Անբիծ ուղիի յիսնամեայ հանգրուանը

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը եկեղեցական եւ աշխարհիկ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Գատըգիւղի Սուրբ Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ։ Այս յատուկ միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սեւ Ծովեայ Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մօտ մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Հռոմի Պապ Փրանկիսկոսի ներկայացուցիչ Մոնսէնյոր Աքաթինօ, Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պեռնար Սարըպայ, Իսթանպուլի Քաղաքապետարանէ ներս փոքրամասնութիւններու խորհրդատու Նատիա Թաշէլ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Ստեղծուած տրամադրութիւնը բաւական ոգեւորիչ էր, որուն իր քարոզին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ մեծառեալ Գերապայծառը։ Քարոզի աւարտին ընթերցուեցաւ նաեւ Պապի շնորհաւորական նամակը։ Այս առթիւ մենք ալ սիրով կ՚արձագանգենք Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Չուլճիեանի շնորհաւորական գրութիւնը ուղղուած Գերապայծառ Զէքիեանին։

«Սիրեցեալ եղբայր,

Ընդունէք մեր եղբայրական ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարի մաղթանքները ձեր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանի առթիւ։

Թէպէտեւ սոյն շնորհաւորանքի սեղմ շրջանակներում անհնար է մեզ՝ ներկայացնել տասնամեակների ձեր նուիրեալ ու ծաւալուն գործունէութիւնը, բայց եւայնպէս, անհուն ուրախութեամբ եւ հոգու բերկրանքով, մեր գնահատանքն ու անկեղծ սրտի խօսքն ենք բերում ձեր յոբելեանի առթիւ։

Հայ կաթողիկէ եկեղեցու եւ հայ հոգեւոր ու ազգային մշակոյթի անդաստանից ներս, մենք մշտապէս հիացմունքով ականջալուր եւ ականատես եղանք ձեր ծառայասէր ու քրիստոսանուէր ընթացքին։

Ձեր հոգեւոր առաքելութեան բեղմնաւոր տասնամեակների ընթացքում դուք մեծ ոգեւորութեամբ եւ անմնացորդ սիրով անգնահատելի ու անանց արժէքներ ստեղծեցիք Տիրոջ փառքի համար։ Հոգեւոր, կրթամշակութային, հասարակական գործունէութեամբ անաղարտ ու անսասան պահեցիք ձեզ վստահուած հօտը. այդ են վկայում հաւատացեալ ժողովրդի սէրն ու յարգանքը՝ հանդէպ ձեր հոգեւոր անձը։ Ձեր տարիների վաստակն ու արժանիքների գնահատումը վստահաբար պատմութեանն ու սերունդներին է վերապահուած։

Սիրելի Սրբազան եղբայր, մաղթում ենք ձեզ քաջառողջութիւն եւ աննկուն կամք, որպէսզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Եկեղեցու անդաստանում Կոստանդնուպոլսոյ պատմական համայնքից ներս ձեր աստուածահաճոյ ծառայութիւնը յետայսու եւս նորանոր արգասաբերութեամբ արդիւնաւորուի եւ զարդարուի։

Աղօթում ենք, որ Տէրն Ամենակալ օրհնի եւ պահպանի ձեզ եւ շնորհի երկար ու արեւշատ օրեր՝ ծառայելու Քրիստոսասէր հօտին՝ ի փառս եւ ի բարօրութիւն Հայաստանեայց եկեղեցու»։

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ