Հայերէնի ուսուցման խոհեր

Զրոյց հայերէնի վաստակաւոր ուսուցիչ եւ դասագիրքերու հեղինակ Յակոբ Չոլաքեանի հետ։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Բագրատ Էսդուգեան- Պարոն Յակոբ Չո­լաքեան եթէ հա­մաձայն էք զրոյ­ցի սկսինք շատ ընդհա­նուր նիւ­թով մը հա­յախօ­սու­թեան եւ հա­­յերէ­­նի ու­­սուցման ընդհա­­նուր խնդիր­­նե­­­րուն շուրջ։ Յատ­­կա­­­պէս սփիւռքի սահ­­մա­­­նու­­մով։

Յա­­կոբ Չո­­լաքեան- Հա­­յախօ­­սու­­թիւնը եւ հա­­յերէ­­նի ու­­սուցու­­մը մեր սփիւռքեան պատ­­մութեան սկզբնա­­կան շրջան­­նե­­­րուն ու­­նէր այն խնդիր­­նե­­­րը, որոնք այ­­սօր ու­­նինք մենք։ Այ­­լա­­­խօսու­­թիւնը տա­­րածուած էր մեր մէջ յատ­­կա­­­պէս մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քին մէջ։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ այդտեղ ապաս­­­տա­­­­­­­նած հա­­­յերուն մեծ մա­­­սը թրքա­­­խօս էր, քրտա­­­խօս էր, արա­­­բախօս հա­­­տուած մըն ալ կար։ Ի պա­­­տիւ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րուն 30-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն հա­­­յախօ­­­սու­­­թիւնը դար­­­ձաւ գլխա­­­ւոր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Քրտա­­­խօսու­­­թիւնը, թրքա­­­խօսու­­­թիւնը նա­­­հան­­­ջեց, դրուեցաւ տու­­­նե­­­­­­­րէն դուրս։ Պէյ­­­րութ որ գա­­­ցի խա­­­նութնե­­­րուն ցու­­­ցա­­­­­­­տախ­­­տակնե­­­րուն վրայ գրուած կ՚ըլ­­­լար «թրքե­­­րէն խօ­­­սողին հա­­­յերէն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ»։ Ու­­­րեմն 40-ական թուական­­­նե­­­­­­­րէն վերջ հա­­­յախօ­­­սու­­­թիւնը տա­­­րածուած երե­­­ւոյթ էր Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի մէջ։ Մենք բազ­­­մա­­­­­­­թիւ յու­­­զիչ պատ­­­մութիւններ գի­­­տենք մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րէն, երբ հո­­­գաբար­­­ձուն մէկ բառ հա­­­յերէն չէր գի­­­տեր եւ կու գար կը հսկէր հա­­­յախօ­­­սու­­­թեան։ Բայց ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին սփիւռքի պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ հետզհե­­­տէ ծա­­­ւալե­­­ցաւ այ­­­լա­­­­­­­խօսու­­­թիւնը։ Կա­­­յին այնպի­­­սի գա­­­ղութներ որոնք զրկուած էին ամե­­­նօրեայ դպրո­­­ցի հնա­­­րաւո­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն եւ այդտեղ իշ­­­խող եղաւ օտա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը։ Այստեղ կ՚ու­­­զեմ բա­­­ցառել Մե­­­րտին­­­ցի հա­­­յերը, որոնք ի սկզբա­­­նէ արա­­­բախօս էին եւ չենք յա­­­ջողած անոնք հա­­­յախօս դարձնել։

Ամե­­­րիկա­­­յի մէջ ես գա­­­ցեր եմ դպրոց­­­ներ, ուր զբօ­­­սան­­­քի պա­­­հուն բո­­­լոր աշա­­­կերտնե­­­րը անգլիախօս են։ Նոյն է Գա­­­նատան, նոյնն է Միացեալ Նա­­­հանգնե­­­րը։ Քու­­­վէյթի գա­­­ղու­­­թը որ ամե­­­նօրեայ դպրոց ու­­­նի մէկ հատ իսկ արա­­­բախօս չես գտներ։ Իսկ էմի­­­րատ­­­նե­­­­­­­րու մէջ հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­ներ, որոնց առա­­­ւելա­­­գոյն մէկ սե­­­րունդ առա­­­ջը գաղ­­­թեր է Լի­­­բանա­­­նէն ամ­­­բողջո­­­վին արա­­­բախօս դար­­­ձած են։ Մէկ բառ իսկ հա­­­յերէն չեն խօ­­­սիր։ Մեր ամե­­­նօրեայ դպրո­­­ցը հիմ­­­նա­­­­­­­կան կռուանն է հա­­­յախօ­­­սու­­­թեան, բայց չենք կրնար ըսել որ ան ամե­­­նու­­­րէք յա­­­ջողած է իր առա­­­քելու­­­թեան մէջ։ Ես կը կար­­­ծեմ որ այդ յա­­­ջողու­­­թիւնը հնա­­­րաւոր է, քա­­­նի որ ու­­­նինք 20-ական տա­­­րեթի­­­ւերու յա­­­ջողու­­­թեան փոր­­­ձը։ Այդ ատեն շատ աւե­­­լի ող­­­բերգա­­­կան էին պայ­­­մաննե­­­րը, բայց մենք յա­­­ջողած էինք աղ­­­քա­­­­­­­տիկ գա­­­ղութնե­­­րուն մէջ յաղ­­­թա­­­­­­­հարել այդ հսկայ գոր­­­ծը։ Այ­­­սօր կը կար­­­ծեմ թէ շունչի պա­­­կաս կայ։ Նշա­­­նակու­­­թիւն չի տրուիր հա­­­յերէ­­­նանա­­­խօսու­­­թեան, եթէ այդ նշա­­­նակու­­­թիւնը տրուի ես կը կար­­­ծեմ որ արեւ­­­մուտքի մէջ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի յա­­­ջողին ան­­­պայման հա­­­յախօ­­­սու­­­թիւնը մեր սե­­­րունդնե­­­րու ամե­­­նօրեայ լե­­­զուն դարձնել։ Գա­­­լով Պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան կրնամ ըսել որ Պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թիւնը միատարր գա­­­ղութ մը չէ։ Հոս լուրջ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի հարց կայ։ Ես կը կար­­­ծեմ որ լոկ դպրո­­­ցական մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով այս խնդիր­­­նե­­­­­­­րը չեն կրնար լու­­­ծուիր։ Ինչպէս որ չեն լու­­­ծուած 20-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն հա­­­յախօ­­­սու­­­թիւնը ամ­­­բողջու­­­թեամբ գլուխ հա­­­նուած խնդիր մըն է։ Այ­­­սինքն ծնող­­­նե­­­­­­­րը հայ­­­րը, մայ­­­րը ամէն­­­քով լծուած են այս խնդի­­­րը յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լու։ Ես կը կա­­­րեւո­­­րեմ ար­­­տա­­­­­­­դասա­­­րանա­­­յին աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը եւս։ Մենք կը կա­­­րօտինք բո­­­լորին հա­­­մատեղ ջան­­­քե­­­­­­­րուն։ Եթէ ազ­­­գո­­­­­­­վին լծուինք այս աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին, հա­­­զիւ այն ատեն է որ յա­­­ջողու­­­թեան կը հաս­­­նինք։ Հա­­­յերէ­­­նախօ­­­սու­­­թե­­­­­­­նէ աւե­­­լի մեծ խնդիր չեմ տես­­­ներ մեր իրո­­­ղու­­­թեան մէջ։

Բ.Է.- Կար­­­ծեմ թէ խնդրի անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը ըն­­­դունուած է ամ­­­բողջ հա­­­յաշ­­­խարհի կող­­­մէ, որուն ապա­­­ցոյցնե­­­րէն մէկն է ձեր ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը Պոլ­­­սոյ մէջ։ Ու­­­րեմն Ու­­­սուցչաց Հիմ­­­նարկի կար­­­գադրու­­­թիւնով եկած էք Պո­­­լիս, ձեր փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւննե­­­րը կի­­­սելու տեղ­­­ւոյն դպրո­­­ցական շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն հետ։ Տա­­­կաւին կա­­­րելի է յի­­­շել Կիւլպեն­­­կեան Հիմ­­­նադրա­­­մի մեկ­­­նարկած աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը այս նոյն ծի­­­րէն ներս, Վե­­­նետի­­­կի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ Հայր Լե­­­ւոն Գե­­­րապայ­­­ծառ Զէ­­­քիեանի կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած դա­­­սըն­­­թացքնե­­­րը եւ այլ օրի­­­նակ­­­ներ։ Այս բո­­­լորը ի՞նչ նպաստներ պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նան մեր այժմու ճգնա­­­ժամի յաղ­­­թա­­­­­­­հար­­­ման մէջ։

Յ.Չ.- Միշտ գնա­­­հատած եմ մեր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու այս ուղղու­­­թեամբ տա­­­րած աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը։ Եկե­­­ղեցա­­­կան, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րական մեր բո­­­լոր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւն ու­­­նին։ Այս խնդի­­­րը մեր բո­­­լորին հիմ­­­նա­­­­­­­կան գրա­­­ւականն է։ Մենք բո­­­լորս ոչինչ կ՚ար­­­ժենք եթէ կորսնցնենք մեր մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուն։ Եթէ լե­­­զուա­­­կան կա­­­պը խզուի Պոլ­­­սոյ գա­­­ղու­­­թը ոչինչ կ՚ըսէ Սու­­­րիոյ գա­­­ղու­­­թին, մեր մի­­­ջեւ կա­­­պը կը խզուի։ Բայց ես կը կար­­­ծեմ թէ մեր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը ոչ միայն լծա­­­կից դառ­­­նան այս խնդիր­­­նե­­­­­­­րուն, այլ ժո­­­ղովուրդը ոգե­­­ւորեն։ Ժո­­­ղովուրդը մաս­­­նա­­­­­­­կից դարձնեն կա­­­տարուած աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն։ Եթէ ժո­­­ղովուրդը ան­­­մասն մնայ այս աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քէն ար­­­դիւնքը քիչ կ՚ըլ­­­լայ։ Եթէ 20-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն այդ թրքա­­­խօս, քրտա­­­խօս հա­­­յու­­­թեան մէջ չծա­­­գէր այս գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը, հա­­­յերէ­­­նախօ­­­սու­­­թեան պա­­­հան­­­ջը մենք ոչինչ պի­­­տի կրնա­­­յինք ընել։ Այդ ծնողքնե­­­րը նման դժուար պայ­­­մաննե­­­րու մէջ այս դժուար գոր­­­ծը յաղ­­­թա­­­­­­­հարած էին։

Շատ կա­­­րեւոր է ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րու վե­­­րապատ­­­րաստու­­­թիւնը։ Ինչպէս մաս­­­նա­­­­­­­գէտ­­­ներ պար­­­տա­­­­­­­ւոր են իրենց գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը ընդմիշտ թար­­­մացնե­­­լու, նոյնպէս ու­­­սուցիչ­­­ներն ալ կա­­­րիքը ու­­­նին նման աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան իրենց իմա­­­ցու­­­թիւնը հարստաց­­­նե­­­­­­­լու առու­­­մով։ Եթէ արա­­­բերէն դա­­­սը հա­­­ճելի կ՚անցնի աշա­­­կեր­­­տին հա­­­մար, պէտք է հա­­­ճելի դարձնել նաեւ հա­­­յերէ­­­նի դա­­­սապա­­­հը։ Որուն հա­­­մար կը պար­­­տինք ու­­­սուցման եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը յա­­­րատե­­­ւօրէն բա­­­րեկար­­­գե­­­­­­­լու։ Ես գի­­­տեմ թէ ու­­­սուցչու­­­թիւնը նախ եւ առաջ կո­­­չում է, բայց այդ կո­­­չու­­­մը կը պտղա­­­ւորուի մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թեամբ։ Եթէ այդ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան պա­­­շարը բա­­­ցակա­­­յի շու­­­տով կը սպա­­­ռի ու­­­սուցի­­­չի ու­­­սուցո­­­ղական կա­­­րողու­­­թիւնը։ Նման ձեռ­­­նարկնե­­­րը քով քո­­­վի կը բե­­­րեն ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րը եւ անոնք իրա­­­րու կը փո­­­խան­­­ցեն իրենց ձեռք բե­­­րած փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւննե­­­րը։

Բ.Է.-Շատ կա­­­րեւոր ակ­­­նարկու­­­թիւն մըն էր այս, քա­­­նի որ մեր ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րը յու­­­զող կա­­­րեւոր խնդիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն ալ ան­­­պի­­­­­­­տանի նիւթ մը դա­­­սաւան­­­դած ըլ­­­լա­­­­­­­լու հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւնն է, որ կը ծա­­­գի ծնող­­­նե­­­­­­­րէն եւ փո­­­խան­­­ցուի աշա­­­կերտնե­­­րուն ալ։

Յ.Չ.- Ես կ՚ըն­­­դունիմ որ ամէն տեղ կա­­­րելի է հան­­­դի­­­­­­­պիլ այս խնդրին։ Բո­­­լոր գա­­­ղութնե­­­րու մէջ, բայց ինչպէս ըսի, ես հա­­­մոզուած եմ որ հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցու­­­մը կա­­­րելի չէ վե­­­րագ­­­րել միայն հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցի­­­չի ու­­­սուցման կա­­­րողու­­­թեամբ։ Ու­­­սուցի­­­չը պար­­­տի իր ձեռ­­­քին ու­­­նե­­­­­­­նալ ու­­­սուցման մի­­­ջոց­­­ներ, որոնք պատ­­­րաստո­­­ղը ինք չէ եւ չի կրնար ալ ըլ­­­լալ։ Բա­­­ցի դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րէն, երկրոր­­­դա­­­­­­­կան մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը ար­­­դեօ՞ք յա­­­ջողած ենք մեր ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րուն տրա­­­մադ­­­րե­­­­­­­լու։ Գի­­­տեմ թէ այս մա­­­սին ինչ տե­­­սակ դժուարու­­­թիւններ կրնան գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նալ։ Բայց ար­­­դեօ՞ք ամ­­­բողջո­­­վին ան­­­յաղթա­­­հարե­­­լի դժուարու­­­թիւններ են այդ բո­­­լորը։ Արա­­­բական բո­­­լոր եր­­­կիրնե­­­րը եր­­­կու տա­­­րին ան­­­գամ մը կը փո­­­խէ իր դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րը։ Աւե­­­լի մատ­­­չե­­­­­­­լի կը դարձնէ։ Կը թար­­­մացնէ։ Իսկ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծուի 50 տա­­­րուայ ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­ցող գիր­­­քեր։ Այդ դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րով ու­­­սուցի­­­չը ինչպէ՞ս տի­­­րէ, ինչպէ՞ս մեր կող­­­մը քա­­­շէ աշա­­­կեր­­­տին ու­­­շադրու­­­թիւնը։ Ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժա­­­­­­­կան ու­­­սումը, ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժի պատ­­­րաստու­­­թիւնը ան­­­շուշտ կա­­­րեւոր է։ Ես գի­­­տեմ որ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րը ու­­­նին դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րը նո­­­րոգե­­­լու մա­­­սին շատ լուրջ դժուարու­­­թիւններ։ Այդ դժուարու­­­թիւննե­­­րը կրնայ բխիլ երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րէն, նիւ­­­թա­­­­­­­կան դժուարու­­­թիւննե­­­րէն եւ մաս­­­նա­­­­­­­գէտի բա­­­ցակա­­­յու­­­թե­­­­­­­նէն։ Բան մը կա­­­րելի է հաս­­­տա­­­­­­­տել նիւ­­­թա­­­­­­­կան պայ­­­մաններ, բայց սփիւռքի բո­­­լոր հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րը իրենց պայ­­­մաննե­­­րուն հա­­­մապա­­­տաս­­­խան դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րու կա­­­րիքը ու­­­նին։ Լրջա­­­գոյն հմտու­­­թեամբ հայ­­­րե­­­­­­­նագէտ­­­ներ, շատ լաւ պատ­­­րաստուած ման­­­կա­­­­­­­վարժներ ու­­­նինք։ Ես կը նկա­­­տեմ որ պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թիւնը դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րու շատ լուրջ տագ­­­նապ մը ու­­­նի, բայց կը զար­­­մա­­­­­­­նամ ինչպէ՞ս կա­­­րելի չըլ­­­լար իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը հա­­­մոզել նոր դա­­­սագիր­­­քե­­­­­­­րու հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան հա­­­մար։ Մեր երկրի պայ­­­մաննե­­­րէն թե­­­լադ­­­րուած, մեր երկրի կրթա­­­կան հա­­­մակար­­­գին զու­­­գա­­­­­­­հեռ դա­­­սագիր­­­քեր, որոնք ոչ քա­­­րոզ­­­չութիւն կը մի­­­տին, ոչ ալ երկրի ընդհա­­­նուր ըն­­­թացքին հա­­­կասող մի բան։ Ու­­­րեմն ին­­­չո՞ւ մեր աշա­­­կերտնե­­­րը չօգ­­­տուին այն նոյն առի­­­թէն, որ տրուած է երկրի աշա­­­կեր­­­տութեան։ Ես կը կար­­­ծեմ որ այս բնոյ­­­թի դժուարու­­­թիւննե­­­րը կը լու­­­ծուին, եթէ որոշ հե­­­տեւո­­­ղակա­­­նու­­­թիւն մը ըլ­­­լայ։ Ան­­­շուշտ դար­­­ձեալ անդրա­­­դառ­­­նամ որ սփիւռքի պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ միայն մէկ հա­­­յերէն կայ եւ միայն մէկ հա­­­յերէ­­­նի ու­­­սուցման խնդիր։ Բայց բո­­­լոր գա­­­ղութնե­­­րը ու­­­նին իրենց առան­­­ձին յատ­­­կութիւննե­­­րը, որու հե­­­տեւան­­­քով իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը պար­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալ իր դա­­­սագիր­­­քը, իր պայ­­­մաննե­­­րով նա­­խատե­­սուած ուսման մի­­ջոց­­նե­­­րը։ Անոնց կող­­քին ան­­շուշտ ես կը հասկնամ, բո­­լոր այն մի­­ջոց­­նե­­­րը, որոնք կը նպաս­­տեն հա­­յերէ­­նի ու­­սուցման։ Դժբախ­­տա­­­բար սփիւ­­ռը այս գետ­­նի վրայ քիչ մը ետ մնա­­ցած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ