ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԵՂ

Բառ, որ նստիլ չի գիտեր

- Քա­նի՞ տեղ պի­տի տես­նենք… Ամէն տեղ օձեր կան, կ՚ըսեն, ճի՞շդ է… Տեղ տեղ պի­տի կե­նա՞նք լու­սանկա­րելու հա­­մար… Տեղ մը կա՞յ որ թթու լա­­ւաշ կրնանք առ­­նել…

Հար­­ցումնե­­րու այս տե­­ղին տե­­ղատա­­րափը կու գայ Լա­­րայէն, մեր աշա­­կեր­­տուհին, որ իր 34 դա­­սըն­­կերնե­­րով եկած է Հա­­յաս­­տան, հայ­­րե­­­նիքը ճանչնա­­լու։ Լա­­րան, որ չի գի­­տեր, թէ միջ­­նա­­­դարեան «Խոր­­խո­­­րու­­նի» նա­­խարա­­րական տոհ­­մա­­­նու­­նը ինչպէ՛ս եկեր նստեր է իր մա­­կանու­­նի տեղ, որո­­շած է նստիլ վա­­րորդ Ար­­տուշին քով, այնտեղ, ուր սո­­վորա­­բար ու­­ղե­­­ցոյ­­ցե­­­րը կը նստին։ Ամէն տեղ անընդհատ կը լու­­սանկա­­րէ իր ար­­մատնե­­րը գտնե­­լու նպա­­տակով։

Երբ մեր հան­­րա­­­շար­­ժը եր­­կու շա­­բաթ շա­­րու­­նակ կը սու­­րայ հան­­րա­­­պետու­­թեան M1, M4, M12, M20 եւ այլ մայ­­րուղի­­ներու վրայ, մենք ալ առատ ժա­­մանակ կ՚ու­­նե­­­նանք մեր տե­­սած տե­­ղերու եւ «տեղ» բա­­ռի մա­­սին խօ­­սելու, ինչպէս նաեւ իր հար­­ցումնե­­րուն տե­­ղը տե­­ղին պա­­տաս­­խան տա­­լու։

- Լա­­րա՛, ու­­ղեգրու­­թեան մէջ նե­­րառուած են բազ­­մա­­­թիւ տե­­ղեր. սրբա­­զան տե­­ղեր, քար­­քա­­­րոտ տե­­ղեր, պատ­­մա­­­կան տե­­ղեր, ազա­­տագ­­րուած տե­­ղեր, նոյ­­նիսկ ակա­­նապա­­տուած տե­­ղեր… Մեր եր­­կի­­­րը թէեւ «քար­­տէ­­­զի վրայ ար­­ցունքի մի կա­­թիլ» է, ինչպէս ըսած էր հայ­­կա­­­կան ժա­­մանա­­կակից բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ կա­­րեւոր տեղ ու­­նե­­­ցող Յով­­հաննէս Գրի­­գորեանը, բա­­ւական ըն­­դարձակ է իր հե­­տաքրքրա­­շարժ եւ հպար­­տութիւն ներշնչող տե­­ղերով։

Կը մօ­­տենանք Սար­­տա­­­րապատ։ Սրբա­­զան տե­­ղերէն մէ­­կը, հան­­րա­­­պետու­­թեան ծննդա­­տեղը։ Յու­­շա­­­պատի առ­­ջեւ աշա­­կերտնե­­րը, տե­­ղի եւ ժա­­մանա­­կի լրջու­­թիւնը հասկնա­­լով սկսած են եր­­գել.

«...Աւա­­րայ­­րից ջանք առանք,
այստեղ մի պահ կանգ առանք...»

- «Տեղ» բա­­ռը, Լա­­րա, բնիկ հայ­­կա­­­կան է։

- Ասի­­կա գիտ­­նա­­­լու հա­­մար, լե­­զուա­­բան ըլլալու պէտք չու­­նինք։ Նոյ Նա­­հապե­­տը Արա­­րատի գա­­գաթէն իջաւ եւ հաս­­տա­­­տեց առա­­ջին բնա­­կատե­­ղը։ Լե­­րան լան­­ջին անոր ու­­ռե­­­նի տնկած տե­­ղը կո­­չուե­­ցաւ Ակու­­ռի եւ առա­­ջին իջե­­ւանած տեղն ալ՝ Նա­­խիջե­­ւան։ Այդպէս սոր­­ված ենք։

- Ապա այս միավան­­կը ծած­­կեց թէ՛ մեր ամ­­բողջ լեռ­­նաշխար­­հը եւ թէ՝ մեր լե­­զուն։ Հին մա­­տենագ­­րութեան մէջ ար­­դէն տեղ գտած են «տե­­ղ» ար­­մա­­­տով շի­­նուած բազ­­մա­­­թիւ բա­­ռեր, ինչպէս՝ «տե­­ղակալ», «տե­­ղակա­­ցու­­թիւն», «տե­­ղապահ», «կռուատեղ», «բռնա­­տեղ», «ձեռ­­նա­­­տեղ», «ժա­­մատեղ»…

Ստու­­գա­­­բանա­­կանօ­­րէն բա­­ռը կա­­պուած է իջե­­ւանե­­լու, հաս­­տա­­­տուե­­լու եւ նստե­­լու հետ։ Բու­­նը sedlo բառն է, ար­­մա­­­տը sed, որ կը նշա­­նակէ… նստիլ։ Ու­­նի ծննդա­­կից բա­­ռեր. հին յու­­նա­­­րէն «էլ­­լա» եւ ար­­դի յու­­նա­­­րէն «էդ­­րա» նստա­­րան, լա­­տինե­­րէն «սել­­լա» աթոռ, նստա­­րան, թամբ, անգլե­­րէն «սետլ» տե­­ղաւո­­րուիլ, թամբ, «սիտ» նստիլ, ռու­­սե­­­րէն «սեդ­­լօ» թամբ… Յու­­նա­­­կան ար­­մա­­­տը ծնունդ տուած է cathedral (καθέδρα) մի­­ջազ­­գա­­­յին բա­­ռին, որ կը նշա­­նակէ «եպիս­­կո­­­պոսա­­կան նստա­­վայր»։

Մեր յա­­ջորդ սրբա­­վայ­­րը Էջ­­միածինն է, ուր տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ միատեղ աղօթք։ Ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը կու տայ տխուր տե­­ղեկու­­թիւն մը. «Պար­­սիկնե­­րի շահ Աբա­­սը 1603 թուակա­­նին որո­­շել է մայր տա­­ճարը քար առ քար տե­­ղահա­­նել եւ վե­­րակա­­ռու­­ցել Սպա­­հանում՝ գաղ­­թեցուած հա­­յերին նոր բնա­­կատե­­ղիին կա­­պելու հա­­մար»։

- Լա­­րա՛, «տեղ» բա­­ռը տեղ-տեղ առաւ տե­­ղական ձե­­ւեր, ամէն տեղ նոյ­­նը չմնաց. Զէյ­­թունի եւ Հաճ­­նոյ մէջ՝ դեղ, Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի եւ Մու­­սա Լե­­րան վրայ՝ դիղ, Ակ­­նայ, Խար­­բերդի, Պոլ­­սոյ եւ Ռո­­տոս­­թո­­­յի մէջ՝ դէղ, Թիֆ­­լի­­­սի մէջ՝ տիղ… Անոր հա­­մար Սա­­յաթ Նո­­վան եր­­գեց… «Վուրտիղ հարսնիք, վուրտի­­ղըն սուգ, վուրտիղ սօյ­­բաթ, խաղ է ըլում՝ վուրտիղ ժամ, վուրտիղ պա­­տարագ, վուրտիղ սի­­րով տաղ է ըլում…»։

Մէկ այլ օր։ Շրջապ­­տոյտը բա­­ռացիօրէն մեզ կը հասցնէ «տե­­ղեր»։ Արա­­գած լե­­րան հա­­րաւա­­յին լան­­ջին Լա­­րան կը լու­­սանկա­­րէ երկլե­­զու ցու­­ցա­­­նակ մը. ՏԵ­­ՂԵՐ- TEGHER։ Գետ է, գիւղ եւ վանք։ Ըստ մէկ ստու­­գա­­­բանու­­թեան այդպէս է կո­­չուած, որով­­հե­­­տեւ 10-րդ դա­­րուն անա­­ռիկ Ամ­­բերդի կա­­յազօ­­րի զի­­նուոր­­նե­­­րը ին­­ջած են հա­­րաւ իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու հա­­մար բա­­րեխառն եղա­­նակով բնա­­կատե­­ղի գտնե­­լու հա­­մար։ Այս տա­­րած­­քը տե­­սեր եւ ըսեր են. «Լաւ տե­­ղեր են» ու բնա­­կավայ­­րը կո­­չեր են «Տե­­ղեր»։

- Լա­­րա՛, «տեղ» բա­­ռը մեր­­ժեց մնալ իր տե­­ղը, աճե­­ցաւ աճե­­ցաւ ու դար­­ձաւ բարդ բառ, ածանց բառ, մեր բա­­ռապա­­շատը հաս­­ցուց նո­­րանոր տե­­ղեր։ Տե­­ղը տե­­ղին յի­­շենք օրի­­նակ­­ներ. Ակա­­նակետղ, ան­­պա­­­րատե­­ղի, ան­­տե­­­ղական, ան­­տե­­­ղի, ան­­տե­­­ղիտա­­լի, ատե­­նատե­­ղի, ար­­տա­­­տեղի, արօ­­տատե­­ղի, բա­­նակա­­տեղի, բեր­­դա­­­տեղի, գե­­րեզ­­մա­­­նատե­­ղի, տե­­ղագ­­րել, տե­­ղական, տե­­ղապա­­հու­­թիւն, տե­­ղափոխ, տե­­ղափո­­խու­­թիւն, զե­­տեղել, ժո­­ղովա­­տեղի, լա­­լատեղ, կա­­լատեղ, ճա­­շատեղ, նստա­­տեղի, նի­­զակա­­տեղ, ոտ­­նա­­­տեղի, պաշ­­տօ­­­նետեղ, վրա­­նատեղ, տա­­պանա­­տեղ, տե­­ղացի, տե­­ղաւո­­րել, տե­­ղաբ­­նակ, տե­­ղաշարժ, տե­­ղադ­­րել, տե­­ղազերծ, տե­­ղակա­­յու­­թիւն… Այս բա­­ռը, երե­­ւոյ­­թով հեզ ու հան­­դարտ, հա­­յոց պատ­­մութեան ամե­­նադա­­ժան օրե­­րուն մեր ժո­­ղովուրդը առաւ տա­­րաւ տե­­ղերուն ամե­­նամու­­թը, ամե­­նադառ­­նը. «կա­­ռափ­­նա­­­տեղ» եւ «տե­­ղահա­­նու­­թիւն» ու մեզ դար­­ձուց… «տե­­ղահան» ժո­­ղովուրդ։

- Պա­­րո՛ն, մեր տե­­ղանուններն ալ տե­­ղահան եղած են, կ՚ակ­­նարկէ Լա­­րան, երբ ան­­ցած քա­­նի մը օրե­­րու ըն­­թացքին նկա­­տած եւ լու­­սանկա­­րած է այնպի­­սի տե­­ղանուններ, որոնք երկրի սահ­­մա­­­նին արեւմտեան կող­­մը պէտք է որ ըլ­­լա­­­յին. Այնթապ, Պար­­տի­­­զակ, Մու­­սա­­­լեռ, Արաբ­­կիր, Մա­­լաթիա-Սե­­բաս­­տիա, Զէյ­­թուն, Մա­­րաշ, Սա­­սու­­նիկ, Սի­­փան, Եդե­­սիա, Ամա­­սիա...

- Լա­­րա՛, 19-րդ դա­­րու վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն գի­­տակա­­նօրէն տէր կանգնե­­լու հա­­մար մեր տե­­ղերուն, սկսանք հրա­­տարա­­կել ստուար «տե­­ղագ­­րութիւններ» եւ «տե­­ղացոյց» քար­­տէզներ. «Տե­­ղագ­­րութիւնք ի Փոքր եւ ի Մեծ Հայս», «Տե­­ղագ­­րութիւն Մար­­մա­­­շինող Վա­­նացն ի Շի­­րակ», «Տե­­ղագ­­րութիւն Կոս­­տանդնու­­պոլսոյ եւ իւր շրջա­­կայից յա­­տակա­­գիծ պատ­­կե­­­րով Վոս­­փո­­­րի», «Տե­­ղագ­­րութիւն Անի քա­­ղաքին հան­­դերձ տե­­սարան­­ցոյց պատ­­կե­­­րօք», «Առա­­ջին տե­­ղագ­­րութիւն վի­­ճակին Նի­­կոմի­­դիոյ, այ­­ցե­­­լու­­թեամբ Նա­­թանեան Պօ­­ղոս վրդպ», «Նկա­­րագ­­րա­­­կան ու­­ղե­­­ւորու­­թիւն ի հա­­յաբ­­նակ գա­­ւառս Արե­­ւելեան Տաճ­­կաստա­­նի։ Տե­­ղագ­­րութիւնք սա­­րէն եւ ձո­­րէն, հնէն եւ նո­­րէն պի­­տանի գիտ­­նոց», «Տէր­­սիմ։ Ճա­­նապար­­հորդու­­թիւն եւ տե­­ղագ­­րութիւն», «Տե­­ղագ­­րութիւն Վաս­­պուրա­­կանի»… Իսկ պա­­տանի­­ներուն հա­­մար ամե­­նէն մատ­­չի­­­լին տպուեցաւ 1911 թուակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ. «Գա­­մեր։ Փոք­­րիկ ճամ­­բորդը Արե­­ւել­­քի մէջ։ Միակ ըն­­թերցա­­րանը հա­­յուն զար­­դա­­­րուած բազ­­մա­­­թիւ նոր տե­­ղացոյցպատ­­կերնե­­րով եւ լու­­սանկար­­նե­­­րով։ Հա­­մառօտ տե­­ղեկու­­թիւններ Ասիական Թուրքիոյ վրայ եւ օգ­­տա­­­կար գի­­տելիք­­ներ»։

- Պա­­րոն, ես զուր տե­­ղը եկայ Հա­­յաս­­տան։

- Ին­­չո՞ւ այդպէս կը մտա­­ծես։

- Ո՛չ մէկ տեղ Խոր­­խո­­­րու­­նի­­­ներու հա­­մար։

- Համ­­բե­­­րէ, քա­­նի մը օր համ­­բե­­­րէ։ Այս բա­­ռը քեզ դեռ շա՜տ տե­­ղեր պի­­տի տա­­նի։

(Ու­ղե­ւորու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ գալ շաբաթ)