ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com.tr
9 Յունիսին 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ կայացող Հրանդ Տինքի հերթական դատավարութեան ներկայ գտնուեցան ձերբակալուած մեղադրեալներ Ալի Ֆուաթ Եըլմազէր եւ Ռամազան Աքեիւրէք։ Ներկայ էին նաեւ ոչ ձերբակալեալ ամբաստանեալներ Ռեշատ Ալթայ, Ահմետ Իլհան Կիւլեր եւ Ճելալետտին Ճերրահ։ Իբրեւ վկայ դատարան ներկայացաւ ծանօթ լրագրող Նետիմ Շենէր։ Շենէր իրեն ուղղուած հարցումները պատասխանելու միջոցին յայտնեց թէ պետութեան բոլոր գործակալները մասնակցած են այս ոճրագործութեան։ «Ոմանք թերանալով, ոմանք դիտումնաւոր կերպով անտեսելով, ոմանք ուղղակի հրոսախումբի անդամ իբրեւ ներքաշուելով ընթացք տուած են այս ոճրի գործադրութեան» ըսաւ ծանօթ լրագրողը։ Ան աւելցուց որ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրը Թուրքիոյ արդարադատական համակարգի համար պատուի հարց մըն է եւ եթէ դատարանը չյաջողի արդար կերպով բացայայտել այս ոճիրը կը մնայ ցեղասպանութեան պնդումներու ծանր բեռան տակ։ «Արդարեւ ես իմ գրքին մէջ –Տինքի ոճիրը 1915-ի վերջին օղակն է- գրած էի»։ Ան դեռ աւելցուց որ քաղաքական գործիչներն ալ այս ոճիրի մեղսակիցներն են եւ նշեց Ապտիւլքատիր Աքսուի եւ Պեշիր Աթալայի անունները։ Ան տակաւին աւելցուց որ Վարդապետ Սանթորոյի սպանութիւնը նախափորձ մըն էր Հրանդ Տինքի ոճիրին համար։ Շենէրի այս արտայայտութիւններէն ետք Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու հարցումներ ուղղեց լրագրողին, յատկապէս հարցուց թէ իր գրքին մէջ կը նշէ հետեւեալ կէտը. «Այնպիսի լուծում մը պէտք էր գտնուեր որ, թէ ոստիկանութիւնը եւ թէ Ռամազան Աքեիւրէք զերծ մնային մեղադրանքներէն եւ Էրհան Թունճել նուազագոյն վնասով ազատէր այս փորձանքէն»։ Պաքըրճըօղլու հարցուց թէ այս տողերով ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ հիմնականապէս։ Շենէր յիշեցուց Ճելալետտին Ճերրահի «ոճիրը ազգային դրդումներով գործուած է» հաստատումը եւ ըսաւ որ, եթէ համաձայնութիւն գոյանար ամբողջ ոստիկանութիւնը զերծ պիտի մնար գործուած ոճիրէն։ Սամասթի յայտարարութիւններէն կը հասկնանք թէ ամէն ինչ պատրաստուած էր խնդիրը ամբողջովին Սամասթի բեռցնելու հեռանկարով։
Ամբաստանեալները եւս հարցումներ ուղղեցին լրագրողին եւ անոնց միջեւ ծագեցաւ փուռն բանավէճեր, որոնց միջամտեց դատաւորը «ձեր ներքին խնդիրները այստեղ լուծելու մի փորձէք» ըսելով։ Իսկ Ալի Ֆուաթ Եըլմազէր ալ ըսաւ որ իր սա պահուն այս դիրքի մէջ յայտնուելու մեղաւորը Նետիմ Շենէրն է։
Այս հակաճառութիւններէ ետք խօսք առաւ նաեւ ամբաստանեալ Ռամազան Աքեիւրէք եւ ան ալ մեղադրեց Նետիմ Շենէրը պնդելով որ ան ալ իր դէմ գրածներով պատճառ դարձած է իր մեղադրուելուն։
Դատարանը ապա ճշդեց յաջորդ նիստերու թուականները, ըստ որու դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 3,4,6 եւ 7 Յուլիս թուականներուն։