Մուսուլի մէջ յիշողութիւններս վերապրեցայ

Համաշխարհային համբաւ վայելող լուսանկարիչ մըն է Անթուան Ակուճեան։ Ան վերջերս մասնակցեցաւ ՏԱԻՇ-ի գրաւման տակ գտնուող Մուսուլի ազատագրման կռիւներուն՝ իբրեւ լուսանկարիչ։ «Ակօս»ի վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեան այս խիստ կարեւոր աշխատութեան վերադարձին հարցազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ, որ ստորեւ կը ներկայացնենք Ակուճեանի Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ լոյս տեսնող լուսանկարներու ընկերակցութեամբ։

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

arabianberge@hotmail.com

Ան թափառաշրջիկ մըն էր։ Յիշողութեան մը արձագանգներուն հետեւելով ճամբայ կը որոնէր անապատի լաբիւրինթոսին մէջ։ Մեծ համբերութեամբ ճամբորդեց բազմահազար քիլօմեթր։ Անցեալի մէջ մորացուած բառերը վերակենդանացնելու համար անձայն վանկերը իրարու շաղկապեց գիշերուայ մութին մէջ։ Լռութեան մատնուած բառերը վերակազմելու համար վանկ առ վանկ նոր սերտողութիւններ կատարեց։ Ճգնաւոր վանականի մը նման հայեացքը սեւեռեց հեռուներուն եւ նոր սերտած բառերը շաղկապելով, նոր պատմութիւն մը գոյացուց։ Ահա այդ բոլորով է որ ձեւ առաւ տեսլական բանաստեղծութիւն մը։

Անթուան Ակուճեան համարեա երեսուն տարիներ կը շրջի Միջին Արեւելքի մէջ եւ ի մի կը բերէ մինչեւ 1915 թուականին հասնող յիշատակներու փշրանքները։

Պերճ Արապեան- Կ՚ուզեմ նախ հարցնել ի՞նչ տեսակ դրդում մը ձեզ առաջնորդեց դէպի Մուսուլ։

Անթուան Ակուճեան- Անցեալին մէջ շատ անգամ պատահած է որ ես ինքզինքս գտնեմ պատերազմի դաշտե­րուն վրայ։ 1990-ին Ղա­րաբաղ էի։ Ճամ­բորդե­ցի Ըրաք, Թուրքիա եւ Հա­յաս­տան։ Բայց եր­բեք չեմ գո­հացած իմ ձեռքբե­րած լու­սանկար­նե­րէն։ Բախ­ման գծի վրայ ալ յայտնուիք միշտ ճա­կատի ետին գո­յու­թիւն մըն է այդ եւ հե­տեւա­բար ճա­կատի ետե­ւէն դի­տար­կում մը։ Մինչդեռ իրո­ղու­թիւնը քայլ մը աւե­լի առ­ջեւն էր եւ միայն որոշ վտանգնե­րը յանձն առ­նե­լով կա­րելի էր դպչիլ անոր։ Պա­տերազ­մը մարդս ան­դա­մալոյծ ընե­լու կա­րող ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նի։ Ահա այդ ազ­դե­ցու­թիւնը ապ­րե­լու մի­տու­մով ճա­կատ մեկ­նե­ցայ։

Պ.Ա.- Ձեր լու­սանկար­նե­րը մարդկա­յին ապ­րումնե­րու ար­տա­ցոլումներն են։ Պա­տերազ­մի իրո­ղու­թիւնը ինչպէ՞ս տեղ կը գտնէ ձեր գոր­ծե­րուն մէջ։

Ա.Ա.- Կար­ծես իմ լու­սանկար­նե­րը կէս կա­տար մնա­ցած յու­շարձան մը, կամ որ­մանկար մը վե­րակեր­տե­լու առա­քելու­թիւնը ու­նե­նան։ 30 տա­րիէ ի վեր լու­սանկար­չութեան մի­ջոցաւ, իբ­րեւ ժա­ռանգ ին­ծի փո­խան­ցուած յի­շողու­թիւնը վե­րակազ­մե­լու կ՚աշ­խա­տիմ։ Վեր­ջա­պէս պա­տերազ­մը իբ­րեւ նիւթ, կամ աւե­լի տե­ղին ար­տա­յայ­տութիւ­նով մը պա­տերազ­մի հե­տեւանքնե­րը, զան­գուածա­յին գաղ­թե­րու տե­ղի տուած աւե­րը, դի­մադ­րութիւ­նը աւե­լի լայ­նա­տարած ամ­բողջի մը մաս­նիկներն են կար­ծես։

Պ.Ա.-Վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րուն Մու­սուլը մարդկա­յին ող­բերգու­թեան մը բե­մը դար­ձած է։ Դուք ինչպէ՞ս կը դի­տէք եյս ող­բերգու­թիւնը։

Ա.Ա.- Ես հի­մա վե­րածուած եմ այս դժբախտ պատ­մութիւ­նը սե­փական մոր­թի վրայ զգա­ցող մար­դու մը կեր­պա­րին։ Հի­մա այ­լեւս ոչ թէ գե­ղարուես­տի, այլ ուղղա­կի պա­տերազ­մի մա­սին ըն­կա­լում մը ու­նիմ։

Պ.Ա.-Ճա­կատի վրայ ան­ցած մէկ ամի­սը ի՞նչ տե­սակ դժուարու­թիւններ ու­նե­ցաւ։

Ա.Ա.- Ամ­բողջ ամ­սուայ մը տե­ւողու­թեամբ ճա­կատն էի եւ վեր­ջին շա­բաթը ճի­հատիստնե­րը իրենց դիր­քե­րէն դուրս հա­նելու հա­մար մարտնչող գու­մարտա­կի մը ըն­կե­րակ­ցե­ցայ։ Նման փոր­ձա­ռու­թիւննե­րու մէջ շուրջին­նե­րու հետ կազ­մուած զօ­րակ­ցութիւ­նը կը դիւ­րացնէ ձեր մատ­նուած հո­գեբանա­կան փոր­ձը յաղ­թա­հարե­լու։ Ամէն օր ձեր շուրջ կը տես­նէք զո­հուած­ներ կամ վի­րաւո­րեալ­ներ։ Նման փորձ մը ապ­րե­լէն վերջ անվնաս տուն դառ­նա­լը գրե­թէ ան­կա­րելի է։

Պ.Ա.- Ճա­կատի վրայ ի՞նչն էր ամե­նացնցի­չը։

Ա.Ա.- Պատ­մութիւ­նը տի­յալեկ­տիկ է։ Դժբախ­տա­բար մարդկա­յին պատ­մութեան ան­կիւնա­դար­ձե­րը հա­մարուող ող­բերգու­թիւննե­րը եր­բեք ու­սուցո­ղական չեն։ Ին­ծի հա­մար ցնցիչ էր զի­նուոր­նե­րու ման­կա­կանու­թիւնը։ Յար­ձա­կումնե­րու ըն­թացքին կա­տարեալ ոճ­րա­գործներ եղող զի­նուոր­նե­րը բա­խու­մի աւար­տին իս­կոյն կը վե­րադառ­նա­յին այդ պա­տանիի հո­գեբա­նու­թեան։

Պ.Ա.-Մու­սուլի պա­տերազ­մին ակա­նատես լու­սանկա­րիչ մը ըլ­լա­լով դուք ձեզ պատ­մութեան վկան կը հա­մարէ՞ք։

Ա.Ա.- Ան­շուշտ որ այսպի­սի մեծ դէպ­քի մը ակա­նատես ըլ­լա­լով մարդկու­թեան պատ­մութեան մաս­նի­կը կը դառ­նաք։ Բայց ես իմ հաշ­ւոյն ար­դէն շատ ող­բերգա­կան պատ­մութեան մը ժա­ռան­գորդն եմ եւ կար­ծես նախ­նի­ներուս կող­մէ պատ­մուած­նե­րը կրկին ապ­րե­ցայ։ Մու­սուլի մէջ տե­սած­ներս ին­ծի օտար բա­ներ չէին։ Կար­ծես հա­յոց ող­բերգու­թեան մա­սին ժա­պաւէն մը կը դի­տէի։ Կո­տորած­ներ, վե­րապ­րողներ, քաօս, թշուառու­թիւն, մու­րացկան­ներ, զան­գուածա­յին գաղ­թեր, զան­գուածա­յին դա­տապար­տեալ­ներ, դի­մադ­րութիւն, օգ­նութիւն, ծի­ծաղ, ար­ցունք…։ Լու­սանկա­րիչ­նե­րը ինչպէս բո­լոր թղթա­կից­նե­րը պա­տերազ­մին վե­րացա­կան ըն­կա­լու­մը կը ցո­լաց­նեն։ Այս ցո­լացու­մը նախ­քան տե­սախ­ցի­կի ար­ձա­նագ­րութիւ­նը կամ թուղթի վրայ շա­րադ­րութիւ­նը, կա­պուած է իրենց սե­փական աշ­խարհա­հայեաց­քին։ Մու­սուլի մէջ բազ­մա­թիւ թղթա­կից­նե­րու հետ ծա­նօթա­ցայ, եւ անոնցմէ շատ քի­չերը միայն այն տպա­ւորու­թիւնը թո­ղու­ցին, որ կը բաժ­նեն ըրաք­ցի­ներու տա­ռապան­քը։ Անոնք մի­նակ իրենց գոր­ծա­տէրե­րուն պա­տուի­րած լու­րե­րը աւար­տե­լու կ՚աշ­խա­տէին։ Գա­նելակ քա­րոզ­չա­մեքե­նայի մը աշ­խա­տան­քի դրու­թիւնն է այս։

Պ.Ա.- Այս վեր­ջին աշ­խա­տու­թիւնը ի՞նչ իւ­րա­յատ­կութիւն ու­նի ձեր 30 տա­րուայ վաս­տա­կին մէջ։

Ա.Ա.- Թէեւ առա­ջին ան­գամ մի­ջազ­գա­յին այսքան մեծ բա­խու­մի մը մէջ եմ, բայց կը խոր­հիմ որ այս հանգրուանն ալ տա­րինե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կած աշ­խա­տու­թեանս մէկ մաս­նիկն է։ Ան­ցեալին ալ գտնուած էի բա­խու­մի վայ­րե­րուն մէջ։ Ղա­րաբա­ղեան պա­տերազ­մի զա­նազան ճա­կատ­նե­րուն վրայ կեան­քի մտա­հոգու­թիւն ապ­րե­ցայ։ 2003-ին, երբ Ըրաք կը գտնուէի բազ­մա­թիւ լրագ­րողներ առե­ւան­գուած էին։ Մի­ջին Արե­ւել­քի զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ աշ­խա­տեցայ։ 2004-ին Պարսկաս­տան էի, 2000-2001-ին Սու­րիա։ Բա­ցի այդ հայ յի­շողու­թեան մա­սին նա­խագ­ծին սկիզբն ալ 1996-ին Թուրքիան էր։ Նշեմ որ Սու­լէյման Տէ­միրե­լի եւ Թան­սու Չիլ­լե­րի իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րը երկրի պատ­մութեան ամե­նամութ շրջա­նը ըլ­լա­լով կը յի­շուի։ Մօտ ան­ցեալին յայտնա­բերուած հա­ւաքա­կան գե­րեզ­մաննե­րը այս շրջա­նի ապա­ցոյ­ցերն են։ Ու­րեմն իմ Մու­սուլեան օրերն ալ 30 տա­րի առաջ սկսած գոր­ծիս մե­րօրեայ շա­րու­նա­կու­թիւնն է։

Պ.Ա.-Ի՞նչ յի­շողու­թեամբ սկսաք այս ճամ­բորդու­թեան։

Ա.Ա.- Մու­սուլի փոր­ձա­ռու­թիւններս, եր­բեք օտար չէին իմ յի­շողու­թեան։ Ընդմիշտ ապ­րած եմ Ֆրան­սա, Ալ­ֆոր­վիլի մէջ։ Հա­յաշատ վայր մըն է այդ, ուր կապ­րին ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ վե­րապ­րածնե­րը։ Ու­րեմն ես այդ յի­շողու­թեան փո­խան­ցուած վեր­ջին սե­րունդին կը պատ­կա­նիմ։ Վեր­ջին ապ­րածներս պատ­մութեան այդ էջին հետ երե­ւակա­յական կապ մը հաս­տա­տեցին։

Պ.Ա.-Պա­տերազ­մը ինչ ար­դիւնքով ալ աւար­տի աւեր կը պատ­ճա­ռէ, բայց երբ խնդրին նա­յինք մարդկա­յին ող­բերգու­թեան առու­մով, պա­տերազ­մը եր­բեմն ալ առ­կայ ող­բերգու­թիւնը նուազեց­նող ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի։ Այս ճամ­բորդու­թե­նէն ետք ինչպէ՞ս կը շա­րու­նա­կէք յոյս ու­նե­նալու։

Ա.Ա.- Յոյ­սը կը գո­յատե­ւէ բա­րիի յաղ­թա­նակի եւ չա­րի պար­տութեան հա­ւատ­քով։ ՏԱԻՇ Ըրա­քի մէջ վեր­ջին ժա­մերն է որ կ՚ապ­րի, ապա կար­գը պի­տի գայ Սու­րիոյ։ Մարդկու­թիւնը պատ­մութեան ըն­թացքին են­թարկուած է ահա­բեկ­չա­կան արարքնե­րու։ Բայց վերջ ի վեր­ջոյ ինչպէս բո­լոր բռնա­կալու­թիւններ այս շար­ժումն ալ մաս­նա­հատուելով պի­տի ոչնչա­նայ։ Կա­ռավա­րու­թիւննե­րը աղ­քա­տու­թեան եւ տգի­տու­թեան դէմ պայ­քա­րելու են, որով­հե­տեւ այս եր­կուքը, թէ ամ­բո­խավար զան­գուածա­յին շար­ժումնե­րուն եւ թէ քա­ղաքա­կան կամ կրօ­նական աղանդնե­րուն սնա­նած ակն են։

Պ.Ա.- Ապա հի­մա ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Ձեր աշխատութեան կի­զակէ­տը հան­դի­սացող յի­շողու­թիւնը ապա­գային ալ պի­տի ձե­ւաւո­րէ՞ ձեր ծրա­գիր­նե­րը։

Ա.Ա.- Յի­շողու­թիւնը ինքնու­թեան խոր­քե­րուն է։ Ես իմ խոր­քե­րէս յայտնա­բերել կ՚աշ­խա­տիմ զայն։ Այս վեր­ջին ան­հա­տական ճամ­բորդու­թեան մի­ջոցաւ լոյս աշ­խարհ եկան «Ֆլա­մառիոն» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն իմ վեր­ջին գիր­քը «Լռու­թեան Աղա­ղակը» եւ եր­կու լու­սանկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէսներ։ 2011-ին «Անա­տոլու Քիւլթիւ­ր» մի­ջոցաւ Իս­թանպուլ Տէ­փոյի մէջ կա­յացաւ հա­յոց յի­շողու­թեան ձօ­նուած իմ առա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Այդ ցու­ցա­հան­դէ­սէն ետք յի­շողու­թե­նէն պատ­մութեան անցնե­լու խորհրդա­նիշ իբ­րեւ որո­շեցի սեւ ու սպի­տակ նկար­նե­րուն տեղ գու­նա­ւոր­նե­րը նա­խընտրել։ Աւե­լի ետք 2015-ի Ապ­րի­լին Տի­յար­պէ­քիր «Քէ­չի Պուրճու» կո­չուած տա­րած­քի վրայ իմ երկրորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սին կ՚ըն­կե­րակ­ցէր նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան Տիգ­րա­նակեր­տի դրուագ­նե­րը պատ­մող 30 րո­պէանոց ժա­պաւէն մը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած էր եր­կու քաջ քա­ղաքա­պետ­նե­րու՝ այժմ բան­տարկու­թեան դա­տապար­տուած Կիւլթան Քը­շանա­քի եւ Ֆը­րաթ Ան­լը­յի ջան­քե­րով։ Այ­սօր, երբ իմ յի­շողու­թեան եւ կան­քի մի­ջեւ կապ մը կը կազ­մեմ ներ­կայ ան­ցուդար­ձերն ալ այդ յի­շողու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թեան մէջ կը մտնան։ Արուես­տա­գէտի մը ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը մարդկու­թեան յի­շողու­թեան իւ­րա­յատուկ վկա­յու­թիւններն են։

Պ.Ա.- Իբ­րեւ վեր­ջա­բան ի՞նչ աւելցնել կ՚ու­զէք։

Ա.Ա.-Մարդկու­թեան պատ­մութեան մէջ դա­րերը իրա­րու կը յա­ջոր­դեն, բայց իրա­րու կրկնու­թիւննե­րը չեն։ Պատ­մութիւ­նը եր­բեմն մարդկանց արիու­թեան եւ տես­լա­կանի շնոր­հիւ այն տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղու որ կ՚ըն­դա­նայ մարդկու­թեան օգ­տին, բայց եր­բեմն ալ այն տպա­ւորու­թիւնը կը յայտնուի թէ կը նա­հան­ջենք։ Կը սի­րեմ Լուսյուս Ան­նօ Սե­նէքա­յի «կեան­քը ոչ թէ փո­թորի­կի անցնի­լը սպա­սել է, այլ անձրե­ւը տակ պա­րելը սոր­վիլ» խօս­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ