Շուշիի Վերին Ճումա մզկիթը կը վերանորոգուի

Վերջերս Շու­շիի մէջ կ՚ըն­դա­նայ պատ­մա­կան Վե­րին Ճու­մա մզկի­թի վե­րականգնու­մը։ Այս աշ­խա­տու­թիւնը ու­նի հա­մագոր­ծակցա­կան բնոյթ, քա­նի որ ծրագ­րի մէջ նե­րառուած են զա­նազան հաս­տա­տու­թիւններ։ Առա­ջին հեր­թին «Հա­յաս­տա­նի Զար­գացման Նա­խաձեռ­նութիւններ» (IDeA) հիմ­նադրա­մը, «Արե­ւելեան Պատ­մա­կան Ժա­ռան­գութեան Վե­րած­նունդ» հիմ­նադրա­մը եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան կա­ռավա­րու­թիւնը միաս­նա­բար ձեռ­նարկած են այս աշ­խա­տու­թեան։

Ծրագ­րի գոր­ծադրու­թիւնը առնչուած է «Հա­յաս­տա­նի Զար­գացման Նա­խաձեռ­նութիւններ» հիմ­նադրա­մի բա­րերար­նե­րէն Կայ­րատ Պո­րան­պա­յեւի Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ կա­տարած այ­ցե­լու­թիւննե­րու ըն­թացքին բե­րած առա­ջար­կով։ Այս ծրա­գիրը կը նա­խատե­սէ մզկի­թը հիմ­նո­վին վե­րականգնել, ապա­հովել անոր պատ­մա­կան տես­քը, բա­րեկար­գել յա­րակից տա­րածքնե­րը եւ ամ­րացնել մզկի­թի հա­րեւա­նու­թեամբ գտնուած դպրա­նոցը։ Այս աշ­խա­տու­թիւնով պատ­մամշա­կու­թա­յին յու­շարձա­նը ապա­գային կը ծա­ռայէ նաեւ մշա­կու­թա­յին, զբօ­սաշրջա­յին նպա­տակ­նե­րուն։ IDeA Հիմ­նադրա­մի Ար­ցա­խի զար­գացման ծրագ­րի ղե­կավար Սու­րէն Ամիր­բե­կեանը այս մա­սին կը յայտնէ հե­տեւեալը. «Շու­շին Ար­ցա­խի իւ­րօ­րինակ վայ­րե­րից մէկն է, իսկ Վե­րին Մզկի­թը՝ Շու­շիի հին քա­ղաքի ան­քակտե­լի մէկ մա­սը։ Ու­րախ ենք որ մեր նուիրա­տու­նե­րէն մէ­կը ցան­կութիւն ու­նե­ցած է գու­մար նուիրա­բերե­լու այդ յու­շարձա­նի վե­րականգման հա­մար»։

Տրուած ըլ­լա­լով որ մզկի­թը իրա­նական պատ­մամշա­կու­թա­յին յու­շարձան է, վե­րականգման ծրագ­րի նա­խագ­ծա­յին աշ­խա­տանքնե­րուն ներգրա­ւուած են նաեւ իրա­նական ճար­տա­րապե­տական ըն­կե­րու­թիւն մը եւ իրան­ցի մաս­նա­գէտներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ