ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ
naregseferian.com
Ներքոյ կը գտնուի հետազօտութեան խմբագրուած ամփոփագիր մը։ Ամբողջական նիւթը (Անգլերէնով) HYPERLINK «http։//ipc.sabanciuniv.edu/kind/1reports/» http։//ipc.sabanciuniv.edu/kind/1reports/ էջին վրայ է։ Հետազօտութիւնը իրականացուած է Եւրոպական Միութեան կողմէն կազմակերպուած «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին» ծրագիրին շրջանակներուն մէջ՝ Հրանդ Տինք Հիմնարկին կողմէն ստեղծուած Հայաստան-Թուրքիա Փորձի Փոխանակման Նախագիծին աջակցութեամբ։
Թուրքերու եւ հայերու միջեւ յարաբերութիւններուն բնորոշ բանավէճերը եւ լարուածութիւնները յաճախ համապատասխան չեն գտնուիր միջազգային յարաբերութիւններու գիտական տեսութիւններուն։ Խնդիր կայ ստոյգ դերակատարներ մատնանշելուն մէջ՝ պետութիւններ, սփիւռքներ, համայնքային եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, կրօնական մարմիններ, անհատներ, աւելի լայն տարածաշրջանային կամ համաշխարհային խաղցողներ եւ միտումներ։ Երկրորդհարց մը խնդրոյ առարկային մատնանշումն է՝ բարոյական կամ կրօնական սկզբունքներ, էական նիւթական շահեր, իրաւական հարցեր, տնտեսական հաշուարկներ։ Խնդրին բարդութիւնը վերլուծութեան որեւէ մէկ մօտեցման համար մարտահրաւէր է, բայց միաժամանակ ան հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ բազմակողմանի տեսակէտերէ իմաստալից եզրակացութիւններու հասնելու։
Այս հետազօտութիւնը պատումը (Անգլ. «narrative», Թրք. «anlatı») կը գործածէ որպէս աղբիւր եւ մօտեցում։ Թուրք-հայկական յարաբերութիւններու պարագային չկան առկայ անմիջական ապահովական խնդիրներ կամ երկու պետութիւններուն միջեւ բռնի արարքներու սպասումներ։ 1915-ի հանրային յիշողութիւնն է Թուրքիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ, եւ աշխարհով մէկ, որ ամենախորը ազդեցութիւնը կ՚ունենայ միջանձնական, միջհամայնքային, եւ միջպետական յարաբերութիւններու վրայ։ Եթէ տեւական հաշտութիւն պիտի ըլլայ, պատումի հարթակէն պիտի սկսի։
Այս հետազօտութեան մէջ «պատում» կը սահմանուի հետեւեալ կերպ. «Հանրութեան մէջ պատմական իրադարձութիւններ եւ պատճառահետեւանքային կապեր բացատրող եւ մեկնաբանող ներկայիս տեսակէտեր եւ գնահատականներ, որոնք կը բացատրեն եւ կ՚արդարացնեն ներկայ իրականութիւններ՝ միաժամանակ կերտելով սպասումներ ապագային համար»։ Պաշտօնական աղբիւրներ եւ քաղաքական, դիւանագիտական, եւ կաճառական տասնհինգ դէմքերու հետ հարցազրոյցներ գործածուած են թրքական եւ հայկական իշխող պատումները հնարաւորինս համակարգուած ձեւով ներկայացնելու համար։
Պատումներուն համեմատութեան մէկ եզրակացութիւնը այն է, որ երկուքը ազգայնականութեան շրջանակներու կը պատկանին եւ իրար մօտիկէն կ՚արտացոլեն։ Երկուքին համար ալ ազգային ինքնութիւնը մեծ արժէք ունի եւ երկուքը կը ջանան կերտել կամ ուժեղացնել պետականութիւնը որպէս այդ ինքնութեան բարձրագոյն արտայայտութիւն։ Երկուքն ալ իրենք իրենց կը նկատեն որպէս զոհեր եւ վերապրածներ այդ ամբողջ ընթացքէն անցած՝ մասնաւորապէս խաբուած ըլլալով արեւմտեան աշխարհէն։ Պատմութեան բացատրող այս նման ոսպնեակները կրնան գործածուիլ որպէս հիմք՝ երկու ժողովուրդներուն իրար տեսակէտերը աւելի լաւ հասկնալու ջանքերուն մէջ։
Երկու պատումները նաեւ շատ չեն խօսիր պալքանեան եւ կովկասեան մահմետականներու փորձառութեան մասին, որոնք հայերու եւ այլոց 1915-ի ճամբով անցան։ Հանրային յիշողութեան մէջ այդ զոհերուն աւելի տեղ տալը եւս կրնայ ձեւ մը ըլլալ, որպէս զի երկու ժողովուրդները իրար կարեկից ըլլան –թէեւ Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Սէրպիոյ, Ռուսիոյ, եւ ուրիշներու հետ յարաբերութիւններուն աւրելու եւ հայկական փորձառութեան նօսրացնելու հնարաւոր հետեւանքները թուրք եւ հայ ազգայնականներուն համար ցանկալի չպիտի ըլլային։
Թրքական պատումը կ՚անտեսէ կամ քիչ անդրադարձ կ՚ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ հսկայական հետազօտութիւններ եւ նշանակալից իրադարձութիւններ, ինչպէս 1894-1896-ի եւ 1909-ի ջարդերը։ Հայկական պատումը կը շրջանցէ Առաջին Աշխարհամարտէն առաջ ահաբեկչական եւ այլ զինուած խումբերը եւ անոր ետին բռնի արարքներ Կովկասին մէջ, Կիլիկիա, եւ ուրիշ վայրեր, ինչպէս նաեւ աւելի վերջերս տեղի ունեցած բռնութիւնները 1970-ականներու եւ 80-ականներուն։
Եթէ ընդհանուր պատումի հասնին թուրք եւ հայ ժողովուրդները, այս հետազօտութիւնը քանի մը առանցքային տարրեր կ՚առաջարկէ. խաղաղ ազգայնականութիւն, արտաքին՝ մանաւանդ արեւմտեան ուժերու բացակայութիւն, «ցեղասպանութիւն» բառին շուրջ աւելի պակաս կեդրոնացում, աւելի անդրադարձ Պալքաններու եւ Կովկասի մահմեդականներուն եւ օսմանեան ոչ-հայ փոքրամասնութիւններուն, որոշ անհատներու եւ դէպքերու վերագնահատում, իմաստալից հանրային ոգեկոչումներ ապագային։ Մէկ հնարաւոր իրավիճակ կրնայ ըլլալ, որ թրքական եւ հայկական կողմերը կը պահպանեն իրարամերժ պատումներ, բայց միառժամանակ լայնօրէն տեղեակ կ՚ըլլան միւսին տեսակէտերուն՝ բաւարար չափով, որ առ նուազն գործնական, բարիդրացիական յարաբերութիւններ կարելի ըլլան հիմնուիլ եւ յառաջ մղուիլ։
Ի վերջոյ, թրքական եւ հայկական ընդհանուր հանրային յիշողութիւնը պէտք է համապարփակ ըլլայ եւ նրբութիւններու տեղ տայ։ Սա դժուար պահանջ է, քան զի պարագան ինքնին բարդ է եւ պատումներ առ հասարակ պարզունակ կ՚ըլլան։ Թէեւ երկու պատումներուն մէջ ալ կարելի է նկատել փոփոխութիւններ վերջին տարիներուն– օրինակ, Թուրքիոյ մէջ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը աւելի քիչ արգիլուած է եւ հայկական շեշտադրումը զոհողութեան վրայ պակաս է՝ փոխարինուելով արդարութեան եւ իրաւունքներու հանդէպ կոչերու – տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները ներկայիս չեն խրախուսեր համապարփակ եւ նուրբ հանրային յիշողութեան կերտումը՝ գործընթաց մը, որ յամենայն դէպս սերունդներ տեւող ջանք պիտի ըլլայ։