Ճեմ Թերզի եւ 17 գիտնականներ պաշտօնազրկուած

15Յուլիս 2016-ի ձախողած զինուորական հարուածէն ետք կառավարութեան կողմէ գործադրուած եւ առհասարակ բոլոր ընդդիմադիր շրջա­նակ­նե­րը չէ­զոքաց­նե­լու մի­տու­մով գոր­ծադրուող ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կի դրու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ նոր գոր­ծազրկու­թիւննե­րու տե­ղի տալ։ Այսպէս 28 Յու­նի­սին Իզ­մի­րի 9 Սեպ­տեմբեր Հա­մալ­սա­րանի տես­չութիւ­նը յան­կարծա­կի որո­շու­մով մը պաշ­տօ­նէն հե­ռացուց հա­մալ­սա­րանի 17 դա­սախօս­ներ, որոնք նա­խապէս ստո­րագ­րած էին երկրի մէջ խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը պա­հան­ջող յայ­տա­րարու­թիւն մը։ Պաշ­տօ­նազրկուած­նե­րու մէջ է նաեւ Վի­րահատ Փրոֆ. Ճեմ Թեր­զի, որ կը վա­րէր նաեւ Իզ­միր ապաս­տա­նած սու­րիացի եւ այլ Մի­ջին Արե­ւել­քի եր­կիրնե­րու գաղ­թա­կան­նե­րուն օգ­նութեան փու­թա­ցող՝ «Ժո­ղովուրդնե­րու Կա­մուրջը» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։ Ճեմ Թեր­զի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձին պա­տուի­րակու­թիւնով մը այ­ցե­լած էր նաեւ Երե­ւան եւ իր յար­գանքի տուրքը մա­տու­ցած Մեծ Եղեռ­նի զո­հերուն։

Նշենք որ անու­նի գիտ­նա­կանը կը նա­խագա­հէր նաեւ Եւ­րո­պայի Վի­րահատ­նե­րու Խոր­հուրդը եւ լուրջ աշ­խա­տու­թիւն կը տա­նէր իր պաշ­տօ­նէու­թեան շրջա­նին կա­յանա­լիք հա­մագու­մա­րը Երե­ւանի մէջ կա­տարե­լու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ