Ո՞վ աւելի անօթի է…

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Աթէշեանի եւ իր մանկլաւիկներուն ու մունետիկներուն (զարմանալիօրէն, Աթէշեան նոյնպէս կրնայ մանկլաւիկներ ու մունետիկ­ներ ու­նե­նալ) պատ­ճա­ռած պատ­րիար­քա­կան տագ­նա­պը բա­ւական մը զբա­ղեցուց մեզ եւ յա­ռաջի­կայ օրե­րուն եւ ամիս­նե­րուն դեռ պի­տի զբա­­ղեց­­նէ ալ, ըստ երե­­ւոյ­­թին։ Հա­­մայնքա­­յին նիւ­­թի մը վրայ հա­­կիլը ար­­գելք եղաւ խօ­­սելու հան­­րա­­­յին օրա­­կար­­գի նիւ­­թե­­­րուն շուրջ, թէեւ այդ եր­­կուքը իրար­­մէ ան­­ջա­­­տելու կողմնա­­կից չեմ։ Աթէ­­շեանա­­կան տագ­­նա­­­պը, Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լուի ձեռ­­նարկած Ար­­դա­­­րու­­թեան քայ­­լարշա­­ւը, ձեր­­բա­­­կալեալ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր լրագ­­րողնե­­րը, հա­­րաւ-արե­­ւելեան քա­­ղաք­­նե­­­րէն ներս տի­­րող տխուր կա­­ցու­­թիւնը, ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան հետզհե­­տէ խա­­ւարող վեր­­ջին նշոյլնե­­րը մէկ կողմ, հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան Նու­­րի­­­յէ Կիւլմե­­նի ու ու­­սուցիչ Սե­­միհ Էօզաք­­ճա­­­յի ար­­դէն 113 օրէ ի վեր շա­­րու­­նա­­­կուող կա­­մաւոր անօ­­թու­­թիւնը միւս կողմ։

Նու­­րի­­­յէ Կիւլմեն (35-ամեայ, քէօթա­­հիացի), Ֆ. Քաֆ­­կա­­­յի, Հ. Հես­­սէի ու Թ. Ման­­նի թարգմա­­նիչ, հա­­մեմա­­տական գրա­­կանու­­թեան մաս­­նա­­­գէտ հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան մըն էր, երբ ան­­հիմն յան­­ցանքնե­­րով ամ­­բաստա­­նուե­­ցաւ ու վտա­­րուե­­ցաւ իր աշ­­խա­­­տան­­քէն։ Ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան հե­­տեւան­­քով դա­­տական ճամ­­բա­­­ները գո­­ցուած էին իր առ­­ջեւ։ Գլու­­խը հլու­­թեամբ չհա­­կեց ու հնա­­զան­­դութեամբ չըն­­դունեց ու­­րիշնե­­րուն իրեն տրա­­մադ­­րած ճա­­կատա­­գիրը եւ ընտրեց ան­­հա­­­տական դի­­մադ­­րութեան ու­­ղին. չու­­նէր այլ մի­­ջոց մը, բա­­ցի նստա­­ցոյ­­ցէ, հա­­ցադու­­լէ… Կիւլմեն կը պա­­հան­­ջէ ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան վե­­րացու­­մը, քմա­­հաճօ­­րէն ու ապօ­­րինա­­բար կա­­տարուած գոր­­ծազրկումնե­­րուն աւար­­տի­­­լը, կրթա­­կան ու գի­­տական մշակ­­նե­­­րուն աշ­­խա­­­տան­­քի ապա­­հովու­­թեան տրա­­մադ­­րումը…

Սե­­միհ Էօզաք­­ճա (28-ամեայ, էս­­կի­­­շեհիր­­ցի) կ՚ու­­սուցչա­­գոր­­ծէր Մար­­տի­­­նի մէջ, երբ ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան հե­­տեւան­­քով հրա­­տարա­­կուած որոշ­­մա­­­գիրով մը ինքն եւս պաշ­­տօ­­­նազրկուեցաւ։ Էօզաք­­ճա իր վտա­­րու­­մէն ան­­մի­­­ջապէս ետք միացաւ Կիւլմե­­նին, որ նստա­­ցոյ­­ցի ու հա­­ցադու­­լի սկսած էր Ան­­գա­­­րայի, Մարդկա­­յին իրա­­ւանց յու­­շարձա­­նին քով։

113-օրեայ հա­­ցադու­­լի ըն­­թացքին բազ­­մա­­­թիւ մար­­դիկ զօ­­րակ­­ցութիւն յայտնե­­ցին իրենց, լռու­­թեամբ մաս­­նակցե­­ցան խա­­ղաղ ցոյ­­ցե­­­րուն, զորս կ՚ալե­­կոծէին կա­­նոնա­­ւորա­­բար կա­­տարուող ոս­­տի­­­կանա­­կան յար­­ձա­­­կումնե­­րը, որոնց ար­­դիւնքին մար­­դիկ կը ձեր­­բա­­­կալուէին, կը բան­­տարկուէին, սա­­կայն ոչ ոք կը վհա­­տէր։ Վեր­­ջա­­­պէս ձեր­­բա­­­կալուեցան նաեւ Կիւլմենն ու Էօզաք­­ճան։ Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը, որ ոչինչ կրնար ընել ի գին իրենց մարմնոյն ու կեան­­քին դի­­մադ­­րող այս եր­­կու երի­­տասար­­դին դէմ, զա­­նոնք ձեր­­բա­­­կալե­­լու մէջ գտաւ ճա­­րը… Բայց իր անխղճու­­թեամբ ու անգթու­­թեամբ հսկայ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կէ ան­­զօր մնալ Կիւլմե­­նի ու Էօզաք­­ճա­­­յի դէմ, իր այս ան­­ճա­­­րու­­թիւնը ամէն օր ի ցոյց կը դնէ դա­­տաիրա­­ւական որե­­ւէ հիմ­­քէ զուրկ ամ­­բաստա­­նու­­թիւննե­­րով (վեր­­ջի­­­նը՝ ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րին բեր­­նով)... Մարդկա­­յին զգա­­ցու­­մի նշոյլն իսկ առանց ցու­­ցադրե­­լու Նու­­րի­­­յէի ու Սե­­միհի հան­­դէպ, որոնք տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կեն իրենց հա­­ցադու­­լը եւ, վա­­ղուց հա­­տելով վտան­­գա­­­լից սահ­­մա­­­նը, հա­­սած են ար­­դէն մա­­հուան եզ­­րին…

Նիւ­­թը տար­­բեր պա­­տու­­հաննե­­րէ քննար­­կել անի­­մաստ, աւե­­լին՝ ան­­տե­­­ղի է, երբ եր­­կու կրթա­­կան մշա­­կի, ծա­­ղիկի նման եր­­կու երի­­տասար­­դի, կեան­­քի ու մաս­­նա­­­գիտա­­կան աս­­պա­­­րէզի ար­­շա­­­լոյ­­սին իրենք զի­­րենք յա­­նուն ար­­դա­­­րու­­թեան պա­­տարա­­գող ան­­ձե­­­րու կեանքն է խնդրոյ առար­­կայ։ Ի՞նչ կա­­րելի է գրել ու խօ­­սիլ։ Կա­­րելին ի՞նչն է այս պա­­րագա­­յին։ Ա՛յն կա­­րելին, որ մե­­զի կը վի­­ճակի… Եր­­թալ ու իրենց քո՞վ նստիլ, բան­­տին դրան առ­­ջեւ հեր­­թա­­­գայե՞լ, յօ­­դուա՞ծ մը գրել, թէ պա­­հանջքին հաս­­ցէատի­­րոջ՝ զի­­րենք ու իրենցպէ­­սերը վտա­­րած եւ վերստին աշ­­խա­­­տան­­քի ըն­­դունե­­լու լիազօր մարմնին վրայ ճնշում զօ­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար հա­­ցադու­­լի ձեռ­­նարկել… Երբ մա­­նաւանդ գի­­տես, թէ մի­­ջազ­­գա­­­յին մար­­միննե­­րու, հե­­ղինա­­կաւոր կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու, մարդկա­­յին իրա­­ւանց պաշտպան անուանի ան­­ձե­­­րու կո­­չերն իսկ առ ոչինչ հա­­մարող, պա­­տի մը պէս կանգնիլն ու թու­­թա­­­կի մը պէս նոյն յան­­կերգը միայն կրկնե­­լը, են­­թա­­­կանե­­րու հաս­­ցէին ար­­տա­­­քին եւ ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար­­նե­­­րու իսկ մա­­կար­­դա­­­կով տար­­բեր զրպար­­տութիւննե­­րով հան­­դէս գա­­լը իր հե­­ղինա­­կու­­թիւնը պաշտպա­­նելու եզա­­կի մի­­ջոցը նկա­­տող վար­­չա­­­յին մար­­միննե­­րը կորսնցու­­ցած են իրենց խիղճն ու մարդկա­­յին ամէն տե­­սակ զգաց­­մունք… Ապա­­ցու­­ցե­­­լու հա­­մար կար­­ծես այն վար­­կա­­­ծը, թէ պե­­տու­­թիւն կո­­չուած վե­­րացա­­կան հաս­­կա­­­ցու­­թիւնը, գո­­նէ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի այս ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան անա­­պատ­­նե­­­րուն վրայ (Թուրքիա մի­­ջին-արե­­ւելք մըն է դար­­ձեալ), հին-կտա­­կարա­­նեան աս­­տուած մըն է տա­­կաւին՝ փշրող, մա­­հաց­­նող, հրկի­­զող, կեանքն որ­­պէս շնորհ պար­­գե­­­ւող…

Հոս կը մոռ­­ցուի կա­­ռավա­­րող­­նե­­­րուն մահ­­մե­­­տակա­­նու­­թիւնը, Ռա­­մազա­­նի երես­­նօ­­­րեայ կա­­մաւոր անօ­­թու­­թեան պաշ­­տա­­­մունքը՝ հան­­դերձեալ կեանք մը շա­­հելու մտա­­հոգու­­թեամբ, Շէյխ Էտե­­պալիի (ԺԳ-ԺԴ դդ.) «Մարդն ապ­­րե­­­ցուր, որ­­պէսզի պե­­տու­­թիւնը ապ­­րի» խօս­­քը, զոր կը մէջ­­բե­­­րեն տե­­ղի-ան­­տե­­­ղի, «Մենք արա­­րածը կը սի­­րենք՝ արա­­րողին պատ­­ճա­­­ռով» խօս­­քը, զոր շատ կը սի­­րէ առիթ-անա­­ռիթ կրկնել այս երկրին նա­­խագա­­հը… Կը մոռ­­ցուին, կ՚ան­­հե­­­տանան ու կը մնայ միայն այ­­լա­­­խոհ­­նե­­­րուն դէմ վայ­­րա­­­գու­­թիւնն ու բար­­բա­­­րոսու­­թիւնը, իր­­մէ տար­­բե­­­րողին դէմ անխղճու­­թիւնն ու անգթու­­թիւնը, զինք ան­­ճար ձգո­­ղին նկատ­­մամբ ան­­տե­­­սումն ու ար­­հա­­­մար­­հանքը՝ ծուարած ապ­­րող ան­­կուշտ, չտես, ագա­­հու­­թեամբ գայ­­թակղող, իշ­­խա­­­նամո­­լու­­թեամբ տա­­ռապող մարդ էակին բջիջ­­նե­­­րուն խոր­­քը։ Եւ հոս կը ծա­­գի հար­­ցը՝ ո՞վ աւե­­լի անօ­­թի է հի­­մա՝ Նու­­րի­­­յէն ու Սե­­մի՞հը, թէ «մար­­դա­­­կեր գա­­զան մար­­դը», որ կշտա­­նալ չի գի­­տեր...

Եւ մենք շա՛տ լաւ կը ճանչնանք այդ ան­­կուշտ գա­­զանը… Սա­­կայն, ինչպէս ըսի, այլ պա­­տու­­հան մը պի­­տի չբա­­նամ այստեղ. այլ պա­­տու­­հան մը բա­­նալ, այդ եր­­կու ան­­մեղ երի­­տասար­­դին դի­­մադ­­րութիւ­­նը անձնա­­կան (ազ­­գա­­­յի՞ն) շա­­հու ծա­­ռայեց­­նել պի­­տի նշա­­նակէ՝ ինչ որ անխղճու­­թիւն մըն է։

113 օրէ ի վեր անօ­­թի են Նու­­րի­­­յէ Կիւլմենն ու Սե­­միհ Էօզաք­­ճան… Մա­­հուան եր­­բեք այսքան մօտ չէին եղած, վստա­­հաբար։

Չէ՛, կը սխա­­լիք, իրենք անձնաս­­պա­­­նու­­թիւն չեն գոր­­ծեր, իրենց ոճ­­րա­­­գոր­­ծը յայտնի է…

Ինչպէս որ Հրանդ Տին­­քին ոճ­­րա­­­գոր­­ծը յայտնի է…

Ինչպէս որ յայտնի է Սե­­ւակին ոճ­­րա­­­գոր­­ծը…

Եւ միեւ­­նոյն ոճ­­րա­­­գոր­­ծը աւե­­լի քան 100 տա­­րիէ ի վեր ձեռ­­քերն ու ոտ­­քե­­­րը շար­­ժե­­­լով կը պտտկի մեր մէջ, ազա­­տօրէն…

Եւ դեռ պի­­տի պտտի ալ…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ