ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
miran.manukyan@gmail.com
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ հետզհետէ շօշափելի քայլեր կ՚արձանագրուին։ Այսպէս 4 Յունիս Կիրակի օր Պատրիարքարանի մէջ Տեղապահ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան, Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան եւ Հայր Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Էջմիածնի մէջ կայանալիք ներկայացուցչական ժողովին մասնակցելու համար մեկնեցան Սուրբ Աթոռ։ Վերադարձին Տեղապահ Սրբազանը ընկերակցութեամբ Գերմանիոյ Աթոռի հոգեւորականներէն Հայր Սերովբէ Իշխանեանի հետ վերադարձաւ Գերմանիա։ Ան 11 Յունիս Երկուշաբթի օր հրաժարեցաւ Գերմանիոյ Առաջնորդի իր պարտականութենէն եւ աթոռը փոխանցեց Հայր Սերովբէ Իշխանեանին։ Այս վերջին զարգացումներու մասին Տեղապահ Սրբազանը բացատրութիւններ տուաւ «Ակօս»ին եւ յայտնեց թէ խիստ արդիւնաւէտ անցած է Էջմիածնի հանդիպումները։ Ան նաեւ նշեց որ այժմ կը սպասէ Արամ Սրբազանի պաշտօնական հրաժարականը։ Պիտի յիշուի որ այս բոլոր անցուդարձերէն ետք Արամ Սրբազան Երեւանի մէջ «Ազատութիւն» գործակալութեան թղթակցին հարցումներուն պատասխանելով նշած էր թէ տակաւին պաշտօնապէս չէ հրաժարած իր պատրիարքական փոխանորդի կոչումէն։ Արամ Սրբազանի այս յայտարարութիւնը պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործած էր պոլսահայութեան մօտ եւ տեղի տուած էր վերստին ծաւալող բանավէճերու։ Այս մասին Տեղապահ Սրբազանը յայտարարեց որ Իսթանպուլ վերադարձին իսկոյն պիտի պահանջէ Աթէշեան Սրբազանի հրաժարականը։ «Հրաժարումը մամլոյ միջոցաւ պիտի յայտարարենք մեր հասարակութեան։ Թէեւ սա պահուն թուականները յստակացած չեն, բայց ես Պոլիս պիտի վերադառնամ 20 Յունիսին եւ իսկոյն պիտի ձեռնարկեմ շատ խտացեալ աշխատութեան։ Առաջին հերթին Կրօնական Ժողովը պիտի գումարուի եւ ապա պիտի այցելենք կուսակալութիւն, կայացած որոշումները փոխանցելու համար։ Ապա Կարգադիր Յանձնախումբը կազմելու համար եւս ժողով մը պիտի գումարեմ»։
Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան ալ իր կարգին յայտնեց թէ խիստ արդիւնաւէտ անցած են Էջմիածնի հանդիպումները եւ Տեղապահ Սրբազանի Իսթանպուլ վերադարձէն ետք թափ պիտի ստանայ ընտրութեան գործընթացը։ «Կրօնական Ժողովի նիստին կը սպասենք որ Արամ Սրբազան պաշտօնապէս հրաժարի փոխանորդի իր պաշտօնէն։ Հազիւ այդպէսով սկսած պիտի ըլլայ ընտրութեան գործընթացը։ Նշեմ որ Արամ Սրբազան այդ խորհուրդի որոշումով փոխանորդ ընտրուած էր եւ խորհուրդը հիմա իրաւասու է իր տուած կոչումը ետ առնելու։ Բայց չեմ կարծեր որ նման միջոցներու դիմելու կարիքը մնայ։ Յուսամ ամէն ինչ կը լուծուի համաձայնութեան ոգիով։ Ես կը կարծեմ թէ բոլոր այս գործերը իրենց աւարտին կը հասնին մէկ ամսուայ ընթացքին» ըսաւ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։