Առասպելական Արտոս լեռն ու Շահպաղի Կարմիր Աւետարանը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Արտոս լեռը Հայկական Լեռնաշխարհը հիւսիսէն հարաւ հա­տող Վաս­պուրա­կանի լեռ­նե­րէն է։ Այն Հայ­կա­կան Տաւ­րոս լեռ­նաշղթա­յի գա­գաթ­նե­րէն մինն է, բազ­մած է Վա­նայ լճից քիչ հա­րաւ եւ դէ­պի եր­կինք վեր կը խո­յանայ շուրջ 3554 մեթր։

Կ՚ըսեն թէ Տաւ­րո­սի եր­կու եղ­ջիւրնե­րէն մինն է Ար­տո­սը, միւ­սը՝ Առ­նոսն է՝ Տաւ­րո­սի երկրորդ լեռ­նա­գագա­թը, ին­քը Տաւ­րո­սը՝ հսկայ վի­շապ է, որ շատ փա­ռաւոր մար­տեր ու­նե­ցած է Զագ­րոշ վի­շապի հետ։

Նաեւ կ՚ըսեն թէ երբ Նոյ նա­հապե­տի տա­պանը կը հաս­նի Ար­տոս լե­րան, նա­հապե­տը կ՚ար­տա­սուի, ուստի լե­ռը Ար­տոս կ՚անուանուի։ Բայց երբ Շա­տախի լե­րան կը հաս­նի, Նո­յը կ՚ըսէ թէ «Առ Նոյս», ուստի այս մի լեռն ալ Առ­նոս կը կո­չուի։

Ար­տո­սի հիւ­սի­սային լան­ջին կից սրա­ձեւ քա­րաժայռ մը կը բարձրա­նայ, որի վրայ ամ­րո­ցի հետ­քեր կը նշմա­րուին, ժո­ղովուրդը Բերդ կ՚ըսէր անոր։ Իսկ լե­րան գա­գաթին՝ Ոս­տա­նի մօտ, գե­րեզ­ման մը կայ։ Կը հա­ւատան թէ այնտեղ Սի­մէոն ճգնա­ւորը կը հանգչի, այն Սի­մէոնը, ում խորհրդով Վարդ Պատ­րի­կը 7-րդ դա­րում շուրջ 40 եկե­ղեցի կա­ռու­ցած է։ Աղ­թա­մար կղզու Ս. Ստե­փանո­սը որ­պէս այդ եկե­ղեցի­ներէն մի­նը կը յի­շուի։

Ար­տո­սի լան­ջե­րին կը գտնուի նաեւ Չա­րահան Ս. Նշան Վան­քը, ուր մատ­րան մը մէջ ամ­փո­փուած էին Եղի­շէ մա­տենագ­րի նուիրա­կան նշխար­նե­րը։ Աւան­դութեան հա­մաձայն՝ Եղի­շէն Ար­տոս լե­րան վրայ ճգնե­լիս կը վախ­ճա­նուի, եւ հո­վիւ­նե­րը անոր մար­մի­նը լե­րան լան­ջին կը թա­ղեն, իսկ գլու­խը կը տա­նեն Մոքս՝ Ս. Զօ­րավան­քում կ՚ամ­փո­փեն։

Այս կող­մե­րում Շահ­պաղ գիւղ մը կայ՝ ներ­կա­յիս Պե­յիւ­զիւմիւ։ Գիւ­ղը յայտնի էր իր խա­ղողի այ­գի­ներով ու ըն­տիր գի­նիով։ Խրի­մեան Հայ­րիկ գիւ­ղի անու­նը այսպէս կը բա­ցատ­րէր. ժա­մանա­կին պար­սից շա­հը Վա­նը գրա­ւելու մի­տու­մով ներ­խուժած է այս գիւ­ղը։ 7 տա­րի տե­ւած անար­դիւնք փոր­ձե­րէն ետ­քը հրա­ժարուած է իր մտադ­րութե­նէն եւ տե­ղան­քը լքած է, մինչ դեռ գիւ­ղի անու­նը Շահ­պաղ՝ «Շա­հի պար­տէզ», դար­ձուցած է։

Օրէն մի­նը շահ­պա­ղեցի աղ­ջիկ մը երազ կը տես­նէ։ Երա­զում կարմրազ­գեստ կին մը, կարմրա­խայտ ձիու վրայ նստած եւ շի­կակար­միր կրա­կէ ճի­պոտը ձեռ­քին կը մօ­տենայ աղջկան եւ մատ­նա­ցոյց կ՚ընէ Ար­տոս լե­րան ստո­րոտը, ուր, կ՚ըսէ, աւե­տարան մը կայ պա­հուած։

Կար­միր հու­րին կը պա­տուի­րէ աղջկան հա­նել աւե­տարա­նը եւ սերնդէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լով՝ պա­հել այն իրենց տա­նը։

Աղջկայ եղ­բայրը կու գայ Ար­տո­սի ստո­րոտին աւե­տարա­նը որո­նելու։ Հոն աւե­րակ տուն մը կը գտնէ, տան ան­կիւնում՝ կար­միր աքա­ղաղ մը, որ մին-մե­նակ, առանց հա­ւերու, բարձրա­ձայն կան­չե­լով քճուճ կ՚ընէր։

Աղջկայ եղ­բայրը այս բա­նը Աս­տուածա­յին նա­խան­շան հա­մարե­լով՝ կը փո­րի աքա­ղաղի քճուճ ըրած տե­ղը։ Կար­միր պու­տուկի մէջ կար­միր շուղփա­ներով փա­թաթուած մա­գաղա­թեայ աւե­տարան մը կը գտնէ։

Աւե­տարա­նը կը բե­րէ ու իրենց տա­նը կար­միր արկղի մը մէջ կը զե­տեղէ եւ աւե­տարա­նի դէ­մը ձի­թէ կան­թեղ մը կը վա­ռէ։ Այդ օրէն ի վեր նրանց տու­նը ուխտա­տեղի կը դառ­նայ՝ զօ­րաւոր Կար­միր Աւե­տարա­նի ուխտա­տեղին։

Ժա­մանակ անց Վա­նի առաջ­նորդը Աւե­տարա­նը կը տե­ղափո­խէ Վա­նի Ս. Նշան եկե­ղեցին։ Բայց այս բա­նը Շահ­պա­ղի բնա­կիչ­նե­րը չեն հաւ­նած։ Նրանց բո­ղոք­նե­րու պատ­ճա­ռով Կար­միր Աւե­տարա­նը նո­րէն կը տե­ղափո­խուի իրենց գիւ­ղը, սա­կայն այս ան­գամ գիւ­ղի եկե­ղեցու մէ­ջը կը դրուի՝ եկամ­տէն մաս մը հա­նելով Աւե­տարա­նը գտած տա­նը։

1915-ին Շահ­պա­ղի հա­յերը մաս­նակցել են Վա­նի ինքնա­պաշտպա­նական կռիւ­նե­րին, ետ­քը՝ ստի­պուած գաղ­թել են դէ­պի Արե­ւելեան Հա­յաս­տան, սա­կայն մեծ մա­սը ճամ­բին զո­հուել է…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ