Անտունիներու յոյսն է Ուիլեամ Պոյաճեան

ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներ, Նիւ Եորքի մեթրոպոլիթէնն ալ բազմաթիւ փողոցային երաժիշտներու աշխատավայրն է։ Մեծ քաղաքի եռուզեռի թերեւս ամենահաճելի երեւոյթներէն մէկն է այդ պա­տահա­կան հան­դի­պուած երա­ժիշտնե­րու ըն­ծա­յած երաժշտու­թիւնը։ Սա­կայն եր­բեք բա­ցառուած չէ որ անոնցմէ ոմանք ու­նե­նան խիստ իւ­րա­յատուկ պատ­մութիւն մը։ Եւ ապա այդպի­սինե­րէն մէկն է Նիւ Եոր­քի մեթ­րօ կա­յան­նե­րուն մէջ նուագող հա­յազ­գի Ուի­լեամ Պո­յաճեանը։ Ան քա­ղաքի մէջ ծա­նօթ է իբ­րեւ ան­պաշտպան, անօ­թեւան մարդկանց հո­գատար հրեշ­տա­կը։ իր առա­քելու­թիւնը սկսաւ փո­ղոցը հան­դի­պած եւ դրամ մու­րա­ցող ան­ձե­րուն մէ­կական տո­լար տա­լու որո­շու­մով։ «Սկիզ­բը այդ մէկ տո­լար­նե­րը ին­ծի հա­մար յանձն առ­նե­լու կա­րողա­ցած գու­մարներ էին, բայց ապա շու­տով նկա­տեցի որ այդ որո­շու­մը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար ամէն օր քսա­կէս կը պակ­սի 15-20 տո­լար, մի գու­ցէ այս ալ շա­տերուն հա­մար դժուար հա­սանե­լի գու­մար մը չէ, բայց ես հետզհե­տէ կը դժուարա­նայի։ Միւս կող­մէ չէի ու­զեր որ­դեգրած որո­շու­մէս հրա­ժարիլ։ Սկսայ մտմտալ կա­րօտեալ­նե­րու օգ­նե­լու ու­րիշ եղա­նակ մը գտնե­լու մա­սին եւ ահա ձե­ւաւո­րուե­ցաւ այս աշ­խա­տան­քը»։ Այժմ Պո­յաճեան իր մեթ­րո­յի երաժշտու­թեան վաս­տա­կը կը փո­խան­ցէ կա­րիքա­ւոր­նե­րուն եւ աւե­լի կա­րեւո­րը յա­ջողած է այս առա­քելու­թեան մէջ իրեն զօ­րակ­ցողնե­րու բա­նակ մը գո­յաց­նել։

«Մարդկու­թիւնը մեր հա­սարա­կական յայ­տա­րարն է, որուն մի­ջոցաւ բո­լորս կրնանք իրա­րու հա­մար­ժէք դառ­նալ։ Վեր­ջա­պէս ես իմ հա­րեւան­նե­րուն, դռկից­նե­րուն է որ կ՚օգ­նեմ եւ կը փոր­ձեմ անոնց հո­գերը թե­թեւաց­նել։

Այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը ին­ծի հա­մար շատ աւե­լի յա­տուկ կը դառ­նայ տես­նե­լով որ բազ­մա­թիւ նիւ եորքցի­ներ նման աշ­խա­տու­թե­նէ մը խրա­խու­սուած եկած են ին­ծի զօ­րակ­ցե­լու եւ քա­ղաքի փո­ղոց­նե­րուն մէջ կը փնտռեն կա­րիքա­ւոր­ներ, որ­պէսզի ան­մի­ջակա­նօրէն հաս­նինք իրենց։ Մա­նաւանդ այս աշ­խա­տու­թիւնը դուրս եկաւ իմ ան­հա­տական նա­խաձեռ­նութիւ­նը ըլ­լա­լէ եւ ստա­ցաւ աւե­լի մաս­նակցու­թիւն ու­նե­ցող խմբա­յին աշ­խա­տու­թեան մը։ Սա կը նշա­նակէ որ յա­ջողած ենք։ Մար­դիկ ան­տարբեր չեն մնա­ցած, ճիշդ մտա­ծուած նա­խաձեռ­նութեան մը հան­դէպ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ