Աթէշեան՝ «պաշտօնապէս չեմ հրաժարած»

6Յու­նիս Երեք­շաբթի օր Հա­յաս­տա­նի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Եկե­ղեցա­կան Ներ­կա­յացուցչա­կան Ժո­ղով, որուն կը մաս­նակցին Իս­թանպու­լի Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի եպիս­կո­պոս­ներ, Հայր Զա­քէոս Ծ. Վար­դա­պետ Օհա­նեան եւ որ­պէս աշ­խարհա­կան՝ Տիգ­րան Ալ­թուն եւ Թո­րոս Աբիկ։

Օրա­կար­գի նիւ­թե­րու ցան­կին մէջ էր Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդի­րը։

Նշենք որ ժո­ղովին կը մաս­նակցին աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէն ժա­մանած աւե­լի քան 150 ներ­կա­յացու­ցիչներ։ Այս առ­թիւ Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ. անդրա­դառ­նա­լով Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րուն իր աջակ­ցութիւ­նը յայտնեց տե­ղապահ սրբա­զանի հան­դէպ։

Ժո­ղովը առիթ դար­ձաւ որ Հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լը եր­կար ժա­մանակ վերջ իր հար­ցումնե­րը ուղղէ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռին վրայ իբ­րեւ նշա­նակուած փո­խանորդ պաշ­տօ­նավա­րող Արամ Արք. Աթէ­շեանին։ Ան­շուշտ որ Հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լի ուղղած հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելը դժուարու­թիւն մըն էր Աթէ­շեան Սրբա­զանին հա­մար։ Ան վեր­ջա­պէս այդ հար­ցումնե­րուն դի­մաց կորսնցուց իր հա­ւասա­րակշռու­թիւնը եւ մատ­նուեցաւ աւե­լի ետք իրեն հա­մար դժուարու­թիւն յա­րու­ցե­լիք պա­տաս­խաննե­րու։ Ար­դա­րեւ երբ թղթա­կիցը հարց կու տար թէ ի՞նչ է Պոլ­սոյ հա­յու­թեան մեր­ձե­ցու­մը իր հան­դէպ, Աթէ­շեան Սրբա­զան չկրցաւ զսպել իր բար­կութիւ­նը եւ թղթա­կիցին յայտնեց թէ, ոչ թէ Պոլ­սա­հայու­թիւնը այլ միայն ան­կիրթներն են որ դէմ են իրեն։ Ան դեռ «Ազա­տու­թիւն» լրա­տուա­միջո­ցին յայտնեց թէ պաշ­տօ­նապէս չէ հրա­ժարած իր աթո­ռէն, այլ պար­զա­պէս գոր­ծընթա­ցի խա­ղաղ լու­ծումը ապա­հովե­լու մի­տու­մով ըն­թացք տուած է Պատ­րիար­քա­րանի ղե­կը փո­խան­ցե­լու։ Ան նաեւ աւել­ցուց թէ բնա­կանա­բար թեկ­նա­ծու է պատ­րիար­քա­կան աթո­ռին հա­մար եւ ներ­կայ դրու­թեամբ ոչ ոք կրնայ կան­խա­տեսել կա­տարուելիք ընտրու­թեան ար­դիւնքը։

Արամ Արք. Աթէշեանի այս խօսքերը բնականաբար դժգոհութեան ալիք մը առաջացուցած է Պոլսահայութեան մէջ, որ իր բողոքը կը յայտնէ իսկոյն ստեղծելով «անկիրթ եմ ու հպարտ» կարգախօսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ