Անօրինութեան նոր օրինակ մը եւս

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

«Ակօս» նախորդ շաբաթ հրապարակեց Թուրքիոյ ասորի համայնքին դէմ ցնցիչ ոտնձգու­թիւն մը։ «Ակօս»ի հրա­պարա­կու­մէն ետք բազ­մա­թիւ թեր­թեր ար­ձա­գան­գե­ցին կա­տարուած անըն­դունե­լի ոտնձգու­թեան։ Ար­դա­րեւ Մար­տի­նի քրիս­տո­նէապատ­կան բազ­մա­թիւ եկե­ղեցի­ներ ու վան­քեր գրան­ցուեցան իբ­րեւ պե­տական գոյք եւ փո­խան­ցուեցան Կրօ­նից Տես­չութեան։ Այս լու­րե­րու հրա­պարա­կու­մէն ետք Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատգամաւոր Սե­լինա Տո­ղան այ­ցե­լեց Մար­տին եւ այնտեղ հան­դի­պումներ ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն հո­գեւո­րական­նե­րուն եւ վար­չա­կան խոր­հուրդնե­րուն հետ։ Սե­լինա Տո­ղանի այս այ­ցե­լու­թեան կ՚ըն­կե­րակ­ցէին նաեւ իր կու­սակցու­թե­նէն բազ­մա­թիւ երես­փո­խան­ներ։ Սե­լինա Տո­ղան այս առ­թիւ նշեց որ Թուրքիոյ վեր­ջին քա­ղաքա­կան վե­րիվայ­րումնե­րը ար­դէն շատ ծանր հե­տեւանքներ ու­նե­ցած են ասո­րինե­րու վրայ։ Անոնցմէ շա­տեր վեր­ջերս ան­գամ մը եւս բռնած են գաղ­թի ճամ­բան։ Այս զար­գա­ցումնե­րը հիաս­թա­փու­թեան նոր ալիք մը ստեղ­ծած է իրենց մօտ։ Սե­լինա Տո­ղան այս առ­թիւ իս­կոյն կապ հաս­տա­տեց Վա­քըֆ­նե­րէ Պա­տաս­խա­նատու նա­խարար Վէյ­սի Քայ­նաքին հետ եւ ան­կէ ժա­մադ­րութիւն ապա­հովեց այս անըն­դունե­լի զար­գա­ցու­մին լու­ծում մը գտնե­լու հա­մար։ Միւս կող­մէ ասո­րինե­րու հիմ­նարկի նա­խագահ Քու­րիա­քոս Այ­տըն յայտնեց թէ ի գին ամէն դժուարու­թեան այս խնդի­րը պի­տի փո­խան­ցեն Եւ­րո­պայի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Ատեան մին­չեւ որ գտնեն ար­դար լու­ծում մը։ Ար­դար լու­ծումը ար­դէն միայն մէկ եղա­նակ ու­նի, որն է շու­տով հրա­ժարիլ գոր­ծուած սխա­լէն եւ վե­րականգնել ասո­րինե­րու հո­գեւոր իրա­ւունքնե­րը։

Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թիւնն ալ իր կար­գին խնդի­րը կը փո­խան­ցէ խորհրդա­րանի օրա­կար­գին։ Կու­սակցու­թեան Մար­տի­նի պատ­գա­մաւոր Էրոլ Տո­րա այս վեր­ջին ոտնձգու­թեան հա­մար պաշ­տօ­նապէս հար­ցում կ՚ուղղէ Վար­չա­պետ Պի­նալի Եըլ­տը­րըմին։ Ան իր դի­մումնագ­րին մէջ կը նշէ նաեւ Լո­զանի Դաշ­նագրի պար­տադրած պայ­մաննե­րը ու կը պա­հան­ջէ որ նկա­տի առ­նուին այդ հա­մաձայ­նագրի տնօ­րինու­թիւննե­րը, քա­նի որ Լո­զանի Դաշ­նա­գիրը նաեւ երկրի օրի­նակա­նու­թեան փաս­տա­թուղթն է։

Նշենք որ այս ոտնձգութեան դէմ եւրոպական զանազան շրջանակներէ ներս ալ դժգոհութեան ձայներ կը բարձրանան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ