տա­րի Մա­յիսի 1-ը իր իմա­ստին պատ­շաճ կեր­պով կը նշէինք եւ հա­զիւ գի­շերուայ ժա­մերուն կ՚անդրա­դառ­նա­յինք քու տա­րեդար­ձի խոր­հուրդին։ Ապա օրը կը շրջէր Մա­յիս 1-ը կը դառ­նար Մա­յիս 2 եւ այս ան­գամ ալ կը նշէինք իմ ծնունդը։ Վեր­ջին ան­գամ քու 90-րդ տա­րեդար­ձին Պեռ­լին միասին էինք։ Ուրկէ գիտ­նամ որ այդ մեր վեր­ջին հան­դի­պումն էր։ Այ­սօր ես յե­տադարձ ակ­նարկ մը կը նե­տեմ մեր միատեղ ան­ցած ճա­նապար­հին ու կը խոր­հիմ թէ յա­ջող ան­ցաւ այդ ու­ղին։ Մեր ու­սե­րուն վրայ գլուխ մը կար որ մտա­ծելու կը ծա­ռայէր։ Չհա­կեցինք այդ գլու­խը։ Մեր հա­ւատա­ցած սկզբունքնե­րուն հե­տեւե­ցանք մին­չեւ վերջ եւ կար­ծեմ յա­ջողե­ցանք Մե­րիհ։ Տես որ ետին աչ­քե­րը խո­նաւ որ­քան շատ բա­րեկամ թո­ղու­ցիր, որ­քան երի­տասարդ կը սգայ Ան­ժէլ քոյ­րի­կի մա­հը։ Մի­թէ այս բո­լորը քի՞չ բա­ներ են»։

Ան­ժէ­լի որ­դի­ները

Ժա­լէ Միլ­տա­նօղ­լու 1957-ի ծնունդ է։ Ան ծնած է Նեւ­շե­հիր, բայց իր ըն­տա­նիքի ար­մատնե­րը կու գան Շա­պին Գա­րահի­սարէն։ Ան եւս վկա­յու­թիւններ ու­նի Ան­ժէլ Աչըք­կէօզի հետ։

«Ան­ժէ­լի հետ առա­ջին հան­դի­պու­մը կա­յացաւ 2005-ին, երբ ան Իս­թանպուլ ժա­մանած էր ներ­կայ գտնուելու հա­մար Հայկ Աչըք­կէօզի յու­շագրու­թիւննե­րու շնոր­հանդէ­սին։ Կը յի­շեմ թէ Զա­քարին իր հետ հա­յերէն խօ­սելով ինչպէս ջերմ մի­ջավայր մը գո­յացաւ։ Այդ օրե­րուն ես պաշ­տօններ ստանձնած էի Թուրքիոյ Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան օրի­նակա­նաց­ման գոր­ծընթա­ցին մէջ։ Այդ շրջագ­ծով ծա­նօթա­ցած էի շար­ժումի բազ­մա­թիւ ան­դամնե­րուն, որոնք նա­խապէս անուննե­րով ծա­նօթ էին ին­ծի։ Այդ շրջագ­ծով մե­զի հա­մար աւան­դութիւն մը դար­ձած էր ար­տա­սահ­մա­նէն եկած հիւ­րե­րը «Ակօս»ի խմբագ­րա­տուն առաջ­նորդել։ Ժա­մադ­րուեցանք եւ խմբագ­րա­տան մէջ Հրան­դի, Սար­գիս Սե­րով­բեանի, Երուանդ Կո­պելեանի, Սար­գիս Չեր­քե­զեանի եւ Եդուարդ Թով­մա­սեանի հետ շատ մտե­րիմ հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք։ Հրանդ չէր յա­գեցած այս հան­դի­պու­մէն եւ յա­ջորդ օրուայ հա­մար պայ­մա­նաւո­րուե­ցանք կա­պելա­յի մը մթնո­լոր­տի մէջ կրկին մէկ­տե­ղուե­լու հա­մար։ Ան­ժէ­լի հետ մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­մը կա­յացաւ Հրան­դի սպա­նու­թե­նէն ետք Նուրնպերկ քա­ղաքը։ Չէր զլա­ցած եւ Լայփցի­կէն փու­թա­ցած էր Նուրնպերկ ան­գամ մը եւս մէկ­տե­ղուե­լու հա­մար։ Այդ օր Զա­քարը զե­կու­ցեց եւ ինք ար­ցունքնե­րով հե­տեւե­ցաւ ամուսնոյս բա­նախօ­սու­թեան։ Ա­պա ինք ալ վկա­յու­թիւններ փո­խան­ցեց թրքե­րէնի անուանի բա­նաս­տեղծ Նա­զըմ Հիք­մե­թի հետ իր ու ամուսնոյն ու­նե­ցած բա­րեկա­մու­թեան շուրջ։ Այդ վկա­յու­թիւննե­րը մեծ ոգե­ւորու­թեան ալիք մը գո­յացու­ցին զինք լսող­նե­րու շուրջ։ Մինչ ինք շուարած կը հարցնէր թէ զինք ին­չու կը ծա­փահա­րեն ինք պար­զա­պէս ակա­նատես եղած­նե­րուն վկա­յու­թիւնն է որ կը փո­խան­ցէ։ Կարճ ժա­մանակ անց ան­գամ մը եւս առիթ գո­յացաւ Նուրնպերկ այ­ցե­լելու հա­մար։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել թէ այ­լեւս օտա­րու­թիւն չէինք քա­շեր Գեր­մա­նիոյ այս պատ­մա­կան քա­ղաքին մէջ։ Ար­դէն այդ փո­ղոց­նե­րէն շա­տեր մե­զի ծա­նօթ դար­ձած էին շնոր­հիւ այս սե­րունդի գրա­ռած յու­շագրու­թիւննե­րուն։ Հա­զիւ իր երկրորդ Իս­թանպուլ գա­լուստին առի­թը ու­նե­ցանք ինք մեր տան մէջ մե­ծարե­լու։ Այդ օր ով­քեր չկա­յին ըսես։ Այ­սօր իր ան­վե­րադարձ բա­ժանու­մէն ետք ան­հա­մար ջերմ յի­շատակ­ներ մնա­ցին մե­զի իբ­րեւ թան­կա­գին յու­շեր։ Այդ յու­շե­րով մենք պի­տի վա­յելենք այն բաղ­դը, որ վի­ճակած է իրեն հետ այսքան ջերմ ապ­րումներ բաժ­նե­լու երե­ւոյ­թով»։

«Ան­ժէլ թան­թին»

Վա­չէ Իհմա­լեան որ­դին է պոլ­սա­հայ անուանի գե­ղան­կա­րիչ Ժաք Իհ­մա­լեանի։ Ան ծնան է 1953-ին Պէյ­րութ։ Ապա ըն­տա­նեօք գաղ­թած են Չինաս­տան, ուր աւար­տած է նա­խակրթա­կան ու­սումը։ 1961-ին տե­ղափո­խուե­ցան Մոս­կուա։ Իր վկա­յու­թիւննե­րը աւե­լի ըն­տա­նեկան բնոյթ ու­նի, քան կու­սակցա­կան կամ գա­ղափա­րական։

«Ես մօրս նման կը սի­րէի Ան­ժէլ թան­թին։ Մեր ըն­տա­նիքի հա­րազատ ան­դամ կը հա­մարէինք զինք։ Մեծ ոգե­ւորու­թիւն ապ­րած էր իմ ծնու­նդով։ Այդ մա­սին ին­ծի գրած վեր­ջին նա­մակին մէջ կ՚ար­տա­յայ­տուի հե­տեւեալ կեր­պով. –վեր­ջա­պէս դուն ծնար։ Շատ փոքր էիր ու շատ սի­րուն։ Ես իմ աշ­խա­տած հի­ւան­դա­նոցէն յա­տուկ հրա­ման առ­նե­լով ձեր տուն եկայ։ Թէեւ փոր­ձա­ռու­թիւն չու­նէի, բայց ան­շուշտ պի­տի կա­տարէի մեծ քրոջ պար­տա­կանու­թիւնը-։

Լի­բանա­նէն ետք քա­նի մը տա­րի ալ Վար­շաւ ապ­րե­ցանք։ Նոյն հիւ­րա­նոցը կը մնա­յինք։ Յե­տոյ մեր ճամ­բա­ները երկճիւ­ղուեցան։ Մենք նախ Չի­նաս­տան ապա Մոս­կուա հաս­տա­տուե­ցանք, իսկ իրենք ապաս­տա­նեցան Գեր­մա­նիոյ Լայփցիկ քա­ղաքը։ Տար­բեր եր­կիրներ բնա­կելով հան­դերձ յա­ճախ առիթ­ներ կը ստեղ­ծուէին մէկ­տե­ղուե­լու հա­մար։ Ես այդ օրե­րը կը յի­շեմ իբ­րեւ երա­նելի ժա­մանակ­ներ։ Հայրս եւ Ան­ժէլ թան­թիկ քոյր, եղ­բօր նման էին եւ Հայկ Աչըք­կէօզին ալ –Քա­չալ Աղա- ըսե­լու չափ մտե­րիմ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ